ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր հանդիպումներ պիտի ունենաք, հետեւանքը պիտի ըլլայ նոր եւ լաւ բարեկամութեան ստեղծում: Օրը ունի նորութիւններ գործի վերաբերեալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքը պէտք եղած չափով պիտի չարժեւորուի: Այս պարագային կարեւորութիւն մի՛ տաք, որովհետեւ թիւրիմացութեան մը պատճառով է այդ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այնքան սպասուած ճամբորդութիւն մը պիտի իրագործուի այս օրերուն: Կրնաք ինքնավստահութեամբ հետեւիլ օրուան հաճելի փոփոխութիւններուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր փոփոխութիւն մը հաւանական է ձեր կեանքին մէջ: Հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի անակնկալներ չունենաք ժխտական իմաստով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ներկայ պիտի ըլլաք տեղ մը առանձին, բայց ուրիշներ նոյն տեղը չէք կրնար գտնել: Ձեր ներկայութիւնը արժեւորեցէք ձեր տաղանդով, գործով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ յոգնած ըլլաք որոշ աշխատանքի մը պատճառով, ձեզի օգնող ձեռքեր պիտի ունենաք: Մի՛ մտահոգուիք, ամէն հարց պիտի կարգադրուի ձեր ուզածին պէս:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր հարազատներուն եւ ձեզի մօտիկ անձերուն սէրը պիտի վայելէք: Պիտի կարենաք օրուան հարցերը կարգադրել դիւրութեամբ: Մի՛ մտահոգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ չափազանց յոգնած էք, դադար մը առէք: Եթէ պէտք եղածէն աւելի պարտաւորութիւններ ստանձնած էք, նուազեցուցէք անոնցմէ մէկ քանին: Հեռու կեցէք չափազանցութիւններէ: Մնացէք բնական մթնոլորտով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք եւ զաւակներ ունիք, անոնց պարագային մասին լաւ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարէք: Ձեր վերաբերումը պիտի արդիւնաւորուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ունեցած կարողութենէն աւելի կը ծախսէք: Ասիկա կը նշանակէ անհաշիւ ծախսել, որ կը վնասէ ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր երկինքը ամպ չկայ, կրնաք ընել ձեր ուզածը: Պաշտպանեցէք ձեր ծրագիրները, որպէսզի հասնիք ուղղակի նպատակին: Օրը արդիւնաւէտ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Քիչ մը տրամաբանութեամբ կրնաք անդրադառնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնաք գտնել պատասխանը ձեր որոնումին կամ ձեզ հետաքրքրող հարցին: Խոհեմ եղէք, մի՛ աճապարէք:
