Մեր Քաղաքը
Հինգ Հանրային Պարտէզներ Մէկ Տարիէն
Պիտի Գեղեցկացնեն Պէյրութը
Արուեստական Լիճեր, Արեւադարձային Ծառեր,
Լուսաւոր Աղբիւրներ Ու Շատրուաններ
Պէյրութցիք տարիներով երազած են հանրային պարտէզներ ունենալու մասին: Խնամուած ու դալարագեղ պարտէզներ, ուր երեխաներ կարենան խաղալ, եւ ուր չափահաս մը, ձանձրացած իր տասնչորս պատերը տեսնելէ, մանաւանդ` ամառ կէսօրէ ետք, հնարաւորութիւնը ունենայ թարմ օդ շնչելու` նկարչագեղ ծառերու շուքին տակ:
Այս երազը ի վերջոյ պիտի իրագործուի: Մօտ մէկ տարիէն Պէյրութ պիտի ունենայ ոչ թէ մէկ, այլ հինգ հանրային պարտէզներ` առանց հաշուելու Արհեստից վարժարանի հանրային պարտէզը: Ո՞ւր պիտի շինուին այդ պարտէզները եւ ինչպէ՞ս պիտի յարդարուին:
Պէյրութի քաղաքապետութեան պարտիզամշակութային սպասարկութեան ճարտարապետ Ժոզեֆ Թապեթ այս մասին տուաւ հետեւեալ տեղեկութիւնները.
«Ծրագիրը ուսումնասիրութեան մէջ էր ատենէ մը ի վեր,- յայտարարեց Թապեթ: – Նախատեսուած պարտէզներու շինութեան ծրագիրները աւարտած են եւ մայրաքաղաքին քաղաքապետը, նախագահն ու քաղաքապետական խորհուրդին անդամները սրտանց կը փափաքին կարճագոյն ժամանակի ընթացքին զանոնք իրագործուած տեսնել:
«Այս պարտէզները պիտի շինուին այնպիսի վայրերու մէջ, որ կարողանան ծառայել քաղաքի բոլոր շրջաններուն, յատկապէս` գերբնակուած վայրերու մէջ»:
Արուեստական Լիճեր, Գեղջկական Կամուրջներ
Ու Թռչուններու Եւ Կապիկներու Վանդակներ
Այս պարտէզներուն ամէնէն կարեւորը պիտի ըլլայ Շոճիներու անտառին պարտէզը, որ եռանկիւնաձեւ պիտի շինուի եւ 100.000 քառ. մեթր տարածութիւն պիտի ունենայ:
Այս պարտէզին համար, նախատեսուած է շինութիւնը արդիական լիճերու, որոնցմէ ոմանց վրայէն պիտի նետուին գեղջկական կամուրջներ, պիտի կառուցուին լուսաւոր աղբիւրներ, ծառուղիներ, լայնարձակ մարմանդներ. բոլորը` շրջապատուած արեւադարձային եւ միջերկրականեան ծառերով, որոնց ընտրութիւնը մասնաւոր ուսումնասիրութեան մը ենթարկուած է:
Ջուրի ցանցին համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 4200 մեթր խողովակ, 3 շտեմարան, 40 ծորակ եւ երկու աղբիւր:
Պիտի զետեղուին 46 լապտերներ եւ 3 հազար մեթր ստորերկրեայ թելեր:
Բացի այդ, պարտէզը պիտի ունենայ թռչուններու վանդակ մը եւ կապիկներու վանդակ մը, 125 քառ. մեթր տարածութեան մը վրայ:
Կանաչ Ծառուղիներ, Լուսաւոր Աղբիւրներ,
Առկախ Կրպակ
Մուսայթպէի պարտէզը, Հաուտ Վիլայէթ փողոց, 40 հազար քառ. մեթր տարածութիւն պիտի ունենայ: Այս պարտէզը պիտի յղացուի սանդխամատերու դրութեամբ, որոնք իրարու պիտի միացուին հաճելի աստիճաններով: Բացի ծառուղիներէն, նախատեսուած են լուսաւոր աղբիւրներ եւ պտտողներու համար` նստարաններ:
Էշրեֆիէի պարտէզը, Սիուֆիի մէջ (Պէյրութի գետին նայող բլրալանջին վրայ) պիտի ունենայ 30 հազար քառ. մեթր տարածութիւն: Բացի սովորական յարդարումներէն` ճաշարան մը նախատեսուած է այս պարտէզին մէջ:
Քարանթինայի պարտէզը, աւելի համեստ, մօտաւորապէս 3000 մեթր տարածութիւն պիտի ունենայ եւ` 56 մեթր տրամագիծ ունեցող աւազան մը, լուսաւորուած` լոյսի խաղերով եւ «Լիտօ» կոչուած ցայտաղբիւրներով, որ պիտի գեղեցկացնէ ընդարձակ մարմանդի մը կեդրոնը:
Քարանթինայի պարտէզին մէջ պիտի շինուի առկախ կրպակ մը, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ դիտել ծովը եւ լեռը:
Հնադարեան Տաճար Եւ Հռոմէական Պարտէզ
Վերջապէս, հինգերորդը Ռըմէյլի պարտէզն է, Յիսուսեան հայրերու նախկին տան տեղը:
Այս պարտէզը, թէեւ` իր տարածութեամբ համեստ, միւսներէն պիտի զանազանուի իր ոճով եւ յղացումով:
Արդարեւ, նոյն վայրին վրայ երեւան հանուած հռոմէական շրջանի տաճար մը պիտի վերանորոգուի ու հաստատուի պարտէզին ետեւի կողմը:
Տաճարին առջեւ պիտի շինուի քառանկիւն աւազան մը` 7 շատրուաններով: Այս պարտէզը հռոմէական ոճ պիտի ունենայ:
Բոլոր այս պարտէզներուն շինութիւնը պիտի աւարտի 1964-ի վերջը կամ 1965-ի սկիզբը:
