Այլազան

50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1963)

Թուրք Թերթեր Հայերու Մասին Մուսթաֆա Քեմալ Ինչեր Ըսած Էր Գերման Կուսակալին  Սուլթան Համիտ Եւ Միհրան Էֆենտի  Վերջերս թրքական թերթեր շատ կը զբաղին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններով, մանաւանդ` հայերով: Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թերթին մէջ Հ. Տենիզ ատենէ մը ի վեր գրի կ՛առնէ Մուսթաֆա Քեմալի մասին անտիպ յուշեր: Թերթի վերջին թիւին մէջ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ: Գիշեր մը օսմանեան գահաժառանգ Վահիտէտտին եւ Մուսթաֆա Քեմալ Ալզասի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ըսէք այն, ինչ որ ունիք ձեր սրտին մէջ: Մի՛ վախնաք դժուարութիւններէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամութիւն մը պիտի զօրանայ: Եղբայրական յարաբերութիւն պիտի ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Վստահութիւն ունիք ձեր գործին: Յարատեւ ուշադիր եղէք ձեր շուրջիններուն: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Կապ պահեցէք ձեր ծանօթներուն հետ, մանաւանդ երբ ճամբորդած էք անոնց հետ: Օրը...

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1963)

Մեր Դպրոցները Լիբանանի մէջ առաքելական եկեղեցիի ենթակայ 25 նախակրթարաններ ունինք, 4 երկրորդական, առաւել` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ու Խանամիրեան երկրորդական վարժարանները, որոնք ի մօտոյ պիտի կառուցուին. իսկ հայ կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու պատկանող 9 երկրորդական եւ 12-է աւելի նախակրթարաններ գոյութիւն ունին, որոնք տարին հարիւրաւոր շրջանաւարտներ կու տան հայ ազգին: 50-էն աւելի այս վարժարանները կը յաճախեն 4000-5000 աշակերտներ, գրեթէ նոյն թիւով...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երազելու տարիք չկայ, նաեւ` նուազ լուրջ ըլլալու: Հետեւեցէք ձեր զգացումին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դժուար է անակնկալ հարցերը յաղթահարել: Եթէ կարենայիք նախատեսել, արդէն անոնք անակնալ չէին ըլլար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր առողջութիւնը պահելու համար մաքուր օդ շնչեցէք: Հանգստանալու ձեւերը շատ են, ընտրեցէք անոնցմէ մէկը: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Շատ արագ աշխատանքը...

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1963)

Խաչի Տօնը Լիբանանի Մէջ Փառաշուք Հանդիսութիւն Մուսա Լերան Հերոսամարտի 48-րդ Տարեդարձին Առիթով Խաչվերացի տօնը մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ: Շաբաթ երեկոյ, 14 սեպտեմբեր 1963, մինչեւ ուշ գիշեր բազմահարիւր ընտանիքներ խրախճանքի մէջ տօնեցին Ս. Խաչի անուանակոչութեան տարեդարձը: Կիրակի, 15 սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւ լուր մը պիտի ստանաք բարեկամէ մը, որ շուտով պիտի այցելէ ձեզի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մէջ կացութիւնը ի նպաստ ձեզի չէ: Զգուշաւոր կերպով հետեւեցէք անցուդարձերուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի ունենաք պատեհութիւնը` ձեր ճամբորդական յուշերը պատմելու հետաքրքիր անձերու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Լաւատեսութեամբ չէք մօտենար հարցերուն: Ասիկա լաւ ընտրանք մը...

Ո՞ւր Խօսուած Լեզուն Առաջին Անգամ Գրութեան Վերածուած Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Յայտնաբերուած է, թէ գրութիւնը ստեղծուած է կալուածներու եւ ապրանքներու նշումներ կատարելու եւ առեւտրական գործառնութիւններ արձանագրելու համար: Առնուազն, սկիզբի օրերէն մինչեւ այսօր գտնուած ամէնէն հին գրութիւններու վրայ այս հաշիւները գտնուած են: Անոնք յայտնաբերուած են Միջագետքի (Ներկայի Իրաք) հարաւը, Ուրուք կոչուած հին քաղաքի մը աւերակներուն մէջ: Այդ լեզուն կոչուած է սումերեան, եւ այդ գտնուած կտորները աւելի քան 5000...

50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական Հայեցի Կրթութիւն Հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի մեր կեանքին մէջ: Բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու այս խառնարանին մէջ, մեր բոլոր գաղութներէն ներս, հայ ժողովուրդի ապագան, իբրեւ ազգ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն, պայմանաւորուած է կրթական հարցին մեր տալիք լուծումով: Որքան ծնողները ունին պարտաւորութիւններ` հանդէպ իրենց զաւակներուն եւ ազգին, այնքան ալ պատասխանատու մարմինները պարտին մտածել ամէնէն գործնական միջոցներուն մասին` հայկական վարժարաններու կրթական մակարդակը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ոմանք կը կասկածին ձեր կարողութեան: Ականջ մի՛ տաք չար լեզուներու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ջանացէք խաղաղութիւնը գտնել ձեր մէջ: Կրնաք յառաջդիմել` հետեւելով ձեր ներքին ուժին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի հաստատէք ձեր տնտեսական անկախութիւնը: Ոչ ոքէ կախեալ էք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Կը վախնաք ուրբաթ 13 թիւէն, մինչդեռ ոչինչ կայ կասկածելու: ԱՌԻՒԾ...

Դպրոցական Վերամուտի Նախօրեակին. Դպրոցական Յաջողութեան Բանալիները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխաներու դասերուն եւ դպրոցական յաջողութիւններու հետ կապուած հարցերուն գծով կան երկու խումբի ծնողներ. անոնք, որոնք երեխան կը ձգեն իր վիճակին եւ կարողութիւններուն, որպէսզի փոքրիկը ինքնաբաւ դառնայ, եւ` երկրորդ խումբի մը պատկանողներ, որոնք «խեղդելու» աստիճան կը շրջապատեն փոքրիկը այն համոզումով, որ առանձին ձգուած փոքրիկը ձախողութեան մատնուած է: Բարեբախտաբար այս երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունին ծնողներ, որոնք միջին եզր...

50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1963)

Թախիծի Երեկոյ Պաղտատի Մէջ Նուիրուած Վահան Տէրեանի Յիշատակին  (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի գրական յանձնախումբը օգոստոս 28-ին տուաւ իր գրական եւ գեղարուեստական երեկոն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր թախիծի անմահ երգիչ Վահան Տէրեանին: Բացումը կատարեց բժշկուհի Ժանեթ Մուրատեան` բացման խօսքին հետ տալով նաեւ Տէրեանի կեանքը ամփոփ կերպով: Յետոյ սկսաւ յայտագրին գործադրութիւնը: Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասերէ: Առաջին մասին մէջ տրուեցան Տէրեանի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, անիկա չի խաբեր ձեզ` իրականութիւնը գտնելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Որպէսզի ձեր ծրագիրները ձեւաւորուին,  պէտք է հետապնդէք զանոնք: Հարկ է յարատեւել եւ կիսատ մի՛ ձգէք ձեր ջանքերը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Զոյգերու միջեւ անհասկացողութիւն պիտի ստեղծուի, երկուքէն ոչ մէկը պիտի զիջի: Ջանացէք համաձայնիլ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Աշխատանքի մէջ...

50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական Նշխար Հաղորդութեան (Ս. Զաւարեանի Մահուան 50-ամեակին Առթիւ) Այս տարի յիսնամեակն է ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներէն` Սիմոն Զաւարեանի, որ հոկտեմբերի ցուրտ օր մը, դասախօսութենէ մը դարձին, կ՛իյնար յանկարծ` խոր սուգի մատնելով համայն հայութիւնը: Սահմանադրութեան օրեր էին, բայց մօտալուտ վտանգը կը զգացուէր հորիզոնին վրայ, ուր սեւ ամպեր կը կուտակուէին` անորոշ ապագայի մը մտահոգութիւններով: Սիմոն Զաւարեան կ՛իյնար, տակաւին երիտասարդ, ամբողջ ժողովուրդի մը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր հետաքրքրութիւնը կը զարգանայ դէպի օտար մշակոյթ, որով կ՛առաջնորդուիք կատարելու ճամբորդութիւն մը: Կեդրոնացէք որոշ փափաքի մը վրայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ապագան կը ժպտի ձեզի: Բնաւ մի՛ վախնաք փոփոխութիւններէ: Օրը յաջող է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Համաձայնագրեր, ստորագրութիւններ եւ այլ գործառնութիւններ պիտի ընթանան յաջողութեամբ, առանց որեւէ խնդրի: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր...

50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1963)

Հայ Կեանք Դանիէլ Վարուժանի Ձեռագրերը Երեւանի մշակութային հիմնարկութեանց մէջ այցելուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Այս հիմնարկութիւնն էր, որ հայ թատրոնի 2000-ամեակին նուիրեց մնայուն ցուցահանդէս մը, հայ գրողներուն նուիրեց յիշատակի ցուցահանդէս մը: Թանգարանը դարձած է արդէն հայագիտական կեդրոն մը: Եթէ Մատենադարանին մէջ հաւաքուած են հայ հոգեւոր մշակոյթին գանձերը` ամենահին ժամանակներէն մինչեւ ԺԸ. դար, միւս կողմէ` թանգարանին մէջ հաւաքուած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր հաշիւները յստակացուցէք եւ ծախսերը հաւասարակշռեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Որոշում տուողը դուք էք: Հեռու կեցէք իրենց կարծիքը պարտադրողներէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դուք էք ձեր գործերը կատարողը. դէպի յառաջ, առանց չորս կողմ նայելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Վերամուտը մօտ է, ինչ որ կը մտահոգէ մանուկները: Օգնեցէք անոնց: ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1963)

Ներքին Կեանք 50 Տարուան Ոստում Յառաջդիմութեան Ճամբու Վրայ Ընկերային Ապահովութեան Ծրագիրը Մեծ Նպաստ Պիտի Բերէ Լիբանանի  Զահլէ Ինքնագործ Հեռաձայն Ունեցաւ Ընկերային ապահովութեան ծրագիրը, որուն մասին շահեկան տեղեկութիւններ տուած էինք մեր նախորդ թիւով, մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց քաղաքական շրջանակներու մէջ: Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել, որ այս ծրագրի գլխաւոր ջատագովներէն մէկն է, այս մասին հարցապնդուելով` յայտարարեց. «Հրամանագրուած ծրագիրը մեր երկրին մէջ երբեւիցէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւատես ըլլալու շատ պատճառներ ունիք: Աստղերը կը խոստանան փայլուն ապագայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի արտայայտէք ձեր վատ տրամադրութիւնը: Ձեր շուրջինները կը զգային այս երեւոյթը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրինակը տուէք հոն, ուր կը բացակայի կարգապահութիւնը: Պիտի զբաղիք դաստիարակութեամբ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր ունեցած պարզ բարեկամութիւնը պիտի վերածուի ջերմ սիրոյ: Անկեղծ...

Page 413 of 482 1 … 412 413 414 … 482