Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1963)

September 17, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Դպրոցները

Լիբանանի մէջ առաքելական եկեղեցիի ենթակայ 25 նախակրթարաններ ունինք, 4 երկրորդական, առաւել` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ու Խանամիրեան երկրորդական վարժարանները, որոնք ի մօտոյ պիտի կառուցուին. իսկ հայ կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու պատկանող 9 երկրորդական եւ 12-է աւելի նախակրթարաններ գոյութիւն ունին, որոնք տարին հարիւրաւոր շրջանաւարտներ կու տան հայ ազգին:

50-էն աւելի այս վարժարանները կը յաճախեն 4000-5000 աշակերտներ, գրեթէ նոյն թիւով հայ աշակերտներ ալ` օտար վարժարաններ:

Ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի փոքրիկ երկրի մը մէջ այսքան վարժարաններ ունենալը եւ կրկնակ ուրախութիւն` հայ աշակերտներու բանակ մը տեսնել, հայեցի ուսումի եւ կրթութեան հետամուտ:

Բայց այս անխառն ուրախութիւնը հրճուանք պիտի պատճառէր մեզի, եթէ հայ նախակրթարանները նախանձելի վիճակ ներկայացնէին ամէն մարզի մէջ: Եթէ կեդրոնական համադրող ուժի մը հակակշռին տակ յարատեւ կազմակերպումի ենթարկուէին, կրթական մակարդակի յարաճուն վերեքը ապահովելու եւ նիւթական կացութիւնը բարւոքելու նպատակով:

Յաճախ թերթերու սիւնակներէն, ազգային զանազան ցաւերու կարգին, կ՛արտայայտուինք նաեւ կրթական ցաւերու մասին` առանց հիմնական դարման մը գտնելու եւ ծրագրուած աշխատանքով թերիները սրբագրել ջանալու:

Հետզհետէ որակեալ, փորձառու եւ զոհաբերուող ուսուցիչներ կը հեռանան ուսուցչական ասպարէզէն:

Շատեր ցաւով կը հեռանան, չուզելով, բայց` պարտադրանքի տակ, որովհետեւ իրենց միակ բաղձանքն է ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարելով` ազգային կրթութիւն եւ ուսում ջամբել հայ աշակերտներուն:

Ուրիշներ քաջալերանք չեն գտներ անհաշտ մարմիններու խստութեան եւ վարձատրելու տեսակէտէ անտարբեր կեցուածքին պատճառով: Ահա նման տուեալներու ստիպողականութեան տակ կը հեռանան իրենց սիրելի ասպարէզէն` կա՛մ օտար վարժարաններու մէջ պաշտօնավարելու, կա՛մ ազատ ասպարէզի մէջ որոնելու համար իրենց բախտը:

Իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ հազիւ մատի վրայ համրուող որակեալ ուսուցիչ կարելի է գտնել, իսկ հեռացողները կը փոխարինուին անփորձ ուսուցիչներով կամ ուսուցչուհիներով, որոնցմէ քիչեր միայն ուսուցանելու կոչում ունին, իսկ շատեր ժամանակաւոր կերպով կը ստանձնեն այդ պաշտօնը` յարմար գործ մը գտնելու եւ միանգամընդմիշտ հեռանալու նպատակով:

Ինչո՞ւ կը հեռանան այս ուսուցիչները. պատասխանը շատ պարզ է. որովհետեւ գոհացում չեն գտներ հայ վարժարաններու մէջ, որովհետեւ ապրուստը ապահովելու չափ նիւթական վարձատրութեան չեն կրնար արժանանալ, որովհետեւ, վերջապէս, դպրոցներու հոգը իրենց վրայ առնող մարմինները գնահատել չեն գիտեր իրենց ուսուցիչները:

Դպրոցի պաշտօնէութիւնն է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու, բայց այդ դրամը կը զլացուի իրեն` ի պահ գրաւելու համար գանձին մէջ եւ յետոյ հպարտանալու, թէ շնորհիւ հոգաբարձու մարմնին ճիգերուն` դպրոցը ինքնաբաւ է եւ գանձանակին մէջ ալ ունի… որոշ գումար մը:

Ահա այս է պատկերը դժբախտաբար կարգ մը դպրոցներու մէջ: Կան անտարակոյս դպրոցներ ալ, որոնց հոգաբարձութիւնները ոգի ի բռին կը ձգտին տնօրէնութեան կողքին իրենց ալ խոշոր բաժինը բերել` պիւտճէն հաւասարակշռելու եւ իրենց ուսուցիչները բաւարար ռոճիկով վարձատրելու համար:

Այս դժբախտ երեւոյթն է, որ ընդհանրապէս կը խրտչեցնէ ուսուցիչները, որուն դարմանը կը գտնուի եւ լաւագոյն կերպով կը լուծուի կրթական կեդրոնական մարմնի մը կազմութեամբ, Ուսումնական խորհուրդի անմիջական հակակշռին ներքեւ:

Եթէ դպրոցներու համար նիւթական աղբիւրներ գտնելու աշխատանքին լծուին կրթական մարմինները եւ ուսուցչական կազմը լաւագոյն կերպով վարձատրեն եւ այս նուիրական ասպարէզը հրապուրիչ դարձնեն, վստահ ենք, որ ոչ ոք կը հեռանայ անկէ եւ հեռացողներէն շատեր ալ կը վերադառնան յօգուտ հայ վարժարաններու վերելքին եւ դիմագրաւելիք նորանոր նուաճումներուն, ուսումնական եւ կրթական հայեցակէտէ:

Վերջին այս մի քանի տարիներու ընթացքին, ազգային բոլոր նախակրթարաններն ալ իրար գերազանցելու նոր եւ զօրաւոր արշաւի մը սկսած են` կրթական ծրագրին մէջ լայն տեղ յատկացնելով տեղական լեզուին եւ այն տպաւորութիւնը ներշնչած են ընդհանրապէս, թէ այդ լեզուով վկայագիր չտուող կամ պետական քննութեանց մասնակցութիւն չբերող դպրոցները ցած մակարդակի դպրոցներ են. այդ վերաբերումը եւ անկէ բխող որեւէ յաջողութիւն, հրապարակով եւ բեմերու վրայ ինքնագովութեան եւ դպրոցի բրոբականտին միջոց ծառայեցնելու կը ձգտին` անուղղակի կերպով վարկաբեկելով ուրիշ ազգային վարժարաններ, որոնք վիճակի չեն տակաւին իրենց աշակերտներն ալ այդ երանելի՜ գիրքին հասցնելու:

Այս վերջին կարգադրութիւնը մեծապէս վնասած է ուրիշ նիւթերու բարւոք ուսուցման, որովհետեւ ծրագրի մեծագոյն մասը կը գրաւեն վկայագրի յատուկ դասերը:

Մինչ ուրիշ երկիրներու մէջ օտար լեզուներու պահը նուազեցնելու կը ձգտին` զանոնք փոխարինելու համար մայրենի լեզուի յատուկ դասերով, մենք հոս, ազատ երկրի մէջ ուր որեւէ սեղմում եւ պարտադրանք գոյութիւն չունի, ինքնակամօրէն կը ջանանք մեր ազգին կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող դասերը նուազեցնել:

Կը կարծենք, որ այս ընթացքը լաւ հետեւանքներ չի կրնար ունենալ ապագային: Այս մակընթացութեան առաջքն առնելու համար ազդու միջոցներ ձեռք պէտք է առնուին պատկան մարմիններու կողմէ, որպէսզի սկսուած արշաւը իր սաղմին մէջ խեղդուի:

Մեր անկեղծ փափաքն է հայ վարժարանները տեսնել իրենց արժանի բարձունքին վրայ, խնդրելով, որ ազգային վերին մարմիններն ալ իրենց բարձր հովանաւորութեամբ, աչալուրջ հսկողութեան եւ տեւական հակակշռի տակ առնեն դպրոցները` ուսումի եւ հայեցի կրթութեան կեդրոն դարձնելով զանոնք:

Ս. ՊԱԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պարգեւատրեց` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.