50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական. Մոսկուա-Փեքին Պայքարին Էութիւնը Պատմութիւնը կը հպատակի հրամայականներու, որոնք դարերով մնացած են անփոփոխ եւ հակառակ խաբուսիկ ու ժամանակաւոր երեւոյթներու` պարտադրած են իրենց ներկայութիւնը: Վերջին խօսքը պատկանած է իրենց: Այդ հրամայականներէն մէկն է ռուսական եւ չինական կայսրութիւններու անհաշտ նկարագիրը, որ այսօր վերստին կը յայտնուի` հակառակ գաղափարական միասնականութեան քողին, որ կը ծածկէ (կը ծածկէր դեռ տարի մը առաջ) Մոսկուայի ու Փեքինի մէջ...