Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Խմբական աշխատանք մը կատարելու պիտի հրաւիրուիք: Թերեւս ձեզի յանձնեն առաջնորդի պաշտօն: Ընդունեցէք` առանց տատամսելու: Պիտի կարենաք յաջողութեամբ կատարել այս պաշտօնը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դատական խնդիր մը լուծելու համար պիտի դիմեն ձեր վկայութեան: Կողմնակալ մի՛ ըլլաք, ըսէք ճշմարտութիւնը: Խղճով շարժեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ պաշտօնեայ էք կամ այլ կարգի աշխատանք կը կատարէք,...