Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1963)

October 1, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Ելլե՜նք Երթանք Մենք Եւս…

Ֆրանսացի լրագրող մը` Ռընէ Ալթապան, հետեւեալ տարօրինակ դէպքը կը պատմէ.

– Խաղաղական ովկիանոսի հեռաւոր մէկ կղզեակին վրայ կ՛ապրին հինգ հարիւրի չափ ճափոնցի զինուորներ, որոնք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հոն ղրկուած էին: Պատերազմի լրումէն ետք այդ զինուորները ապրած են աշխարհէն մեկուսացած, որովհետեւ երթեւեկի ճամբաներէն հեռու են մնացած եւ ենթադրած են, անշուշտ, թէ պատերազմը կը շարունակուի տակաւին…

Ընտելացած են բնութեան, հաշտուած են կիսավայրենի կեանքի մը հետ, եւ, վերջապէս, մերժած են վերադառնալ քաղաքակրթութեան:

Վերջերս պատուիրակութիւն մը ղրկուած է հոն, Ճափոնէն, համոզելու համար, որ կղզեբնակ Ռոպենսոնները մարդկութեան վերադառնան:

Այս բանակցութեանց առիթով հետեւեալ խօսակցութիւնները տեղի ունեցած են.

– Ինչո՞ւ չէք վերադառնար քաղաքակրթութեան գիրկը, հիմա` որ ա՛լ վերջ գտած է պատերազմը… մօտ քսան տարիէ ի վեր:

= Գոհ ենք անքաղաքակիրթ կեանքէն ու բնաւ պատճառ չենք տեսներ ստրկութեան վերադառնալու…

– Ստրկութի՞ւն ըսիք, սխալ չհասկցուիք:

= Շա՛տ ճիշդ հասկցած էք, նայեցէք, որ դո՛ւք չսխալիք: Ինչի՞ պիտի վերածէք մեզ, եթէ քաղաքակրթութեան վերադառնանք: Պաշտօնեայ, բանուոր կամ առեւտրական պիտի դառնանք, չէ՞: Ամէն առաւօտ գործի պիտի երթանք նո՛յն ժամուն, երեկոյեան պիտի վերադառնանք նոյն ժամուն: Յոգնած դադրած` պիտի ճաշենք: Յետոյ նոյնը` յաջորդ օրը… Կրկնութի՜ւն, կրկնութի՜ւն եւ ձանձրալի միօրինակութիւն…

– Բայց կը մոռնաք, որ տարին երկու շաբաթ արձակուրդ պիտի ունենաք, այդ օրերուն ազատօրէն պիտի թափառիք լեռները, սարերը, ծովերու վրայ թէ դաշտերու…

= Խելօքնե՛ր, մենք տարին տասներկու ամիս արձակուրդ ունինք: Կը թափառինք սարերն ու լեռները, բան մը կ՛որսանք, կ՛ուտենք: Գիշերը աստղերու տակ կը քնանանք եւ առաւօտուն սոխակի երգո՜վ կ՛արթննանք, ո՛չ թէ ձեզի նման գործարանի մը կամ ինքնաշարժի մը խռպոտ աղմուկէն, հասկցա՞ք:

– Բայց քաղաքակիրթ կեանք չունիք, իտէալներ չունինք…

= Սակայն ամէնքս ալ հանգիստ գլուխով կ՛ապրինք եւ իտէալներու մասին մտածելու պահանջ չենք տեսներ: Իսկ դուք հիւլէական պատերազմի եւ բնաջնջման մասին կը խօսիք ամէն օր, զանազան «իտէալներո՜վ»:

Ի վերջոյ ի՛նք` պատուիրակութիւնն է, որ կ՛որոշէ… մնայուն բնակութիւն հաստատել կղզիին մէջ եւ միանալ… Ռոպենսոններուն` հրաժարելով քաղաքակրթութենէն:

Պատմութեան եզրակացութիւնը կը թողունք ընթերցողին:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Կեանքը Բուժարանի Մէջ

«Ե. Օտեան» Թատերախումբը Հիւանդանոցին Մէջ

Ազգային բուժարանի խնամակալ վարչութիւնը կը հաղորդէ.-

Նախապէս եղած կարգադրութեամբ մը 8 սեպտեմբեր, կիրակի կէսօրէ ետք, «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը իր համակիրներով, որոնց թիւը մօտաւորապէս 100-ի կը հասնէր, ներկայացաւ բուժարան: Ժամը 4:00-ին անոնց մուտքը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ մեր սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն կողմէ: Միութեան ատենապետ Յարութիւն Անտոնեան բեմ բարձրանալով` հակիրճ խօսքերով բացատրեց թատերախումբին նպատակն ու տրամադրութիւնները` հանդէպ բոլոր հայկական միութեանց եւ գլխաւորաբար Ազունիէի բուժարանին:

Ժամը 4:30-ին բեմը բացուեցաւ եւ խումբը, գլխաւորութեամբ Մարտիրոս Չայլեանին, ներկայացուց «Տայը Կարապետ» կատակերգութիւնը` երկու ժամ անընդհատ ծիծաղ պատճառելով ներկաներուն:

«Տայի Կարապետ»-ին դերը ստանձնած էր խումբի ղեկավար Մարտիրոս Չայլեան, որ իր վարժ եւ ինքնավստահ խաղարկութեամբ բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իր վրայ: Սաթին Հանըմի դերով Ազատուհի Հաստճեան, Օգսէնի դերով Յարութիւն Տեմիրճեան (Չիմզիմօ), Անգինէի դերով Շաքէ Անտոնեան, քահանայի դերով Յարութիւն Քալթաքեան, Ժիրայի դերով Կարապետ Գրիգորեան` գոհացուցիչ խաղարկութիւն մը ցոյց տուին:

Ներկայացումէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` գլխաւորութեամբ նուագախումբին, որուն կը մասնակցէին ջութակ` Սեդրակ Էսմերեան, աքորտիէոն` Յարութիւն Եղիկեան, քլարինեթ` Արշակ Խնդիրեան, սազ` Միսակ Շահինեան: Նուագուեցան հայկական եւ արաբական եղանակներ, տեղի ունեցան նաեւ հայկական շուրջպարեր, մենապարեր եւ արաբական տապքէ մը:

Երեկոյթին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ ներկաներուն բուռն փափաքով բեմ բարձրացաւ Լեւոն Գաթրճեան իր զուլալ ու անուշ ձայնով երգեց Սեդրակ Էսմերեանի «Պանդուխտ աշուղը» սիրերգը եւ ժողովրդական «Դու անմեղ ես» երգը:

Գիշերուան ժամը 9:00-ին խումբը հրաժեշտ տուաւ` խոստանալով յաճախ նման այցելութիւններով զուարճացնել բոլորին գուրգուրանքին ենթակայ բուժարանին հիւրերը:

ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳ. ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտները Հայրենիքի Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.