Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1963)

October 3, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Անշեղ Ուղեգիծ

Ա.

Հակառակ քաղաքական վերիվայրումներուն, պայմաններու եւ միջավայրերու յաճախակի փոփոխութիւններուն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր ծրագրին եւ սկզբունքներուն, եօթանասուներեք տարիէ ի վեր եղաւ միակ ու գերագոյն նպատակի մը անշեղ հետեւողը. Հայաստանի անկախութիւնը եւ հայութեան ամփոփումը իր պապենական ազատ հողերուն վրայ:

Պայքարի այս ճամբուն վրայ արծարծուեցան բազմաթիւ խնդիրներ, լուծուեցան կամ անլոյծ մնացին ուրիշներ, որոնք սակայն սահմանափակուեցան իրենց մասնակի բնոյթին մէջ, դուրս չեկան իրենց երկրորդական հանգամանքէն, որովհետեւ մեր կուսակցութեան գերագոյն նպատակին առջեւ անոնք կը նսեմանային, որքան ալ կարեւոր ու հրատապ ըլլային:

Գերագոյն այդ նպատակը Հայաստանն է, մեր հայրերու երկիրը, որ վեց դարերու թմբիրէն ետք, իր ազատատենչ զաւակներուն կամքով, տարերային ցնցումներու թատերավայր հանդիսացաւ թօթափելու համար օտարին լուծը, կոտրելու համար գերութեան շղթաները, որոնք ժանգոտած էին մեր աշխատասէր ժողովուրդի քրտինքով:

ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելատիպ հիմնագիրները, առաջին իսկ օրէն, լայնօրէն բացած էին իրենց մտքին հորիզոնը հայ ժողովուրդի հիմնական խնդիրներուն առջեւ, եւ այսօր իսկ, եօթանասուներեք տարի ետք,  հակառակ բազմապիսի նոր տուեալներու եւ նոր տարրերու յաւելման, անոնց առաջադրած ծրագիրները կրնան դիւրութեամբ պատշաճեցուիլ ներկայ պայմաններուն ու հնարաւորութեանց:

Պատճառն այն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, անկեղծ ինքզինքին ու հայ ժողովուրդին հանդէպ, որուն ծոցէն ծնած է, հայութեան խնդիրները իրենց ընդհանուր բնոյթով դրած է իր սեղանին վրայ, զանոնք միշտ ներկայ ունեցած է իր օրակարգին մէջ, օր մը իսկ չէ դադրած անոնց մասին մտածելէ եւ աշխատելէ, ու այսօր ալ, երբ Հայ դատը տարբեր մօտեցումի կը կարօտի, իր մէջ կը գտնէ անհրաժեշտ ուժն ու հնարաւորութիւնները` լուծումներ առաջարկելու եւ պայքարի ասպարէզ իջնելու:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան մտասեւեռումով, հիմնական ազդակ կը նկատէ հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը, արհեստական բոլոր վէճերէն եւ պառակտումներէն վեր: Յաճախ զոհած է, այս նպատակին համար, իր դաւանական սկզբունքները, երբ այդպէս պահանջած է հայ ժողովուրդին շահը:

Այս իրողութեան գլխաւոր ու պերճախօս փաստը կու տան Բ. Աշխարհամարտի տարիները, երբ հաւատարիմ հայկական դատի լուծման իր գլխաւոր առաջադրանքին` ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարոյապէս զօրավիգ կանգնեցաւ Դաշնակիցներուն, նկատի ունենալով այն յոյսերը, որոնք հայ ժողովուրդին համար ստեղծուած էին Դաշնակիցներու յաղթանակին հեռանկարով:

Հայ ժողովուրդի միասնականութեան նոյն մտահոգութիւններով ՀՅ Դաշնակցութիւնը, զուտ կուսակցական եւ դաւանական խնդիրները մէկ կողմ դրած, աշխատեցաւ գործակցութիւն ստեղծել հայկական բոլոր հոսանքներուն հետ, որովհետեւ համոզուած էր, թէ նման կարեւոր խնդրի մը պարագային, հայութիւնը պէտք է ներկայանար մէկ ճակատ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի:

Դժբախտաբար նոյն տրամադրութիւնը չտեսանք մեր հակառակորդներուն մօտ, որոնք տգեղ արարքներով փորձեցին խաչաձեւել Հայ դատի լուծման համար ՀՅ Դաշնակցութեան տարած աշխատանքները եւ չվարանեցան մեզ իբրեւ կասկածելի տարր ներկայացնել Դաշնակիցներուն:

Այդ օրերուն Դաշնակցութեան դէմ տարուած պայքարը պիտի մնայ ամէնէն սեւ էջերէն մէկը մեր պատմութեան` ցոյց տալով մեր եւ հակառակորդներուն մօտեցումի տարբերութիւնը հայութիւնը յուզող հիմնական խնդիրներուն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, 1945-ին, այն օրերուն, երբ Հայ դատի լուծման յոյսեր ծնունդ առած էին, շատ լաւ գիտէր, թէ Հայաստանի հողերու ընդարձակումը կը նշանակէր խորհրդային հողերու ընդարձակում: Գիտէր, թէ վարչակարգը պիտի մնար անփոփոխ, պոլշեւիզմը պիտի շարունակէր տիրել մեր երկրին: Բայց այդ բոլորը կը նկատէր ժամանակաւոր երեւոյթ, երկրորդական` այն կարեւոր ու միակ խնդրին առջեւ, որ Հայաստանի, պատմական Հայաստանի վերադարձն է իր իսկական տիրոջ` հայութեան:

Անկէ ի վեր բաւական ջուրեր հոսեցան կամուրջին տակէն, եղանք վկաները բազմաթիւ ուրացումներու եւ դասալքութեանց, բայց մեր հիմնական ուղեգիծին մէջ մնացինք անշեղ ու անսասան:

Որովհետեւ այդպէ՛ս կը պահանջէր հայութեան շահը, Հայաստանի՛ շահը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.