Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Յարմար շրջան է` օգնութեան ձեռք երկարելու ձեր բարեկամներուն: Բարոյապէս անոնց կողքին կանգնիլն անգամ բաւարար պիտի ըլլայ եւ անոնց մեծապէս գոհացում պիտի տայ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Աշխատեցէք աւարտելու ձեր բոլոր գործերը` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Ձեր վրայ ճնշումները պիտի բազմանան: Անձնական հարց մը պիտի ունենաք եւ պիտի յաջողիք զայն լուծել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...

