ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Ընկերային հաճելի պահեր պիտի անցընէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք ձեր ընտանիքին հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: Խոնարհ եւ համեստ եղէք, որպէսզի ձեզմէ հեռու չվանէք ձեր շուրջինները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ամսուան վերջին օրերը հաճելի եւ բարեբեր պիտի ըլլան ձեզի համար: Օգտուեցէք առիթէն ու լուծեցէք ձեր ընկերոջ հետ պատահած մէկ հարցը: Ձեր բոլոր լսածներուն մի՛ հաւատաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աւելորդ ծախսերէն խուսափեցէք, որպէսզի նիւթական գետնի վրայ նեղութիւն չունենաք: Վստահեցէք միայն ձեր ուժին եւ կարողութեան, եթէ կ՛ուզէք յաջողութիւն արձանագրել ձեր գործին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Պէտք է վերատեսութեան ենթարկէք ձեր պետական թղթածրարները, որոնք կապուած են ձեր ստացուածքներուն հետ: Ձեռնածալ մի՛ մնաք, մասնակցեցէք խմբային աշխատանոցներու:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Եթէ կարիքը ունիք օգնութեան, խնդրեցէք զայն ձեր ընկերներէն: Պէտք է ամրապնդէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կը փափաքիք ձեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը գրաւել: Բարի անակնկալներ պիտի ուրախացնեն ձեզ: Նիւթական շահ մը պիտի յաջողիք ապահովել: Հակառակ աշխատանքային ճնշումներուն` յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր պատասխանատուութիւններէն փախուստ պիտի չկարենաք տալ: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը եւ բան մի՛ ձգէք վերջին ժամուն: Ձեր անունը մաքուր պահեցէք եւ կեղծ արտայայտութիւններէն հեռու մնացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի յաջողիք ձեր մշակած ծրագիրը գործադրել: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն: Պատրաստ եղէք ամէն անակնկալի: Որքան ալ զայրացած ըլլաք, վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր շուրջիններուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կարեւոր հարցով մը պիտի զբաղիք եւ բաւական ժամանակ պիտի վատնէք անոր լուծման համար: Ժամանակ տրամադրեցէք զբօսնելու եւ հաճելի պահեր անցընելու ձեր ընկերներուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դժուար պահեր պիտի ապրիք, բայց ձեր յոյսը մի՛ կորսնցնէք: Վաղուան օրը ձեզի բարի անակնկալներ պահած է: Ձեր յամառութեամբ կրնաք կորսնցնել ձեզի տրուած աշխատանքային առիթները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործերը պիտի բազմանան, եւ դուք յոգնութիւն պիտի զգաք: Հանդարտ եղէք, որպէսզի աւելի չբարդացնէք ձեր խնդիրները: Վստահեցէք ձեր մտերիմներուն` լուծելու համար ձեզ ամէնէն շատ մտահոգող հարցը: