ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յարմար շրջան է` օգնութեան ձեռք երկարելու ձեր բարեկամներուն: Բարոյապէս անոնց կողքին կանգնիլն անգամ բաւարար պիտի ըլլայ եւ անոնց մեծապէս գոհացում պիտի տայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աշխատեցէք աւարտելու ձեր բոլոր գործերը` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Ձեր վրայ ճնշումները պիտի բազմանան: Անձնական հարց մը պիտի ունենաք եւ պիտի յաջողիք զայն լուծել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Աշխատանքային եւ անձնական գետնի վրայ բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Ձեր լաւագոյնը ըրէք, որպէսզի առողջ պահէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ճկուն պէտք է ըլլաք, եթէ կ՛ուզէք արագ ու վերջնական լուծումի հասնիլ: Զրոյցի եւ քննարկումի միջոցով պիտի արտայայտէք ձեր տեսակէտը` կապուած կարգ մը հարցերու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նեղութիւններու պիտի հանդիպիք, բայց մի՛ տկարանաք: Դժուար եւ ճակատագրական որոշում մը պիտի տաք: Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը եւ պատրաստ եղէք որեւէ նորութեան:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան եւ պիտի զգաք, որ ձեր ժամանակը նեղ է: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան: Հարցերէ եւ վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ յանձնուիք դժուարութիւններուն, զօրաւոր եղէք, որպէսզի կարենաք դիմադրել ու յաղթել: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի գանգատիք ճնշումներէն ամսուան առաջին օրերուն: Անձնական գետնի վրայ դժուար փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ստիպուած` ձեր տունէն պիտի աշխատիք որոշ ժամանակ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պէտք է, որ ձեր հարցերուն լուծումներ գտնէք, որպէսզի աւելի չբարդանայ ձեր կացութիւնը: Պիտի հետեւիք եւ ընդունիք ուրիշներու կարծիքները` ձեր ասպարէզին վերաբերող:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթական դժուարութեան մը դիմաց կը գտնուիք, բայց յաջողութեամբ պիտի լուծէք զայն: Անակնկալօրէն անձնական ծախսեր պիտի ունենաք: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Պիտի ստանաք լուր մը, որուն հիման վրայ համարձակ քայլ մը պիտի առնէք: Նոր էջ մը պիտի բանաք ձեր կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Առողջ պահեցէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Յուսահատեցնող պիտի ըլլան ձեր ներկայ պայմանները: Նիւթական վնաս մը պիտի արձանագրէք: