Յայտարարութիւններ (22 Յուլիս 2019)
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը կը յայտարարէ, թէ իր գործունէութեան վերսկսած է իր նոր կեդրոնին` նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, 3-րդ յարկ: Բաժանմունքը իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն կողքին հաստատած է կարիքաւոր ընտանիքներու հագուստեղէնի սենեակ, ուր ընկերային ծառայողին կողմէ հաստատուած համապատասխան ընդունագիրով եւ խորհրդանշական գումարով հայորդիներ կրնան ստանալ հագուստ, կօշիկ եւ այլ պիտանի իրեր: Հագուստեղէնի սպասարկութիւնը կը գործէ ամէն երկուշաբթի,...