ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սօսի Ժամկոչեան եւ զաւակները` Նազօ եւ Իզապէլ
Տիկին Վերա Մանասա-ժամկոչեան
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Քոզեթ Մանասա
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Քարլա Նասր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սիլվա Տոքթորեան եւ զաւակունք
Ժամկոչեան եւ Մանասա ընտանիքներ
Տոքթորեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Հատիտեան եւ Գազազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, քեռիին, քեռայրին եւ հարազատին`
ՄԱՐԿԱՐՈՍ ՆԱԶԱՐԷԹ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00¬ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 12 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող ընտանեկան դամբարանը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ցաւակցութիւններ կ՛ընդունուին հեռաձայնով. Սօսի` 71-432185, Նազօ` 03-606759:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Օրդ. Ազգանուշ Գոնտայեան, տէր եւ տիկին Պերճ եւ Նանոր Սահակեան եւ ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր, եւ մեծ մօր` ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳՈՆՏԱՅԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՌՈՍՏՈՄԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ»
Խմբագիր` ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ
Հրատարակութիւն` «ՎԷՄ» մատենաշարի (թիւ 4)
Երեւան, 2022
*****
«Ազդակ»-ի վերստուգող սրբագրիչներէն
ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆի
«ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ» գիրքը
Հրատարակութիւն` Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան
Պէյրութ, 2022
«Ազդակ» կը շնորհաւորէ սոյն գիրքին հրատարակութիւնը եւ անոր հեղինակը` ընկերային-տնտեսական առումով այս դժուարին օրերուն նման նախաձեռնութեան մը մղուելու լաւատեսութեան համար: Ընթերցասէրներէն կ՛ակնկալենք նիւթական քաջալերանք` «Ազդակ»-ի ֆոնտին:


