ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն կը գուժէ շրջանի հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկերներէն
ԱՏՈՒՐ ԽԸՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 ապրիլ 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նուրիցա Խըտըրլարեան եւ զաւակները` Մկօ, Վրէժ, Մեղեդի, Պաղտիկ
Տիկին Հռիփ Խըտըրլարեան
Տիկին Երան Խըտըրլարեան եւ զաւակունք
Տիար Զոհրապ Պաղտասարեան
Տիար Կարօ Պաղտասարեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ Պաղտասարեան եւ զաւակունք
Խըտըրլարեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՅՈՎՍԷՓ (ԱՏՈՒՐ) ԽԸՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1951ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 ապրիլ 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 2 ապրիլին, կէսօր ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ :
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մատլեն Առաքելեան եւ զաւակը` Րաֆֆի
Տիար Թագէս Առաքելեան եւ զաւակունք` (Ֆրանսա)
Տիկին Լուսին Խամիսեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Ստեփան Առաքելեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Ռուբէն Առաքելեան եւ զաւակունք` (Ֆրանսա)
Տիար Վարդան Առաքելեան եւ դուստրը (Ֆրանսա)
Տիար Յակոբ եւ օրդ. Անի Գանտահարեաններ
Տէր եւ տիկին Նազարէթ Գանտահարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արմենակ Մահտեսեան եւ զաւակունք (Շուէտ)
Առաքելեան եւ Գանտահարեան ընտանիքներ
Պասմաճեան եւ Տէր Սահակեան ընտանիքներ
Խարբերդեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 ապրիլ 2022-ին, ճիշդ ժամը 12:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 2 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի նուիրեալ սարկաւագ ՊԵՏԻԿ ՍՐԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՄՈՎՍԷՍ ՔԼԸՆՃԵԱՆներու մահուանց յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. խորանի բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարենան ստանալ մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուր:
Իսկ շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն ու դպրեվանքի ուսանողներուն:
Թագաժահրին («Քորոնա») ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ մեր ժողովուրդին առողջութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, թելադրելի է, որ յարգուին ժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութեան եւ Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան`
ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ` նուիրուած քոլեճի վաստակաշատ ուսուցիչ
ՕՐԴ. ՅԱՍՄԻԿ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻՆ
Յուշ-երեկոն տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Մուտքը` դիմակով:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Անմիջական կարիքը կայ օգնական կնոջ մը` ստանձնելու տարեցի մը հոգատարութիւնը եւ տան պատասխանատուութիւնը: Դիմել` պրն. Ռոժէին, միայն WhatsApp-ի միջոցով, 70-204704 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
[email protected] հասցէին:
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869:
