ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը յայտարարենք, թէ «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Յանձնախումբի անդամներն են. տեարք Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ դոկտ. Միհրան Տապպաղ (Գերմանիա):
Յանձնախումբի տրամադրութեան տակ կը գտնուին որոշ թիւով գործեր, զանազան լեզուներով, որոնք յաջորդաբար պիտի հրատարակուին յառաջիկայ ամիսներուն:
Հիմնադրամը 2022-ի համար պատրաստ է ընդունելու նոր գործեր` ուսումնասիրութիւններ եւ կամ ուսանողական աւարտաճառեր, որոնք առնչուած են Հայ դատի, հայ քաղաքական մտածողութեան զարգացման, սփիւռքի հոլովոյթին եւ հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած իրաւունքներուն:
Ներկայացուելիք աշխատութիւնները պէտք է յղել հետեւեալ հասցէին.-
Khatchig Babikian Publication Fund
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O Box 70317
Antelias, Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
- Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
- 3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
hr@georgisabounjian.com.lb հասցէին:

