Կնոջական

Փորձառուներու Կարծիքով.  Ինչպէ՞ս Պտուղ Եւ Բանջարեղէն Ընտրել

Փորձառուներու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պտուղ Եւ Բանջարեղէն Ընտրել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբ շուկայ կ՛երթանք` պտուղ կամ բանջարեղէն գնելու, յաճախ կը տարուինք վաճառողին խօսքերով, մինչեւ անգամ կը վստահինք, որ ան ընտրէ մեր փոխարէն ու տեղաւորէ տոպրակին մէջ: Բայց դժբախտաբար երբեմն մեր անտեղի վստահութիւնը կը դաւաճանէ մեզ... Այսուհետեւ նման անհաճոյ կացութիւններու չմատնուելու համար հետեւինք յօդուածին մատնանշումներուն եւ օգտակար թելադրանքներուն: Սմբուկ Առողջ սմբուկը պէտք է ունենայ սահուն, փայլուն եւ սրճագոյն բիծերէ...

Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը

Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատ մը երկիրներու մէջ Մայրերու օրը կը նշեն մայիս ամսուան ընթացքին: Մենք` լիբանանահայերս եւս մայիսը ընտրած ենք այս գեղեցիկ եւ իմաստալից օրը նշելու համար. սակայն եկէք` ծանօթանանք, թէ աշխարհի չորս ծագերուն տարբեր ժողովուրդներ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը նշեն Մայրերու օրը: - Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ առաքելական եկեղեցին...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր ենթագիտակցութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր հոգեվիճակը` պատասխանելով այս միակ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»: Ա.- Կիսաբաց Դուռ Եթէ առաջին հերթին կիսաբաց դուռ տեսաք, դուք արդէն ձանձրացած էք միապաղաղ առօրեայէն եւ փոփոխութիւններ ու նոր հորիզոններ կը փնտռէք: Արդէն սկսած էք առաջին քայլերը առնելու: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ վերաբերիլ գործի, ճամբորդութեան կամ բարեկամներու: Յամենայն...

Պարի Մը Պատմութիւնը. Եարխուշտա

Պարի Մը Պատմութիւնը. Եարխուշտա

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այսօր` ապրիլ 29-ը Պարի միջազգային օրն է: 1982-էն ի վեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշմամբ, ապրիլ 29-ին կը նշուի Պարի միջազգային օրը, որ կը համընկնի ֆրանսացի հանրածանօթ պարադիր եւ «ժամանակակից պալէի հայր» Ժան-Ժորժ Նովերի ծննդեան օրուան (29 ապրիլ 1727): Պարի միջազգային օրուան առիթով, եկէք, ծանօթանանք բոլորիս սիրելի «Եար խուշտա» պարին: Պարին անուանումը ունեցած է տարբեր մեկնաբանութիւններ: Անոնցմէ մէկը այն է,...

Գեղեցկագիտական.  Դէմքին Մորթը Մաքրելու Ազդու Միջոց

Գեղեցկագիտական. Դէմքին Մորթը Մաքրելու Ազդու Միջոց

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Դէմքին եւ յատկապէս քիթի հատուածին վրայ յայտնուող սեւ կէտերէն ձերբազատիլը բոլորիս փափաքն է: Շատեր կ՛այցելեն գեղեցկութեան սրահներ, ուրիշներ կը գնեն թանկարժէք արտադրութիւններ` դէմքին մորթը մաքրելու եւ սեւ կէտերէն ձերբազատելու համար: Անշուշտ այդ միջոցներով սեւ կէտերը կը մաքրուին, բայց ինչո՞ւ մեծ գումարներ ծախսել (յատկապէս` այս օրերուն), երբ կայ բոլորիս հասանելի պարզ միջոց` նոյն արդիւնքին հասնելու համար: Առաջին Քայլ...

Ձեր Պատասխանները Ձեր Մասին Կը Պատմեն.  Որքանո՞վ Կառչած Էք Ձեր Անցեալին

Ձեր Պատասխանները Ձեր Մասին Կը Պատմեն. Որքանո՞վ Կառչած Էք Ձեր Անցեալին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սիրած անձէ բաժանում, գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք... Ինչպէ՞ս կը հակազդէք նման փոփոխութիւններու: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Ձեր սիրած անձը կը յայտնէ, որ կ՛ուզէ վերջ տալ ձեր միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան: ա - Կը խնդրէք, որ վերատեսութեան ենթարկէ որոշումը: բ -...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Արտայայտութիւններ, Զորս Երբեք Պէտք Չէ Ըսենք Մեր Երեխաներուն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արտայայտութիւններ, Զորս Երբեք Պէտք Չէ Ըսենք Մեր Երեխաներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր բերնէն ելած իւրաքանչիւր խօսք կ՛ազդէ մեր երեխաներուն վրայ: Յաճախ ծնողներ զանազան պատճառներով կ՛ըսեն բաներ, որոնք բացասական հետեւանքներ կ՛ունենան երեխային ձեւաւորման եւ հոգեբանութեան վրայ: Հոգեբաններու կարծիքով, կան արտայայտութիւններ, զորս երբեք պէտք չէ ըսենք մեր երեխաներուն, այլապէս մենք մեզ երբեք չենք ներեր հետագային: «Անմիջապէս վերջ տուր լացիդ» Լացին վերջ տալու յորդորը չ՛օգներ մեր երեխային: Եթէ ան բանէ մը...

Հետաքրքրական.  Պայուսակի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Պայուսակի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ո՞ր վայելուչ կինը օրին մէկը չէ երազած Շանել 2.55 պայուսակ մը կրել: Անիկա սովորական աքսեսուար մը չէ, այլ` վայելչութեան մարմնացումը: Շանել 2.55 ստեղծած է Գօգօ Շանելը 1955-ի փետրուարին: Հետեւաբար 2.55 թիւը կը խորհրդանշէ պայուսակի ստեղծման ամիսն ու տարին: Միշտ ծանրաբեռնուած իր ձեռքի պայուսակներով, անուանի ոճաբանը ուսէն կախուող պայուսակ մը ստեղծելու միտքը կը յղանայ` ոգեշնչուելով այդ օրերու զինուորականներու...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ձեր Զաւակները Դաստիարակեցէք Առանց Գոռալու

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ձեր Զաւակները Դաստիարակեցէք Առանց Գոռալու

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխաներուն բնաւորութիւնը կը ձեւաւորուի 2-5 տարեկանի ընթացքին, հետեւաբար այդ տարիքի երեխաներու դաստիարակութեան ընթացքին ծնողները պէտք է առանձնայատուկ ուշադիր ըլլան: Հարկ է տեւական յիշել որ ոչ մէկ պարագայի կարելի է գոռալ երեխային վրայ, կամ առաւել եւս` հարուածել, քանի որ հետագային ան կրնայ ընդօրինակել ծնողքին պահուածքը եւ նոյն ձեւով վարուիլ իր երեխաներուն հետ: Երեխային վրայ անդադար պոռալով եւ զայն...

Հետաքրքրական.  Զանգակի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Զանգակի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1915-ին Շուշիի «Փայլակ» թերթին մէջ Գորիսի քաղաքապետին եւ կառավարիչներուն դէմ տպագրուած գրութեան մը պատճառով Ա. Բակունցը կը ձերբակալուի: 34-րդ օրը զայն կ՛ազատեն կալանավայրէն, պայմանաւ որ ուսուցչութեան մեկնի հեռաւոր Լոր գիւղը: Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանի սան,  Բակունցը Գորիսէն կը մեկնի Լոր, ուսուցչութեամբ զբաղելու: Այդ առիթով լոռեցի Համօ Սահեանը կը գրէ. «Բակունցը գիւղ գալով Լորի սարերում մի նոր արեւ բացաւ»:...

Խմբաքանդակի Մը Պատմութիւնը.  «Լեռնային Պար» Արձանախումբը

Խմբաքանդակի Մը Պատմութիւնը. «Լեռնային Պար» Արձանախումբը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Պռօշեան փողոցին վրայ «Դուին» հիւրանոցին դիմաց տեղադրուած է «Լեռնային պար» խմբաքանդակը: Հաւաքական կերպար ներկայացնող արձանախումբի պատրաստութիւնը տեւած է 4 տարի: «Լեռնային պար»-ի քանդակագործն է Տիգրան Արզումանեանը, ան 1973-ին արձանախումբին փոքր տարբերակը ներկայացուցած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան աշնանային մէկ ցուցահանդէսին, որմէ ետք որոշում տրուած է արձանախումբին մեծ տարբերակը ստեղծել եւ զայն Երեւանի յայտնի վայրերէն մէկուն մէջ տեղադրել: «Դուին»...

Սննդագիտական.  Ստեպղին Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

Սննդագիտական. Ստեպղին Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գետնախնձորի կողքին, ստեպղինը ամենատարածուած եւ օգտագործուած բանջարեղէնն է աշխարհի բոլոր խոհանոցներուն մէջ: Անոր հայրենիքը կեդրոնական Ասիան է, բայց ներկայիս զայն կը մշակեն գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Անոր համն ու բազմակի օգտագործումը զայն դարձուցած են էական բաղադրիչը հարիւրաւոր բաղադրատոմսերու: Ինչ կը վերաբերի ստեպղինի սննդական արժէքին, յիշենք, որ ան հարուստ է Ա. կենսանիւթով, կը պարունակէ նաեւ Պէ.6, Սէ. կենսանիւթեր,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխաներու Ծնունդի Հերթականութիւնը Կ՛ազդէ Անոնց Բնաւորութեան Վրայ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխաներու Ծնունդի Հերթականութիւնը Կ՛ազդէ Անոնց Բնաւորութեան Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծնունդի հերթականութեան եւ երեխաներու բնաւորութեան վերաբերող գիտական հետազօտութիւնները յանգած են այն համոզումին, որ ընտանիքին մէջ երեխային «քանիերորդը» ըլլալը կ՛ազդէ անոր բնաւորութեան վրայ: Ծնունդի հերթականութեան տեսութեան անդրադարձած է Ալֆրետ Ատլերը` Ֆրէօյտի ընկերն ու պաշտօնակիցը: Ան հաւատացած էր, որ «Այն հերթականութեամբ, որ երեխան կը ծնի ընտանիքի մէջ, անքակտելիօրէն կ՛ազդէ անոր մարդ տեսակի ձեւաւորման վրայ»: Ատլերի համաձայն, - ԱՒԱԳ ԵՐԵԽԱՆ...

Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը… Ինչո՞ւ Չարենցի Կամար

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը… Ինչո՞ւ Չարենցի Կամար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ     Երեւան-Գառնի ճամբուն աջ կողմը, Ողջաբերդ գիւղին մէջ, 1500 մ բարձրութեան վրայ կանգնած է «Արարատի Կամար» յուշարձանը` բոլորիս ծանօթ «Չարենցի Կամար»-ը: Ինչո՞ւ Չարենցի Կամար... Օրին մէկը ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը Գառնի տանող ճամբուն վրայ ինքնաշարժէն կը նկատէ, որ Ողջաբերդ բլրակի մօտէն հրաշալի տեսարան կը պարզուի դէպի Արարատ լեռը: Ճարտարապետը կ՛իջնէ ինքնաշարժէն, կը բարձրանայ բլրակը եւ կ՛որոշէ այդ...

Տասը Հետաքրքրական Բան…  Մատամ Թիւսոյի Թանգարանը

Տասը Հետաքրքրական Բան… Մատամ Թիւսոյի Թանգարանը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աշխարհի ամէնէն շատ այցելու ունեցող թանգարաններէն մէկը Մատամ Թիւսոյի անունը կրող մոմէ արձաններու թանգարանն է, որ այսօր մասնաճիւղեր ունի աշխարհի աւելի քան 26 քաղաքներու մէջ: Մատամ Թիւսոյի թանգարանին մէջ ցուցադրուած են արքայական ընտանիքներու անդամներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու, անուանի աստղերու, մարզիկներու եւ մինչեւ իսկ մարդասպաններու մոմեայ արձանները: Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք 10 հետաքրքրական բան` այս շատ սիրուած ու գնահատուած...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  5 Բաներ, Զորս Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 5 Բաներ, Զորս Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խելացի, ինքնավստահ, երջանիկ եւ նախաձեռնող զաւակ դաստիարակելը բոլոր ծնողներուն փափաքն է: Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, կան 5 բաներ, զորս պէտք է արգիլել երեխային` անոր մտային ունակութիւնները զարգացնելու եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար: -1- Զգացումները Արտայայտելը Երեխան զանազան ձեւերով կրնայ արտայայտել իր զգացումները, օրինակ տան մէջ հոս-հոն վազվզելով, ճչալով, խնդալով, լալով... Անոնք կ՛օգնեն, որ ան թուլնայ, լիցքաթափուի, խաղաղի:...

Հետաքրքրական.  Կտաւի Մը Պատմութիւնը Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ»-ը

Հետաքրքրական. Կտաւի Մը Պատմութիւնը Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ»-ը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Փարիզի Օրսէյ թանգարանին մէջ ցուցադրուած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ» վերնագրուած կտաւը: Շատեր հարց տուած են, թէ ինչու մեծ արուեստագէտը ջանք թափած է եւ ուշադրութեան արժանացուցած է ծնեբեկի ցօղուն մը: 16,5¬21,5 սմ չափերով  փոքրիկ կտաւը ունի իր ստեղծման պատմութիւնը, որ կ՛ընդգծէ նկարիչին իւրայատուկ սրամտութիւնը: Եւ այսպէս, 1880-ին յայտնի մեկենաս եւ արուեստաբան Չարլզ Էֆրուսի Մանէին կը...

Հետաքրքրական.  Արձանի Մը Պատմութիւնը` Մուշուրբայի Արձանը

Հետաքրքրական. Արձանի Մը Պատմութիւնը` Մուշուրբայի Արձանը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2013-ին Գիւմրիի մէջ տեղադրուեցաւ «Մուշուրբայի արձան»-ը: Գիւմրի այցելողը անկասկած որ տեսած պիտի ըլլայ զայն եւ կամ լսած` Մուշուրբայի մասին: Մուշուրբան Գիւմրիի անհերքելի խորհրդանիշներէն մէկն է. անիկա պղինձէ կամ արոյրէ պատրաստուած ջրաման-գաւաթ է, որուն մէջ ջուրը կը պահէ իր սառնութիւնը եւ խմելու ժամանակ կլկլոց կը լսուի: Ձայնը կը լսուի շնորհիւ գաւաթի իւրօրինակ կառուցուածքին: Երբ ջուրը կը լեցուի ջրամանին...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք . 3 Պարզ Միջոց` Մանկական Ճարպակալումը Կանխարգիլելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք . 3 Պարզ Միջոց` Մանկական Ճարպակալումը Կանխարգիլելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանկական ճարպակալման հարցը վերջին տարիներուն դարձած է մասնագէտներու ուշադրութեան առարկան, քանի որ այս երեւոյթը հետզհետէ մտահոգիչ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ եւ կը դժուարացնէ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ երեխաներուն կեանքը: Երեխային ճարպակալումը կանխարգիլելու համար անհրաժշետ է նախապէս միջոցներու ձեռնարկել: Ստորեւ ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք քանի մը խորհուրդներ, որոնք կ՛օգնեն կանխարգիլելու զայն: Երեխան Աշխուժ Պահել Ճարպակալման հիմնական պատճառը նստակեաց կենսակերպն է:...

Սննդագիտական.  Ուտելիքներ, Որոնք Կ՛օգնեն Ձմրան Լաւ Տրամադրութիւն Ունենալու Համար

Սննդագիտական. Ուտելիքներ, Որոնք Կ՛օգնեն Ձմրան Լաւ Տրամադրութիւն Ունենալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր կերածները մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կենսունակութեան վրայ: Ոմանք կ՛օգնեն նիհարնալու, ոմանք կը բարելաւեն առողջութիւնը, ոմանք ալ կը բարելաւեն ուղեղին աշխատանքը: Իսկ ձմրան, երբ արեւին բացակայութիւնն ու ցուրտ եղանակը տխրութիւն կը բերեն, օգտակար է իմանալ, թէ ի՛նչ սնունդ կրնայ բարձրացնել մեր տրամադրութիւնը: Ցուրտ եւ մութ եղանակներուն է, որ շատեր կ՛ունենան «յուզական խանգարումներ»: Որքան քիչ է արեւին լոյսը,...

Page 13 of 25 1 … 12 13 14 … 25

Արխիւներ