Պատրաստուելու համար Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց Ռոթախ-Էկեռն կէս արհեստավարժ խումբին դէմ:
Այս տարի խրուաթ Նիքօ Քովաչի գլխաւորած խումբը իր յաղթանակը արձանագրեց 23-0 արդիւնքով:
Նախորդ տարի նոյն խումբին դէմ Պայէրն արձանագրած էր 20-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: