Իրաքի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը իր ելոյթները աւարտեց, երբ կրեց 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը, այդ ալ` Եմէնէն:
Այս մրցումին Լիբանան ունեցաւ իր ամէնէն ձախող ելոյթներէն մէկը այս մրցաշարքին գծով:
Լիբանանի կոլը նշանակեց Մոհամետ Քատտուհ (27-րդ), որմէ ետք Եմէն նշանակեց 2 կոլ` 43-րդ եւ 45-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, Լիբանան արձանագրեց յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրեց 2 պարտութիւն:



