Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անգամ Մը Եւս Ձախողեցաւ Իժթիմահիի Դէմ
Երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը եւս կրեց Իժթիմահիէն եւ 3-0 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Թրիփոլիէն: Երթին (2-րդ հանգրուան) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր, ուր Ղատ Աֆտալ իր կարգին ձախողած էր Ահլի Սայտայի դէմ կոլ նշանակել (0-0), մինչ Հարաքեթ Շապապ կէտ խլած էր Հորր Ամելիէն: Սակայն դարձին, Ղատ Աֆտալ 3-2 արդիւնքով...




















