Հայ հրաձիգ Դաւիթ Խաչատրեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 16 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան, 10 մեթր օդամղիչ հրացանի մրցումներուն:
Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդներու (18-էն վար եւ 16-էն վար) ախոյեանութեան, Խաչատրեան կրցած է հաւաքել 414,7 կէտ` սահմանելով եւրոպական նոր մրցանիշ իր տարիքային կարգին մէջ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիթուանիոյ Լաուրինաս Մաչիոնիս` 413,8 կէտով, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ թուրք Շահին Եըլմազը` 412 կէտով:
Հայաստանը ներկայացնող այլ մարզիկներ եւս մասնակցեցան այս մրցումներուն: 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի սոլօ մրցումներուն 9-րդ դիրքը գրաւեց Հայկ Սարգսեան (18 տարեկանէն վար), իսկ 25-րդ դիրքը` Արմէն Գէորգեան, մինչ 16 տարեկանէն վար մրցումներուն 13-րդ դիրքը գրաւեց Արտաշ Ամիրեան:
16 եւ 18 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի այսօր եւ վաղը. իսկ երկուշաբթի կը սկսի 21 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:


