Օսթին Ռիվզ 35 կէտ նշանակեց 25 վայրկեաններու ընթացքին եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրցաւ յաղթել 119-115 արդիւնքով Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին: Լըպրոն Ճէյմս 17 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզին, որ Ֆիլատելֆիոյ 5 յաջորդական յաղթանակներու շարքը ընդմիջեց:
Ժոել Էմպիիտ 35 կէտ նշանակեց, եւ Թայրիս Մեքսի աւելցուց 26 կէտ եւ 13 էսիսթ ի նպաստ 76-ըրզի, որ 14 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի սկիզբը եւ քիչ մնաց 16 կէտերու յարաբերութիւնը պիտի յաջողէր յաղթանակի վերածել մրցումի վերջին պահերուն:
Տոնչիչ կիսախաղին 3 վայրկեան առաջ վիրաւորեց իր սրունքի մկանը եւ չվերադարձաւ դաշտ:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին վրայ 139-123 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ մրցումին:
Վիքթոր Ուեմպանեամա 29 կէտ եւ մէկ ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սփըրզ կրցաւ տարուան լաւագոյն նորեկ Քուփըր Ֆլեկի փայլուն ելոյթներուն դիմանալ:
Ֆլեկ 4-րդ յաջորդական մրցումին 30-է (32 կէտ) աւելի կէտեր նշանակեց` մրցանիշ մը եւս հաստատելով: 19 տարեկան Ֆլեկ միացաւ Մայքըլ Ճորտընի, Պեռնարտ Քինկի, Ալեն Այվըրսընի եւ Ճէյլըն Կրինի, որոնք միակ նորեկներն էին, որ առնուազն 30 կէտեր նշանակած էին 4 յաջորդական մրցումներու ընթացքին:
Տալաս, հակառակ Ֆլեկի փայլուն ելոյթներուն 4 մրցումներն ալ պարտուեցաւ:
Հերիսըն Պարնզ (19 կէտ) եւ Տը՛Արոն Ֆոքս (17 կէտ) եղան Սփըրզի լաւագոյն մարզիկներէն:
Հիուսթըն Ռոքեթց 99-109 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Չարլոթ Հորնեթցէն, հակառակ անոր որ Քեւըն Տիւրենթ 31 կէտեր նշանակեց: Լամելլօ Պոլ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Չարլոթի, որ իր 8-րդ յաջորդական մրցումը յաղթեց:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.-
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 117-126
Օրլանտօ Մեճիք – Պրուքլին Նեթց 118-98
Աթլանթա Հոքս – Եութա Ճէզ 121-119
Թորոնթօ Ռիփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 123-107
Հիուսթըն Ռոքեթց – Չարլոթ Հորնեթց 99-109
Տալաս Մեւրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 123-135
Ֆինիքս Սանս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 97-101
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 119-115


