Մարզական

Պասքեթպոլ.  Տղոց Ազգային Խումբը Կը Մեկնի Սերպիա

Պասքեթպոլ. Տղոց Ազգային Խումբը Կը Մեկնի Սերպիա

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մեկնի Սերպիա` մարզական հաւաք ունենալու համար եւ պատրաստուելու համար ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած Մոնտիալի զտումի երկրորդ հանգրուանի զոյգ մրցումներուն Սէուտական Արաբիոյ (27 փետրուար) եւ Հնդկաստանի (2 մարտ) դէմ: Ազգային խումբը պիտի առաջնորդէ Մարուն Ժըպրայէլ, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ազգային խումբի տնօրէն Ուալիտ Եամմութ, մարզիչ Ահմետ Ֆարրան, օգնական մարզիչներ Եովան Կորեչ եւ Քայթանցիտիս Շարալամփոս, բժիշկ Ուիսամ...

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Ատելիա Պետրոսեան Հասաւ Աւարտական

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Ատելիա Պետրոսեան Հասաւ Աւարտական

Ձմեռնային ողիմպիական 25-րդ խաղերը շարունակուեցան երէկ Իտալիոյ մէջ, եւ ռուսահայ մարզիկ Ատելիա Պետրոսեան (18 տարեկան) սառոյցի վրայ պարի անհատական մրցումներուն 72,89 կէտ հաւաքելով գրաւեց 54-րդ դիրքը` կարճ ծրագիրին, եւ հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր այսօր պիտի մասնակցի ազատ ծրագիրին: Կարճ ծրագիրի ամէնէն փայլուն անակնկալ արդիւնքը արձանագրեց 17 տարեկան ճափոնցի Ամի Նաքայ, որ 78,71 կէտերով խլեց առաջին դիրքը` գերազանցելով թիւ 1 թեկնածու...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»  Հայաստան 14 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի Ստացաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Հայաստան 14 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի Ստացաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2024-2025 տարեշրջանի նիւթական ծրագիրները փակելէ ետք, Հայաստան ստացաւ 12,077 միլիոն եւրօ համերաշխութեան վճարումներու ծրագիրի գծով, ինչպէս նաեւ 2,25 միլիոն եւրօ` Ազգերու լիկայի մրցաշարքին մասնակցելու համար: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հաշուետուութիւն ներկայացուած է ազգային ֆետերասիոններու եւ ակումբներու միջեւ բաշխման միջոցներու մանրամասն կառուցուածքը: Ստորեւ` մանրամասնութիւնը: 1,3 միլիոն եւրօ` ներդրումներ հեթ-թրիք ծրագիրով, 2,93 միլիոն` տարեկան համերաշխութեան վճարումներ ֆետերասիոնին, 3,323...

«Չեմփիընզ Լիկ».  «Տաք» Մրցումէն Ետք Ռէալ Մատրիտ  Յաղթեց Լիզպոնի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». «Տաք» Մրցումէն Ետք Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց Լիզպոնի Մէջ

Վերջին ճակատումին 4-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Պենֆիքայէն (28 յունուարին), Ռէալ Մատրիտ 20 օր ետք կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել նոյն դաշտին` «Էսթատիօ Տալուս»-ի վրայ, Լիզպոնի մէջ: 66 հազարէ աւելի տաք համակիրներ ներկայ եղան այս ճակատումին, որուն առաջին կիսախաղը քիչ մը աւելի հանդարտ էր: Էմպափէ քանի մը առիթ ունէր, բայց Պենֆիքա լաւ պաշտպանեց եւ 2 առիթներ ալ ստեղծեց, սակայն արդիւնքը մնաց 0-0:...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Ռետ Պուլ» Դանդաղ Է

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Ռետ Պուլ» Դանդաղ Է

Նետերլանտցի «Ֆորմիւլա 1»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն 2026-ի առաջին պաշտօնական փորձերէն ետք (անցեալ շաբաթ) յայտարարեց, թէ Ռետ Պուլ բաւարար արագ չէ, եւ այժմ «Մերսետես»-ի, «Մաքլարեն»-ի եւ «Ֆեռարի»-ի ետին կը գտնուի: Վերշթափըն Պահրէյնի (Սախիր) մէջ տեղի ունեցած փորձերու պահուն «այլեւս հաճելի չէ» կոչած էր «Ֆորմիւլա 1»-ը, որ արմատական փոփոխութիւններով տեղի պիտի ունենայ: Ինքնաշարժներուն ուժը 50 տոկոսով բաժնուած է վառելանիւթի ու բարդի միջեւ,...

Նշմար.  Լաւ Ըլլալը Երբեմն Բաւարար Չ՛ըլլար

Նշմար. Լաւ Ըլլալը Երբեմն Բաւարար Չ՛ըլլար

ԿԱՐՕ Կ. Անցեալ շաբաթավերջը այդքան ալ լաւ չէր ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար: Պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցող ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3 կէտերու տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրած էր Ռիատիէն, օր մը ետք տղոց ֆութպոլի խումբը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Թրիփոլիի մէջ, իսկ երկուշաբթի օր տղոց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը կրած էր Սանթրալէն: Անթիլիասի աղջկանց խումբը այդքան ալ վատ...

Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Պիտի Մրցի Մոնթենեկրոյի,  Կիպրոսի Եւ Լաթվիոյ Դէմ

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Պիտի Մրցի Մոնթենեկրոյի, Կիպրոսի Եւ Լաթվիոյ Դէմ

Վերջերս Պրիւքսելի (Պելճիքա) մէջ տեղի ունեցաւ Ազգերու լիկայի Եւրոպայի գօտիի վիճակաձգութիւնը, ուր Գ. կարգին մաս կազմող Հայաստանի ազգային խումբը իր դէմ պիտի ունենայ Մոնթենեկրոն, Կիպրոսը եւ շատ հաւանաբար Լաթվիան: Լաթվիա պիտի մրցի Ճիպրալթարի դէմ, եւ յաղթականը պիտի ըլլայ Հայաստանի խմբակի 4-րդ խումբը: Ա. կարգի առաջին խմբակին մաս պիտի կազմեն Ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիքա եւ Թուրքիա: Բ. խմբակին մաս պիտի կազմեն Գերմանիա,...

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Կարինա Ակոպովա Եւ Նիքիթա Ռախմանին Զոյգի Պատուաւոր Նուաճումը

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Կարինա Ակոպովա Եւ Նիքիթա Ռախմանին Զոյգի Պատուաւոր Նուաճումը

2026-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Միլանի եւ Քորթինայի մէջ, տեղի ունեցան սառոյցի վրայ պարի մրցումները: Հայաստանը ներկայացնող Կարինա Սկոպովա -Նիքիթա Ռախմանին զոյգը, երկու ծրագիրներու արդիւնքով գրաւեցին 14-րդ դիրքը, որ շատ կարեւոր արդիւնք մըն է հայկական մարզական կեանքին մէջ, առաջին անգամ ներկայացնելով անկախ Հայաստանը Ողիմպիական խաղերու այս մարզաձեւին: Առաջին ծրագիրը կարճ էր, ուր զոյգը ներկայացաւ «Արցախ» երաժշտութեան ընկերակցութամբ 66-27...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Դաւիթ Զարգարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Զարգարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայկական խառն մարտախաղերու մարտիկ Դաւիթ Զարգարեան (97 քիլոկրամէն վեր), որ կը ներկայացնէ Աւստրիան, դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, «Այ. Էմ. Էմ. Էյ. Էֆ. 2026» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Պելկրատի (Սերպիա) մէջ: Աւարտականին Զարգարեան առաջին ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց սերպ մրցակից Նեմանիա Պլակոյեւիչը: Աւելի կանուխ, նոյն ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն Արթուր Ասոյեան մեծերու մրցաշարքին դարձած էր եւրոպայի փոխախոյեան:

Թենիս.  Խաչանով Մէկ Դիրք Բարձրացաւ Դասաւորման Մէջ

Թենիս. Խաչանով Մէկ Դիրք Բարձրացաւ Դասաւորման Մէջ

Արհեստավարժ թենիսի միութիւնը («Էյ. Թի. Փի.») հրապարակեց այս շաբթուան տղոց թենիսի ընդհանուր դասաւորումը: Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով մէկ աստիճանով բարելաւեց իր դիրքը եւ այժմ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը 2360 կէտերով: Անցեալ շաբաթ Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին Կարէն Խաչանով հասած էր Բ. հանգրուան: Դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 22 տարեկան սպանացի Քարըս Ալքարաս, որ 3 հազար կէտերու առաւելութիւն...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնայի Անակնկալ Պարտութիւնը

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Անակնկալ Պարտութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Ժիրոնայի դաշտին վրայ եւ նահանջեց դասաւորման 2-րդ դիրք: 4 օր առաջ Քոփա Տել Ռէյի (Սպանիոյ բաժակ) մրցումներուն գծով 4-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք կը կարծուէր, թէ Պարսելոնա ծանր ձեւով պարտութեան պիտի մատնէ 15-րդ դիրքը գրաւող Ժիրոնան: Առաջին կիսախաղին Լամին Եամալ առիթ ունէր բանալու կոլերու հաշիւը, բայց անոր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Լաւ Խաղցաւ, Բայց Սանթրալ  Յաղթեց 105-96 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Լաւ Խաղցաւ, Բայց Սանթրալ Յաղթեց 105-96 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը երէկ շատ դժուար մրցումէ մը ետք վերջին մասին պարտուեցաւ Սանթրալի դաշտին վրայ` 105-96 արդիւնքով: Մրցումի սկիզբէն տղաքը շատ լաւ էին, բայց նոյնիսկ 3-րդ մասին 10 կէտերու առաւելութիւնը, մանաւանդ Թայլըր Պէյի 5 ֆաուլերէն ետք, պարտութեան շրջեց մրցակիցը, որ աւելի լիբանանցի որակաւոր մարզիկներ ունենալով կրցաւ յաղթել: Ճորտըն 38 կէտ նշանակեց 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներու կողքին եւ 11 էսիսթ...

Հեծելարշաւ.  Հրայր Սեդոյեան Մասնակցեցաւ Ասիոյ  Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովին

Հեծելարշաւ. Հրայր Սեդոյեան Մասնակցեցաւ Ասիոյ Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովին

Քանի մը օր առաջ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի 33-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սեդոյեան: Ժողովը վարեց Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Տաթօ Ամարճիթ Սինկ Ճիլ, ներկայ էր նաեւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Տաւիտ Լափարթիէ: Ժողովի գլխաւոր նիւթն էր Ասիոյ հեծելարշաւի վիճակի բարելաւումը, վարչական եւ նիւթական տեղեկագիրներու եւ ապագայ ծրագիրներու քննարկումը,...

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ.  Հայաստան 8 Մետալներով Վերադարձաւ

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

«Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնները: Աւարտական մրցումներու աւարտէն ետք իրենց կշիռներուն համաձայն, Հայաստանի ախոյեաններ հռչակուեցան հետեւեալ մարզիկները. ՏՂԱՔ 60 քկ - Գառնիկ Չոլակեան (Գիւմրի) - 272 քկ (երկամարտի արդիւնք) 65 քկ - Ժորա Գրիգորեան (Արարատ) - 254 քկ 71 քկ - Գոռ Սահակեան (Վեդի) - 330 քկ 79 քկ - Մարտին Պօղոսեան (Արարատ) -...

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ.  Հայաստան 8 Մետալներով Վերադարձաւ

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստան 8 Մետալներով Վերադարձաւ

Անցեալ շաբաթավերջին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ 136 մարզիկներ: Հայաստանի հաւաքականը հանդէս եկաւ մարզիչներ Արման Մալխասեանի եւ Նարեկ Սիրունեանի գլխաւորութեամբ: 11 հայ ըմբիշներ մասնակցեցան եւ ցուցադրեցին վստահ եւ արդիւնաւէտ գօտեմարտ: Մրցումներու արդիւնքներով Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց շարք մը մետալներ: Ոսկի մետալներ ձեռք ձգեցին Գագիկ Ղազարեան (61 քկ), Դաւիթ...

Բռնցքամարտ.  Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Հայաստանի բռնցքամարտի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւններու աւարտէն ետք յստակացան 2026-ի ախոյեանները` իրենց կշիռներուն համաձայն: Աղջկանց ախոյեաններ դարձան Հեղինէ Պետրոսեան (48 քկ), Լուսիա Աւետիսեան (54 քկ), Տաթեւ Խաչատրեան (57 քկ), Լիլիթ Միքայէլեան (70 քկ) եւ Անի Մուրատեան (80 քիլոկրամէն վեր): Տղոց ախոյեաններ դարձան Ռուբէն Գարբոյեան (50 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (55 քկ), Արթուր Բազէեան (60 քկ), Արգիշտի Յակոբեան (65 քկ), Յարութիւն Յակոբկոխեան...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Արթուր Ասոյեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արթուր Ասոյեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

21 տարեկան հայ մարտիկ Արթուր Ասոյեան (մինչեւ 56,7 քկ) դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի փոխախոյեան` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզաձեւին մէջ: Պելկրատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող միջազգային «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հովանաւորած Եւրոպայի ախոյեանութեան, երիտասարդ Ասոյեան բարձր մակարդակի մրցաշարք ունեցաւ: Աւարտական մրցումէն առաջ, Ասոյեան երկու ուքրանացի մարտիկներ դուրս ձգած էր, առաջինը կէտերու յստակ առաւելութեամբ, իսկ երկրորդը տպաւորիչ նաք-աութով: Աւարտականին ան մրցեցաւ ֆրանսացի Թիպօ Տէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթոնի Էտուըրտծ «Օլ Սթար» Մրցումներու Աստղը

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ «Օլ Սթար» Մրցումներու Աստղը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի վարչութիւնը այս տարի տարբեր ոճի մը դիմած էր «Օլ Սթար»-ի մրցումը կատարելու, ուր 3 տարբեր խումբեր իրար դէմ մրցեցան 12 վայրկեաններու ընթացքին (1 մաս), եւ զտուելէ ետք «Սթարզ» (աստղեր) խումբը 47-21 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Սթրայփս» (գիծեր) խումբը աւարտական մրցումին: Առաջին մրցումին «Սթարզ» 37-35 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) կրցած էր յաղթել միջազգային խումբին: Անթոնի Էտուըրտծ 13 կէտ նշանակած էր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի` 77-80

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի` 77-80

Աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի իր մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց` 77-80 արդիւնքով պարտուելէ ետք Ռիատիէն: Մրցումը շատ արագ սկսաւ, եւ Ռիատի, որուն վերամիացած էր Ռեպեքքա Աքըլ, սկիզբէն ձեռք առաւ մրցումին ղեկը: Առաջին մասին 14-23 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Ռիատի 14 կէտերու բարձրացուց իր առաւելութիւնը (14-28), որմէ ետք ՀՄԸՄ Անթիլիաս վերջապէս ինքզինք գտաւ: 5...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

Այսօր, ժամը 16:45-ին, Քլիւպ Սանթրալի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը բաւական դժուար մրցում մը ունի կատարելիք տեղւոյն Սանթրալին դէմ: Ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումը շատ կարեւոր կը նկատուի դասաւորման համար, մանաւանդ որ վերջին 4 մրցումներն ալ նոյնքան կարեւոր են, ուր բոլոր մարզիկներն ալ պէտք է տան իրենց առաւելագոյնը, որպէսզի չաւելնայ 8 պարտութիւններուն հաշիւը: Զաք Լոֆթըն - Ճորտըն Սթիվընզ...

Page 59 of 1275 1 … 58 59 60 … 1,275

Արխիւներ