Վերջին ճակատումին 4-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Պենֆիքայէն (28 յունուարին), Ռէալ Մատրիտ 20 օր ետք կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել նոյն դաշտին` «Էսթատիօ Տալուս»-ի վրայ, Լիզպոնի մէջ:
66 հազարէ աւելի տաք համակիրներ ներկայ եղան այս ճակատումին, որուն առաջին կիսախաղը քիչ մը աւելի հանդարտ էր: Էմպափէ քանի մը առիթ ունէր, բայց Պենֆիքա լաւ պաշտպանեց եւ 2 առիթներ ալ ստեղծեց, սակայն արդիւնքը մնաց 0-0:
Բ. կիսախաղին հակայարձակումի մը վրայ Էմպափէ փոխանցեց Վինիսիուս Ժունիորի, որ Պենֆիքայի քառակուսիի ծայրէն խաղի բերելէ ետք մրցակից մը անզսպելի հարուածով մը գրաւեց ուքրանացի բերդապահ Անաթոլի Թրուպինի բերդը: Թրուպին, որ հերոսն էր Ռէալի դէմ վերջին ճակատումին, նշանակելէ ետք 4-րդ կոլը, լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց անկարող էր զսպել Վինիսիուսի հարուածը:
Վինիսիուս իր կոլը տօնեց պարելով Պենֆիքայի համակիրներուն առջեւ… օրուան իրաւարարը դեղին քարտ տուաւ Վինիսիուսին, որուն մօտենալով Պենֆիքայէն արժանթինցի մարզիկ Ճիանլուքա Փրեսթիաննի (20 տարեկան) բաներ մը խօսեցաւ: Ըստ Վինիսիուսի, Փրեսթիաննի զինք կապիկ կոչած էր, եւ ցեղասպանութեան դէմ նշանով իրաւարարը մրցումը կասեցուց: Վիտէոները դիտելէ ետք բան չփաստուեցաւ, մինչ Պենֆիքայի մարզիչ Ժոսէ Մուրինիօ իր զարմանքը արտայայտեց ըսելով, «թէ ինչո՛ւ միշտ Վինիսուսի հետ կը պատահին այդ ցեղասպանութեան հարցերը: Պենֆիքայի պատմական կոլ-սքորըրն ալ մութ գոյն ունէր (Էօսեպիօ), եւ ոչ մէկ հարց կայ այսպիսի բաներու»:
Յամենայն դէպս մրցումը 7 վայրկեան ետք շարունակուեցաւ եւ Վինիսիուս քանի մը առիթ եւս ունեցաւ, բայց չկրցաւ պարտութեան մատնել Թրուպինը:
Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 3 կոլ նշանակել եւ յաղթել «ֆրանսական տերպի»-ի մրցումին:
Մոնաքօ, որմէ կը բացակայէր գերմանացի Թիլօ Քեհրեր (հիւանդ) իր նախկին ակումբին դէմ, երկու կանուխ կոլեր նշանակեց Ֆլորիան Պալոկունի շնորհիւ առաջին եւ 18-րդ վայրկեաններուն:
22-րդ վայրկեանին Վիթինիա չկրցաւ իր փենալթին կոլի վերածել, երբ գերմանացի-զուիցերիացի բերդապահ Ֆիլիփ Քոն զսպեց անոր հարուածը:
27-րդ վայրկեանին Տեզիրէ Տուէ փոխարինեց Ուսման Տեմպելէն, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն աւելի լաւ խաղալու սկսաւ: Տուէ 2 վայրկեան ետք նշանակեց 2-1-ի կոլը Պարքոլայի փոխանցումէն ետք, եւ 41-րդ վայրկեանին փոխանցում մը կատարեց Հաքիմիիի, որ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
48-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր կողովին կարծր ֆաուլէ մը ետք (Վիթինիայի վրայ) կարմիր քարտ ստացաւ:
62-րդ վայրկեանին Տուէ նշանակեց Փարիզի ակումբին յաղթանակի կոլը: Գերմանիոյ մէջ, Տորթմունտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իտալիոյ հիւսիսի ակումբներէն Աթալանթան: Սերհու Կիրասի եւ Մաքսիմիլիան Պայեր նշանակեցին «դեղիններ»-ուն 2 կոլերը: Թուրքիոյ մէջ Կալաթասարայ ծանր պարտութեան մատնեց Իտալիոյ «հսկայ» Եուվենթուսը` 5-2 արդիւնքով:
Կիսախաղին 2-1 արդիւնքով յաղթական Եուվենթուս չկրցաւ զսպել իր մրցակիցը, որ 4 կոլեր նշանակեց նետերլանտցի Նոա Լանկի (2), քոլոմպիացի Սանչեսի եւ ֆրանսացի Սաշա Պոյի շնորհիւ:


