Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մեկնի Սերպիա` մարզական հաւաք ունենալու համար եւ պատրաստուելու համար ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած Մոնտիալի զտումի երկրորդ հանգրուանի զոյգ մրցումներուն Սէուտական Արաբիոյ (27 փետրուար) եւ Հնդկաստանի (2 մարտ) դէմ:
Ազգային խումբը պիտի առաջնորդէ Մարուն Ժըպրայէլ, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ազգային խումբի տնօրէն Ուալիտ Եամմութ, մարզիչ Ահմետ Ֆարրան, օգնական մարզիչներ Եովան Կորեչ եւ Քայթանցիտիս Շարալամփոս, բժիշկ Ուիսամ Պուէյրի, մարձող Ռազմիկ Պէօճեքեան եւ 15 մարզիկներ:
Մարզիկներն են` Ալի Մանսուր, Ալի Մըզհեր, Ամիր Սէուտ, Տետրիք Լոսըն, Ժերար Հատիտեան, Հայկ Կէօքճեան, Ժատ Խալիլ, Ժիհատ Խաթիպ, Լուքաս Սալեհ, Մարք Խուրի, Օմար Ժամալ, Օմար Ժամալէտտին, Սերժիօ Տարուիշ, Ուաէլ Արաքժի եւ Եուսեֆ Խայեաթ:
Մարզիչները պիտի զտեն լաւագոյն 12-ը, որոնք պիտի շարունակեն զտումի մրցումները, Առաջին հանգրուանի զոյգ մրցումներուն, Լիբանան 83-86 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Քաթարէն, 3 օր առաջ յաղթելէ ետք անոր (75-74): Դ. խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Սէուտական Արաբիա եւ Հնդկաստան: Սէուտական Արաբիա իր երկու մրցումներն ալ յաղթած էր Հնդկաստանի եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Նշենք, որ Լիբանանի մրցումները տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, մուտքի տոմսերը արդէն իսկ ծախու հանուած են:


