Մարզական

«Հայփ Էֆ. Սի. Պրազիլ».  Արման Ծառուկեանի  Մասնակցութիւնը Հաստատուեցաւ

«Հայփ Էֆ. Սի. Պրազիլ». Արման Ծառուկեանի Մասնակցութիւնը Հաստատուեցաւ

Հայաստանցի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան «Հայփ Էֆ. Սի. Պրազիլ» մրցաշարքին պիտի մասնակցի: Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 11 մարտին, եւ Արման Ծառուկեանի ելոյթը պիտի ըլլայ երեկոյի գլխաւոր իրադարձութիւնը: Ծառուկեան անգամ մը եւս պիտի մասնակցի կրեփլինկի մենամարտին` «սապմիշըն օնլի» կանոններով: Նոյն ձեւաչափով ան արդէն հանդէս եկած էր 30 դեկտեմբեր 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած...

Մխիթարեան Կը Հերոսանայ  Եւ Ինթերի Պատմութեան  Էջերուն Մէջ Անգամ Մը Եւս Կը Յիշուի

Մխիթարեան Կը Հերոսանայ Եւ Ինթերի Պատմութեան Էջերուն Մէջ Անգամ Մը Եւս Կը Յիշուի

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, 27-րդ հանգրուանի իր մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճենովան: Ինթերի ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը հրապարակում մը կատարած են` նուիրուած ակումբի փորձառու միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին: Հայաստանի ազգային խումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուն շատ գեղեցիկ էսիսթ մը կատարած էր իր խմբակից Ֆետերիքօ Տիմարքոյի, որ վոլէով նշանակած էր անմոռանալի կոլ մը: «Ներաձուրի»-ի մամլոյ ծառայութիւնը...

Ըստ «Օփթա»-ի`  Արսենալ Պիտի Շահի «Չեմփիընզ Լիկ»-ը

Ըստ «Օփթա»-ի` Արսենալ Պիտի Շահի «Չեմփիընզ Լիկ»-ը

Անցեալ ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնը: «Օփթա» վիճակագրութիւններու մասնագէտները աշխատցուցած են իրենց գերհամակարգիչները, որոնց համաձայն Անգլիոյ Արսենալ ակումբը կը պահէ այս մրցաշարքը շահելու մեծագոյն յոյսերը: «Կանըրզ» («Թնդանօթաձիգներ»-ը)` ունին 27,4 տոկոս յաղթանակի հաւանականութիւն: Արսենալ տարեշրջանի սկիզբէն թիւ 1 թեկնածուն կը նկատուէր, եւ վիճակաձգութեան հիմամբ անոնց ճամբան աւելի «դիւրին» կ՛երեւի (անշուշտ թուղթի վրայ)...

Հերի Քէյն Կը Մօտենայ  Լեվանտովսքիի Մրցանիշին

Հերի Քէյն Կը Մօտենայ Լեվանտովսքիի Մրցանիշին

Պայերն Միւնիխի այժմու կոլ սքորըր Հերի Քէյն կը փորձէ իր փոխարինած լեհ աստղ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի մրցանիշը բարելաւել: Մարզիչ Վենսան Քոմփանիի հետ Պայերն Միւնիխ գրեթէ անզսպելի է: Յարձակողական գիծը այս պահուս շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` 122 կոլեր նշանակելով այս տարեշրջանին, բոլոր մրցաշարքերուն: Յառաջապահ Հերի Քէյն լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ կը մօտենայ մրցանիշ մը հաստատելու «Պունտըսլիկա»-ի մէկ եղանակի...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Խմբային Գեղեցիկ  Խաղարկութիւն Կ՛որդեգրէ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Խմբային Գեղեցիկ Խաղարկութիւն Կ՛որդեգրէ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը ուրբաթ օր շատ գեղեցիկ յարձակողական մրցումէ մը ետք 115-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան` արձանագրելով տարեշրջանի ամէնէն բարձր արդիւնքը: Նախապէս Ազուր միայն կրցած էր 100 կէտերու սահմանը անցնիլ, այդ ալ Մթայլեպի դէմ անցեալ 21 փետրուարին (101-62): ՀՄԸՄ Անթիլիասի 115 կէտերը շատ աւելի կրնային բարձր ըլլալ, մանաւանդ որ վերջին 4 վայրկեաններուն պահեստի մարզիկներուն առիթ տրուեցաւ խաղալու:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Երկրին Եւ Շրջանի Անապահով Վիճակին  Պատճառով Յետաձգուեցան Բոլոր Մրցումները

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Երկրին Եւ Շրջանի Անապահով Վիճակին Պատճառով Յետաձգուեցան Բոլոր Մրցումները

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթ առաւօտ արտակարգ ժողով մը գումարելէ ետք որոշեց ֆութպոլի բոլոր մրցումները յետաձգել` երկրին եւ շրջանին անապահով վիճակին պատճառով: Գ. դասակարգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ պիտի մրցէր Հարաքեթ Շապապի դէմ, քանի մը օր եւս ունի պատրաստուելու մրցումին համար, որուն նոր ժամանակացոյցը կը յայտնէ ֆետերասիոնը: Ուրբաթ օր տեղի ունեցած էին Գ. դասակարգին գծով քանի մը մրցումներ, ուր...

Մոնտիալի Զտում.  Լիբանան 30 Կէտերու Առաւելութեամբ  Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ

Մոնտիալի Զտում. Լիբանան 30 Կէտերու Առաւելութեամբ Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու երկրորդ շաբթուան իր առաջին մրցումին, ուրբաթ գիշեր 94-64 արդիւնքով լայն յաղթանակ տարաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Մրցումին սկիզբէն Ուաէլ Արաքժի, Տետրիք Լոսըն, Եուսեֆ Խայյաթ, Օմար Ժամալետտին եւ Ժիհատ Խաթիպ կրցան զսպել Սէուտական Արաբիոյ չնչին առաւելութիւնը, մրցումի առաջին 2 վայրկեաններուն (2-6)` անգամ մը եւս ետ չմնալով: Անշուշտ հնգեակը շատ անգամ փոխուեցաւ, ուր...

Ըմբշամարտ.  Ծառուկեանի Մրցումը Վերջ Գտաւ Զանգուածային Ծեծկռտուքով

Ըմբշամարտ. Ծառուկեանի Մրցումը Վերջ Գտաւ Զանգուածային Ծեծկռտուքով

Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի Թեմփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ՌԱՖ 06» ազատ ըմբշամարտի երեկոն: Կարեւորագոյն մրցումին, Արման Ծառուկեան կրցաւ 5-3 արդիւնքով յաղթել Ճիորճիօ Փուլասին: Փուլաս մրցումի սկիզբէն դիմած էր հոգեբանական ճնշումի եւ յաճախ սադրիչ խօսքեր կ՛ուղղէր Ծառուկեանին, ապտակ մըն ալ իջեցուց Արմմանի գլխուն. վերջինս անմիջապէս պատախանեց: Երկու մարզիկներն ալ ազդարարութիւններ ստանալէ ետք մրցումը աւելի լրջացաւ: Ծառուկեան յստակ առաւելութիւն ունէր իր...

Բռնցքամարտ.  Անուշ Գրիգորեան Շահեցաւ Հայաստանի Միակ Պրոնզ Մետալը

Բռնցքամարտ. Անուշ Գրիգորեան Շահեցաւ Հայաստանի Միակ Պրոնզ Մետալը

Հայ բռնցքամարտիկ Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) դարձաւ Սթրանճա մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիր: Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի կարեւորագոյն եւ հնագոյն մրցաշարքին, Անուշ Գրիգորեան եղաւ միակ հայ ներկայացուցիչը, որ մետալ շահեցաւ յօգուտ 10 մարզիկներով մասնակցած Հայաստանի: Անուշ Գրիգորեանի կողքին 65 քկ կշիռի Էլիտա Քոչարեան մասնակցեցաւ 8 անդամնոց տղոց կազմին կողքին: Ռուտոլֆ Գարբոյեան (50 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (55 քկ), Արթուր Բազէեան (60 քկ),...

Էմ. Էմ. Էյ.  Արայիկ Մարգարեան` Յաղթական

Էմ. Էմ. Էյ. Արայիկ Մարգարեան` Յաղթական

Հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի վեթերան Արայիկ Մարգարեան վաղաժամ յաղթանակ (28-15) տարաւ «Էքզակոն Էմ. Էմ. Էյ. 40» մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Ֆրանսայի Էքս Ան Փրովանս քաղաքին մէջ: 37 տարեկան մարտիկը երկրորդ ռաունտին խեղդելու հնարքով աւարտեց իտալացի Վալենթինօ Ռիվայի (6-4) դէմ մենամարտը: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Մարգարեան տակաւին յաջող ելոյթ կ՛ունենայ եւ եւրոպական ասպարէզին մէջ ամէնէն փորձառու հայ մարտիկներէն մէկն է:...

Ըստ «Մարքա»-ի`  Իրան Կրնայ Պոյքոթի  Ենթարկել Մոնտիալը

Ըստ «Մարքա»-ի` Իրան Կրնայ Պոյքոթի Ենթարկել Մոնտիալը

Սպանական հեղինակաւոր «Մարքա» պարբերականի հաղորդագրութեան, Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը հաւանաբար պոյքոթի ենթարկէ 2026-ի Մոնտիալը: Այս որոշումը վստահաբար կապուած է Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական լարուածութեան եւ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատերազմական գործողութիւններուն: Իրավիճակը այս շրջանին մէջ շատ սրած է 28 փետրուարի առաւօտեան ժամերէն, երբ Իսրայէլ «կանխարգելիչ հարուած» հասցուցած է Իրանին: Ժամեր ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր զինուորական...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տիւրենթ Կը Գերազանցէ Պրայընթի Թիւերը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Կը Գերազանցէ Պրայընթի Թիւերը

Հիուսթըն Ռոքեթց աստղ Քեւըն Տիւրենթ երէկ Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին 32 կէտեր նշանակեց` դառնալով պատմութեան 5-րդ մարզիկը, որ 30 կէտերէ աւելի կը նշանակէ 432-րդ անգամ ըլլալով: Տիւրենթ 5-րդ դիրքը խլեց Քոպի Պրայընթէն եւ այժմ կարիքը ունի 4 մրցումներու եւս` անցնելու 4-րդ դիրք գրաւող Քարլ Մալոնի, 85 մրցումներու հասնելու Ուիլթ Չեմպըրլէյնի (516), 131` Մայքըլ Ճորտընի (562) եւ 144` Լըպրոն Ճէյմսի 575:...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Տինամօ Պէյրութ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Տինամօ Պէյրութ

Վաղը ժամը 14:00-ին, Մապարրայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի (ներկայացուցչական) ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ բաւական լաւ խումբ մը կազմած է երիտասարդ տարրերով օժտուած` գլխաւորութեամբ Հիլալ Նասրի նախկին մարզիչ Ահմետ Իթանիի, որ կ՛աշխատի Յակոբ Տեմիրճեանի հովանիին տակ` նկատի ունենալով, որ վերջինս ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի տարիքային խումբերու ակադեմիան, միեւնոյն ժամանակ պահելով...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հարաքեթ Շապապ

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հարաքեթ Շապապ

Այսօր ժամը 14:15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի 11-րդ հանգրուանին գծով պիտի հիւրընկալէ Հարաքեթ Շապապը: Ամէն ինչ մոռնալով տղաքը պիտի կեդրոնանան այս մրցումին վրայ` երթի (2-1) մրցումին նման յաղթելով մրցակիցին, որ կը գրաւէ Բ. խմբակին 8-րդ եւ վերջին դիրքը: Այժմ դիրքերը կարեւոր չեն, կարեւորը 3 կէտերն են: Բազմաթիւ մարզիկներ 2 դեղին քարտեր ունին եւ ուշադիր...

Բռնցքամարտ.  Անուշ Գրիգորեան Հասաւ Կիսաւարտական

Բռնցքամարտ. Անուշ Գրիգորեան Հասաւ Կիսաւարտական

Հայաստանի բռնցքամարտիկ Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) հասաւ բռնցքամարտի հեղինակաւոր Սթրանճայի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտական: Քառորդ աւարտականին Գրիգորեան պարտութեան մատնեց սերպ Նինա Ռատոնովիչը իրաւարարներու միաձայն որոշումով, ան առնուազն պրոնզէ մետալ ապահովեց: Կիսաւարտականին Գրիգորեան պիտի մրցի Զլաթիսլաւա Ձուկանովայի դէմ (Պուլկարիա), որ վստահաբար պիտի վայելէ համակիրներու քաջալերանքը: Նշենք, որ Գրիգորեան նախապէս յաղթած էր իտալացի Միշել Վեսքովինիի: Ան դարձաւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ կրցաւ Սոֆիայի...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Հայկական Ֆութպոլի Պատմական  Տարեշրջանը Փակեց

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Հայկական Ֆութպոլի Պատմական Տարեշրջանը Փակեց

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Նոա ակումբը իր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի պատմական տարեշրջանը աւարտեց հինգշաբթի գիշեր: Նոա առաջին անգամ ըլլալով հասաւ այս մրցաշարքի 1/16-րդ հանգրուանին` արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը (1-0, երթին): Նոայի այդ օրուան հերոսն էր Յովհաննէս Համբարձումեան, որ նշանակած էր կարեւոր հանգրուանի այդ կոլը ոչ միայն ակումբին, այլեւ հայկական ֆութպոլին համար: Հայկական ակումբներու յաջորդ ելոյթներուն շնորհիւ Հայաստան բարձրացաւ...

Ինթեր Միլան Կը Մտածէ Չերկարաձգել  Մխիթարեանի Պայմանագիրը

Ինթեր Միլան Կը Մտածէ Չերկարաձգել Մխիթարեանի Պայմանագիրը

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն ակումբներէն Ինթեր Միլան կը մտածէ չերկարաձգել Հենրիխ Մխիթարեանի հետ իր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին: Մխիթարեան միակ մարզիկը չէ, որ կրնայ լքել Ինթերը: Էնտի Տիուֆի, Տաւիտէ Ֆրաթեզիի եւ մինչեւ իսկ Նիքոլօ Պարելլայի ապագան մութ կը թուի ըլլալ Սան Սիրոյի ակումբին հետ: Ըստ «Կացեթթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Ֆրանչեսքօ Աչերպիի, Մաթէօ Տարմեանի եւ Սթեֆան Տէ Վրէյի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քոն Քնիփըլ 3 Կէտնոց Կողովներու Մրցանիշ Հաստատեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քոն Քնիփըլ 3 Կէտնոց Կողովներու Մրցանիշ Հաստատեց

Չարլոթ Հորնեթցի նորեկ մարզիկ Քոն Քնիփըլ մրցանիշ մը հաստատեց 207-րդ 3 կէտնոց կողովը նշանակելով` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ մրցումին: 2023-ին Քիկըն Մարէյ նորեկ մարզիկներու (ռուքի) մրցանիշ հաստատած էր 80 մրցումներու ընթացքին հասնելով 207 յաջող 3 կէտնոց կողովներու: Քնիփըլ իր 59-րդ մրցումին արդէն 209 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշը կը պատկանի Սթեֆ Քըրրիի, որ մէկ տարեշրջանի ընթացքին 402 յաջող...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիբանան – Սէուտական Արաբիա

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Սէուտական Արաբիա

Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Ճիւնիի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ, 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան (Քաթարի մէջ) զտումի մրցումներուն գծով իր 3-րդ մրցումին: Իր առաջին երկու մրցումներուն` անցեալ նոյեմբերին, Լիբանան մրցած էր երկու անգամ Քաթարի դէմ առաջին մրցումին յաղթելով (75-74) անոր դաշտին վրայ, իսկ երկրորդ մրցումին պարտուելով (83-86) Լիբանանի մէջ նոյնինքն Քաթարէն: Այսօր...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սփորթինկ Պքեննայա –  ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Սփորթինկ Պքեննայա – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Սփորթինկ Պքեննայայի դէմ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Այս դաշտը կը նկատուի նաեւ մրցակիցին դաշտը` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ կ՛օգտագործեն զայն: Մրցակից խումբը միջակ խումբ մըն է, որ մեծ մասամբ կը վստահի օտար մարզիկներուն, որոնցմէ ընդհանրապէս Ամինաթա Լի եւ...

Page 56 of 1275 1 … 55 56 57 … 1,275

Արխիւներ