Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարդ Սփերձեան 365 օրերու ընթացքին ամէնէն արդիւնաւէտ գործողութիւնները կատարած ֆութպոլիստներու լաւագոյն մարզիկներուն մէջ ընդգրկուեցաւ:
«Սի. Այ. Ի. Էս. ֆութպոլի Օպզըրվաթըրի»-ն ուսումնասիրած է աշխարհի 67 լիկաներու ֆութպոլիստներու վիճակագրութիւնը վերջին 12 ամիսներուն` պարզելու համար, թէ որոնք են լաւագոյնները կոլերու առիթներ ստեղծելու մէջ:
Հայ միջնապահը գրաւեց 24-րդ դիրքը 30 արդիւանաւէտ գործողութիւններով` նշանակելով 14 կոլ եւ կատարելով 16 էսիսթ:
Բացի ատկէ, Սփերձեան բարձր դիրք կը գրաւէ նաեւ յատուկ ինտեքս ցուցանիշով, որ հաշուի կ՛առնէ մրցումներու եւ լիկաներու մակարդակը: Այս ցուցանիշով ան 16-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Ցուցակը կը գլխաւորէ Լիոնել Մեսսի, որ վերջին 12 ամիսներուն հաւաքած է 59 կոլային գործողութիւն (37 կոլ եւ 22 էսիսթ):
Արժանթինցի աստղին ամէնէն մօտ հետապնդողներն են Հերի Քէյն 42 (35 կոլ եւ 7 էսիսթ), Անտերս Տրէյըր 41 (22 կոլ եւ 19 էսիսթ) եւ Քիլիան Էմպափէ 41 (37 կոլ եւ 4 էսիսթ):
Առաջին հարիւր մարզիկներուն մէջ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստն է Պարսելոնայի աջ ծայրի յառաջապահ Լամին Եամալ, որ ընդամէնը 18 տարեկան եւ 6 ամսու է: Ան Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի գծով 29 կոլային գործողութեան մասնակցած է` նշանակելով 18 կոլ եւ 11 էսիսթ:
Երիցագոյն ֆութպոլիստներն են Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (29 կոլ եւ 2 էսիսթ) եւ Լիոնել Մեսսի, որոնք յաջորդաբար 41 եւ 38 տարեկան են:
45 տարբեր լիկաներէն ֆութպոլիստներ կ՛ամբողջացնեն լաւագոյն 100-ի ցանկը:


