Կարէն Դմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի օդամղիչ ատրճանակի տղոց խումբը պրոնզէ մետալին համար մրցում ունեցաւ Պուլկարիոյ դէմ:
Հայաստանի հաւաքականը, որուն մաս կը կազմէին Զաւէն Իգիթեան, Բենիկ Խլղաթեան եւ Գէորգ Մելքոնեան, ընդհանուր արդիւնքով 17-9 արդիւնքով գերազանցեց Պուլկարիոյ հաւաքականը եւ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
4 ոսկի, 8 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներով Հայաստան փակեց Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` բաւական պատուաբեր արդիւնքով:


