Մարզական

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան Եւ Հայկ Մարտիրոսեան  Պիտի Մասնակցին 2027-ի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Եւ Հայկ Մարտիրոսեան Պիտի Մասնակցին 2027-ի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Անցեալ շաբաթավերջին Լեհաստանի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի անհատական ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն բարձր դիրքեր գրաւելէ ետք, հայ վարպետներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրաւունք ստացան մասնակցելու յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Արսէն Դաւթեան ամբողջացուց իր վարպետի առաջին նորման եւ դարձաւ մեծ վարպետ, իսկ Տիգրան Համբարձումեան իր միջազգային վարպետի երկրորդ նորման ամբողջացուց:    

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան 5-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան 5-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 77 քկ կշիռի աւարտականին, Ամոյեան մրցեցաւ վրացի Ռամազ Զոյձէի դէմ եւ չնչին առաւելութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին: Յունահռոմէական ոճի 55 քկ կշիռի մրցումներուն, Մանուէլ Խաչատրեան պարտուեցաւ պրոնզէ մետալի մրցումին` տեղի տալով պուլկարացի մրցակից Սթեֆան Կրիկորովի...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Ունի Նոր Մարզիչ

Ֆութսալ. Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Ունի Նոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք կեդրոնին (կամ ակադեմիայի կեդրոնին) մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ներկայացուց ֆութսալի ազգային հաւաքականի փոփոխութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բոլոր բաժիններու ղեկավարները եւ ֆութսալի Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամները: Ռուբէն Նազարէթեան այսուհետեւ կը զբաղեցնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը կը գլխաւորէ սպանացի մասնագէտ Անթոնիօ Ֆեռնանտես: Ան մեր ազգային...

Թոնի Քրուս Վերջնականապէս  Յստակացուց Իր Կեցուածքը

Թոնի Քրուս Վերջնականապէս Յստակացուց Իր Կեցուածքը

Ռէալ Մատրիտի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս խոստովանեցաւ, որ ընդհանրապէս չի մտածեր ֆութպոլի ասպարէզի վերսկսելու մասին: 20 ապրիլին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած «Լաուրէուս» մրցանակի երեկոյթին ան յայտարարեց. «Նման միտք իմ մօտս երբեք չծագեցաւ, քանի որ հեռացայ ճիշդ այնպէս, որ կը ցանկայի: Ես փակած եմ այդ էջը: Ինծի միշտ կը թուէր, որ անկարելի է ասպարէզը աւելի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպանեամա Վիրաւորուեցաւ Եւ Սփըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Վիրաւորուեցաւ Եւ Սփըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները հետզհետէ աւելի հետաքրքրական դառնալու սկսան, երբ իրենց երկրորդ մրցումներուն թեկնածու խումբեր պարտութիւններ կրեցին: Սան Անթոնիոյի մէջ (Թեքսաս) տեղւոյն Սփըրզը վերջին մասին չկրցաւ դիմանալ եւ 106-103 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Առաջին մասին, Սփըրզի ֆրանսացի սենթըր Վիքթոր Ուեմպանեամա ֆաուլի ենթարկուեցաւ եւ երեսին վրայ գետին իյնալով վիրաւորուեցաւ` կիսատ լքելով մրցումը: «Ուեմպի», որ քանի մը օր առաջ...

Անչելոթթի. «Պէտք Է Վերադառնանք  Մեր Արմատներուն, Թէ Ոչ…»

Անչելոթթի. «Պէտք Է Վերադառնանք Մեր Արմատներուն, Թէ Ոչ…»

Իտալական ֆութպոլը համակարգային ճգնաժամ կ՛ապրի: Ազգային խումբը ձախողեցաւ հասնիլ յաջորդական 3-րդ Մոնտիալին, մինչ ակումբները այս տարեշրջանին ջախջախիչ պարտութիւններ կրեցին եւրոպական մրցաշարքերուն, իսկ երկրին մէջ երիտասարդ տաղանդներու եւ մարզական ենթակառոյցներու աղէտալի պակաս կը զգացուի: Այս խնդիրներէն անկախ, կորսուած է նաեւ Իտալիոյ «Քաթենաչիօ»-ն , որուն իմաստն է «իտալական դրան կղպանքը»: Այս հարցով ուշադրութեան հրաւիրած է իտալացի պատմական մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի, որ այժմ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ`  110-73 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ` 110-73 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը բաւական բացակայ մարզիկներով մեկնած էր Սուրիա` մասնակցելու մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ «Ֆայհաա» վերանորոգուած մարզադաշտին բացման բարեկամական մրցումին` Սուրիոյ ազգային խումբին դէմ: Լիբանան վստահաբար մակարդակով շատ աւելի բարձր էր, ան նոյնիսկ մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով կրցաւ յաղթել առաջին մասին` 34-19, Բ. մասին` 31-20, Գ. մասին 25-20 եւ վերջին մասին `20-14, իսկ վերջնական` 110-73 արդիւնքով: Եուսեֆ Խայյաթ մօտ...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան Երկար Ուշացումէ Ետք Հասաւ Պրազիլ

Բռնցքամարտ. Հայաստան Երկար Ուշացումէ Ետք Հասաւ Պրազիլ

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականը գրեթէ 4 օր ճամբորդութենէ ետք հասաւ Պրազիլ` մասնակցելու աշխարհի բաժակի առաջին մրցաշարքին: Ըստ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնին, մարզիկներուն ճանապարհը դէպի Իկուասու (Պրազիլ) գրեթէ 4 օր տեւած է եւ լեցուն եղած է բազմաթիւ դժուարութիւններով: Նախ պատուիրակութիւնը ստիպուած եղած է երկու օր մնալ Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա), ուր «Լուֆթհանզա» ճամբորդական ընկերութեան աշխատակիցները գործադուլի դիմած էին կազմակերպչական խափանումներու պատճառով: Մարզական վարչութիւնը միջամտած...

Ըմբշամարտ.  Մալիաս Ամոյեան` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Ընտրուեցաւ Եւրոպայի Լաւագոյն Յունահռոմէական Ըմբիշ

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան նախօրեակին, Եւրոպայի ըմբշամարտի կոմիտէն Մալխաս Ամոյեանը ընտրեց 2025-ի յունահռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն մարզիկ: 27 տարեկան ըմբիշին համար 2025-ը տպաւորիչ էր եւ անխոցելի: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, երկու անգամ աշխարհի ախոյեան եւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Ամոյեան անցեալ տարի ոչ մէկ պարտութիւն կրած էր: Ամոյեանի յաջող տարին ընդգրկած էր աշխարի եւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Արձանագրեց  Իր Երկրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ 115-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին, 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Տոնավըն Միչել 30 կէտ նշանակեց եւ Ճէյմս Հարտըն 28 կէտ աւելցուց Քլիվլենտի հաշուոյն, մինչ Սքոթի Պառնզ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թորոնթոյի, որ առաջին մասէն արդէն 7 կէտերով ետ մնաց եւ չկրցաւ հասնիլ Քլիվլենտի: Նիւ Եորք Նիքս շատ կարեւոր մրցում մը...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ 2».  Այսօր` Նասր – Ահլի

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ 2». Այսօր` Նասր – Ահլի

Այսօր Սէուտական Արաբիոյ մէջ Նասր պիտի հիւրընկալէ Տոհայի Ահլին, Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ 2» մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին: Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր ակումբը պիտի փորձէ քառորդ աւարտականին նման հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Ահլիի դէմ դարձի մրցումէն առաջ: Նասր 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ուասլ ակումբին 4-0 արդիւնքով, ուր փորթուգալցի պատմական աստղը իր ասպարէզի 969-րդ կոլը նշանակեց: Մնացեալ 3 կոլերը նշանակեցին...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ 2».  Այսօր` Նասր – Ահլի

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 7 Ակումբներ Արդէն Իսկ 100 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի Պիտի Ստանան

«Ֆութպոլ Միթց Տաթա» վերլուծական հարթակին համաձայն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս տարեշրջանին եօթը ակումբներ արդէն իսկ գերազանցեցին 100 միլիոն եւրոյի սահմանը` իբրեւ պարգեւավճար: Կիսաւարտականի հանգրուան հասնելով` Պայերն Միւնիխ ակումբը եկամուտներու ցուցանիշով առաջին դիրքը գրաւած է: Բ. դիրքը կը գրաւէ Լոնտոնի Արսենալը` 124,7 միլիոն եւրոյով, մօտ 2,6 միլոն եւրոյով ետ մնալով Պայերնէն: Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն,...

«Ֆորմիւլա 1».  Համաձայնութիւն Կնքուեցաւ  Աւելի Զօրացնելու Ինքնաշարժները

«Ֆորմիւլա 1». Համաձայնութիւն Կնքուեցաւ Աւելի Զօրացնելու Ինքնաշարժները

Երկուշաբթի օր «Ֆորմիւլա 1»-ի վարչական պատասխանատուներ ժողով մը ունենալէ ետք «Ֆորմիւլա 1»-ի խումբերու եւ սեփականատէրերու հետ համաձայնեցան աւելի զօրացնելու ինքնաշարժները: Այս տարեշրջանին մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած էին «Ֆորմիւլա 1»-ի ինքնաշարժները, ուր ուժը բաժնուած էր 50 տոկոս վառելանիւթի եւ 50 տոկոս ելեկտրական (բարդի ուժով) ձեւով: Վարորդները ընդհանրապէս դժգոհ էին, երբ առաջին երեք կրան փրիներուն նկատած էին, թէ արագ դարձուածքներուն վրայ իրենք կը...

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Շաբաթավերջին վերջ գտաւ ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի անդամներէն Ռոպերթ Յովհաննիսեան 8 կէտերով գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը` 1 կէտով ետ մնալով ուքրանացի վարպետ Ռոման Տեհթիարովէն: Հայկ Մարտիրոսեան իր կարգին 8 կէտեր շահեցաւ կարելի 11 կէտերէն եւ գրաւեց 13-րդ դիրքը, մինչ Արսէն Դաւթեան 23-րդ դիրքը գրաւեց 8 կէտերով: Էմին Օհանեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Միհրան Յարութիւնեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Միհրան Յարութիւնեան` Յաղթական

Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու եւ Եւրոյպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Միհրան Յարութիւնեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ խառն մենամարտերու ասպարէզին մէջ եւ յաղթանակ արձանագրեց: Երեւանի «Տաշիր Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած «Արմաթ Ֆայթ Շոու»-ի մրցաշարքին գծով Յարութիւնեան մենամարտ մը ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ախոյեան Մակոմետռասուլ Հասանովի դէմ: Յարութիւնեան վայելելով հանդիսատեսներու քաջալերանքը, գերազանց մենամարտ մը ունեցաւ եւ երկրորդ ռաունտին...

«Փրեմիեր Լիկ». Սիթի Պարտութեան Մատնեց Արսենալը. Սալահ Իր Վերջին Տերպիին Կոլ Նշանակեց

«Փրեմիեր Լիկ». Սիթի Պարտութեան Մատնեց Արսենալը. Սալահ Իր Վերջին Տերպիին Կոլ Նշանակեց

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պայքարը ըստ երեւոյթին վերջին հանգրուաններուն աւելի եւս պիտի սրի, մանաւանդ որ այժմ տարբերութիւնը 3 կէտերու նուազեցաւ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի մրցում մըն ալ նուազ կատարած է, քան պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ: Կիրակի օր տեղի ունեցած վճռական ճակատումին, Մանչեսթըր Սիթի կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Արսենալին իր դաշտին վրայ` անյաղթ մնալով 15 յաջորդական մրցումներ: Մրցումը կանուխէն առիթներով սկսաւ, եւ Էրլինկ...

«Լիկ 1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն` 1-2

«Լիկ 1». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն` 1-2

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լիոնէն: Հիւր ակումբը առաջին կիսախաղէն վճռեց մրցումին արդիւնքը` 2 կոլ նշանակելով առաջին 18 վայրկեաններուն ընթացքին: Պրազիլցի Էնտրիք եւ փորթուգալցի Ալֆոնսօ Մորէյրա կանուխ կոլեր նշանակեցին: 33-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոշ փենալթի մը կորսնցուց` ոսկի առիթ մը կորսնցնելով 1 կոլով մօտենալու Լիոնին: Փարիզ Սեն Ժերմեն...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ 35-րդ Անգամ Ըլլալով Գերմանիոյ Ախոյեան

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 35-րդ Անգամ Ըլլալով Գերմանիոյ Ախոյեան

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին, Պայերն Միւնիխ 35-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Գերմանիոյ ախոյեան եւ 34-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան: «Պունտըսլիկա»-ն, որ սկսած էր 1963-ին, փոխարինած էր Գերմանիոյ բարձրագոյն դասակարգը, եւ Պայերն Միւնիխ, որ 1932-ին ախոյեան դառնալէ ետք (Պունտըսլիկա» չկոչուած) իր առաջին «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը շահեցաւ 1968-1969 տարեշրջանին: 1965-ին բարձրանալէ ետք «Պունտեսլիկա»-ի բարձրագոյն դասակարգ, Պայերն Միւնիխ Պեքենպաուըրի, Սեփ Մայերի եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Տիթրոյիթի Անսպասելի Պարտութիւնը. Ուեմպի, Եոքիչ Եւ Շէյ Կը Մրցին

«Էն. Պի. Էյ.». Տիթրոյիթի Անսպասելի Պարտութիւնը. Ուեմպի, Եոքիչ Եւ Շէյ Կը Մրցին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան, երէկ եւ Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ 101-112 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց իր առաջին ճակատումին` Օրլանտօ Մեճիքէն: Օրլանտօ, որ 8-րդ դիրքը գրաւած էր փլէյ-ին մրցումներէն ետք, մրցումին սկիզբէն աւելի լաւ էր` գլխաւորութեամբ Փաուլօ Պանչերոյի, որ 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քէյտ Քանինկհեմ 39 կէտ նշանակեց, բայց ասիկա բաւարար չէր, որ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»  Պայերն Միւնիխ Առաջին Դիրքի Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Պայերն Միւնիխ Առաջին Դիրքի Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» վերջերս հրապարակեց վերջին 5 եւ վերջին 10 տարիներու լաւագոյն խումբերու դասաւորումը` «Չեմփիըզն լիկ»-ի խումբերու գծով: Ռէալ Մատրիտի դէմ յաղթանակներէն ետք, Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխի ակումբը երկու դասաւորումներուն մէջ ալ գերազանցեց Սպանիոյ եւ Եւրոպայի լաւագոյն պատմութիւն ունեցող Ռէալ Մատրիտը: Ռէալ Մատրիտի դէմ (4-3) իր սքանչելի յաղթանակէն ետք Պայերն վերջին 10 տարիներու դասաւորման մէջ 280,5 կէտով գրաւեց պարագլուխի դիրքը`...

Page 45 of 1275 1 … 44 45 46 … 1,275

Արխիւներ