Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Վիրաւորուեցաւ Եւ Սփըրզ Պարտուեցաւ

April 23, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները հետզհետէ աւելի հետաքրքրական դառնալու սկսան, երբ իրենց երկրորդ մրցումներուն թեկնածու խումբեր պարտութիւններ կրեցին:

Սան Անթոնիոյի մէջ (Թեքսաս) տեղւոյն Սփըրզը վերջին մասին չկրցաւ դիմանալ եւ 106-103 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Առաջին մասին, Սփըրզի ֆրանսացի սենթըր Վիքթոր Ուեմպանեամա ֆաուլի ենթարկուեցաւ եւ երեսին վրայ գետին իյնալով վիրաւորուեցաւ` կիսատ լքելով մրցումը: «Ուեմպի», որ քանի մը օր առաջ ընտրուած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս եղանակի լաւագոյն պաշտպանող մարզիկը, կրնայ քանի մը մրցումէ բացակայիլ:

Հակառակ առանց աստղին մնալուն, Սփըրզ պայքարեցաւ մինչեւ մրցումի աւարտը: Տեւըն Վեսըլ 16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սթեֆըն Քեսըլ (18 կէտ), Տ՛Արոն Ֆոքս (17 կէտ), Տիլըն Հարփըր (10 կէտ) եւ Լիւք Քորնեթ (10 կէտ) իրենց կարելին ըրին առանց Ուեմպանեամայի, որ 11 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին` նշանակելով 5 կէտ եւ 4 ռիպաունտ:

Փորթլենտէն առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Սքութ Հենտերսոն (31 կէտ), մինչ Ճրու Հոլիտէյ, որ ֆաուլի ենթարկած էր Ուեմպանեաման (չվիրաւորուած), 16 կէտ աւելցուց:

Պոսթըն Սելթիքս, որ առաջին ճակատումին 123-91 արդիւնքով յաղթած էր Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին, 111-97 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց երկրորդ ճակատումին: Արդարեւ, Պոսթըն իր դաշտին վրայ չկրցաւ ապահովել երկրորդ յաղթանակը, մանաւանդ 2-րդ մասին, երբ Ֆիլատելֆիա 37 կէտ նշանակեց 26-ի դիմաց:

Կը կարծուէր, որ Սելթիքս վերջին մասին 7 կէտերու տարբերութիւնը 2-ի նուազեցնելէ ետք (91-89) պիտի կարենայ ուրախ պահել իր 19 հազար համակիրները, բայց Ֆիլատելֆիա նոյնիսկ առանց վիրաւոր Ժոել Էմպիիտի կրցաւ 11 յաջորդական կէտեր նշանակել եւ յաղթել երկրորդ ճակատումին:

Ճէյլըն Պրաուն 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, բայց Վիճէյ Էճքոմպ (30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Թայրիս Մեքսի (29 կէտ) եւ Փոլ Ճորճ (19 կէտ) բարձր մակարդակի պասքեթպոլ ցուցաբերեցին` եւ յաղթանակը նուիրելով 76-ըրզին:

 

Նախորդը

Անչելոթթի. «Պէտք Է Վերադառնանք Մեր Արմատներուն, Թէ Ոչ…»

Յաջորդը

Թոնի Քրուս Վերջնականապէս Յստակացուց Իր Կեցուածքը

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ 2026. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

September 30, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր

September 30, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.