Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 35-րդ Անգամ Ըլլալով Գերմանիոյ Ախոյեան

April 21, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին, Պայերն Միւնիխ 35-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Գերմանիոյ ախոյեան եւ 34-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան:

«Պունտըսլիկա»-ն, որ սկսած էր 1963-ին, փոխարինած էր Գերմանիոյ բարձրագոյն դասակարգը, եւ Պայերն Միւնիխ, որ 1932-ին ախոյեան դառնալէ ետք (Պունտըսլիկա» չկոչուած) իր առաջին «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը շահեցաւ 1968-1969 տարեշրջանին:

1965-ին բարձրանալէ ետք «Պունտեսլիկա»-ի բարձրագոյն դասակարգ, Պայերն Միւնիխ Պեքենպաուըրի, Սեփ Մայերի եւ Կերտ Միւլըրի հետ 1970-ականներուն դարձաւ Եւրոպայի հզօրագոյն ակումբներէն:

Վերադառնալով Պայերն Միւնիխի կիրակի օրուան մրցումին, մարզիչ Վնսան Քոմփանի 8 փոփոխութիւններ կատարած էր Ռէալ Մատրիտի դէմ մրցումէն, ուր բերդապահ Մանուէլ Նոյըր, Եոնաթան Թահ, Տայօ Ուփամեքանօ, Ալեքսանտր Փաւլովիչ, Քանրատ Լայմիր, Հերի Քէյն եւ Մայքըլ Օլիսէ պահեստի աթոռներուն վրայ էին` հանգիստ ընելու առիթ տալով բերդապահ Եոնաս Ուրպեկի, Քիմ Մինճայի, Հերոքի Իթոյի, Լէոն Կորեթցքայի, Ռաֆայէլ Կեթերոյի, Ժամալ Մուսիալայի, Նիքոլաս Ճեքըսնի եւ Ալֆոնսօ Տէյվիսի:

Այս տարեշրջանին Պայերն փաստեց, որ պահեստի մարզիկներն ու հիմնական մարզիկները նոյն մակարդակը ունին եւ մասնաւոր բան չ՛ազդեր մակարդակին վրայ:

Հարցը հոն է, որ Սերժ Կնապրի վիրաւորուած էր փորձի պահուն, ըստ երեւոյթին այդ վէրքը բաւական լուրջ է եւ կը վտանգէ նոյնիսկ անոր մասնակցութիւնը` Մոնտիալին:

Անցեալ շաբաթ ալ 18 տարեկան Լենարտ Քարլ իր կարգին փորձի պահուն վիրաւորուած էր, բայց անոր մկանի պզտիկ պատռուածքը կրնայ կարճ ժամանակէն դարմանուիլ:

Շթութկարթ աւելի լաւ սկսաւ, քան Պայերն ,եւ Քրիս Ֆիւրիչ մրցումին հաշիւը բացաւ 21-րդ վայրկեանին: Հազիւ 10 վայրկեան ետք, Ռաֆայէլ Կերերօ գնդակը զետեղեց Շթութկարթի բերդին մէջ, եւ յաջորդող 6 վայրկեաններով արդէն իսկ արդիւնքը 3-1 էր: Նիքոլաս Ճեքսըն եւ Ալֆոնսօ Տէյվիս կոլեր նշանակեցին Լուիս Տիասի շատ գեղեցիկ փոխանցումներէն օգտուելով:

Բ. կիսախաղին Հերի Քէյն դաշտ ներկայանալէ ետք նշանակեց Պայերնի 4-րդ կոլը, մինչ Օլիսէ քանի մը առիթներ կորսնցնելէ ետք Շթութկարթ 88-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը եւս, եւ մրցումը վերջ գտաւ Պայերնի տօնակատարութիւններով:

Օր մը առաջ, Տորթմունտ (Բ. դիրք) 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Հոֆենհայմէն:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Տիթրոյիթի Անսպասելի Պարտութիւնը. Ուեմպի, Եոքիչ Եւ Շէյ Կը Մրցին

Յաջորդը

«Լիկ 1». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն` 1-2

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.