Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Աւարտականը 14 Մայիսին` Հանրապետական Մարզադաշտ

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Աւարտականը 14 Մայիսին` Հանրապետական Մարզադաշտ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ազգային բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանդիպումը պիտի կատարուի 14 մայիսին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Աւարտականի մրցակիցները յայտնի կը դառնան 30 ապրիլին, երբ անոնք կ՛աւարտեն իրենց կիսաւարտականի դարձի մրցումները: Անցեալ տարուան ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա առաջին ճակատումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Արարատ - Արմենիան: Միւս մրցումին, Բ. դասակարգի...

Ըմբշամարտ.  Արման Ծառուկեան Յաղթական

Ըմբշամարտ. Արման Ծառուկեան Յաղթական

Շաբաթավերջին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ռաֆ-08» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնն էր Արման Ծառուկեան-Եուրայա Ֆէյպըր մենամարտը: Մենամարտը անցաւ Ծառուկեանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ եւ վերջ գտաւ 3-րդ ռաունտի աւարտէն առաջ թեքնիք առաւելութեամբ (13-1): Գօտեմարտի ամբողջ տեւողութեան (3 ռաունտ) Արման Ծառուկեան շատ աւելի լաւ էր, քան իր մրցակիցը, իսկ 3-րդ ռաունտին Ծառուկեանի առաւելութիւնը դարձաւ ճնշող: Այս յաղթանակը եղաւ...

Բռնցքամարտ.  Միխայիլ Գրիգորեան Դարձաւ Տիտղոսակիր

Բռնցքամարտ. Միխայիլ Գրիգորեան Դարձաւ Տիտղոսակիր

22 տարեկան հայ բռնցքամարտիկ Միխայիլ Գրիգորեան (9-0), որ կը ներկայացնէ Կրասնոտարը, հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց ֆիլիփինցի Ճէօ Սանթիսիմայի (26-10) դէմ մենամարտին եւ դարձաւ թեթեւ կշիռի կարգի «Այ. Պի. Էյ. Ասիա» ախոյեանութեան տիտղոսակիր` շահելով գօտին: Մենամարտը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Սիրպուխով քաղաքին մէջ, «Այ. Պի. Էյ. Փրօ 16» մրցաշարքին գծով, եւ տեւեց 10 նախատեսուած ռաունտերը: Գրիգորեան առաջին իսկ վայրկեաններէն պարտադրեց իր ուժը...

Ծանրաբարձութիւն.  Աղասի Աղասեան Դարձաւ 2014-ի Եւրոպայի Պրոնզ Մետալակիր… Յետ Մահու

Ծանրաբարձութիւն. Աղասի Աղասեան Դարձաւ 2014-ի Եւրոպայի Պրոնզ Մետալակիր… Յետ Մահու

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային խումբի նախկին անդամ Աղասի Աղասեան յետ մահու արժանացաւ 2014-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալներուն: 2014-ին Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցած էր Թել Աւիւի մէջ, ուր Աղասեան օրին գրաւած էր 4-րդ դիրքը: Այդ ժամանակ երրորդ դիրքը գրաւած էր ռուս Ադամ Մալիքով, սակայն աւելի ուշ ան զրկուած էր մետալէն` խթանիչ դեղեր գործածելուն պատճառով, եւ պրոնզէ մետալը փոխանցուած էր հայ մարզիկին: Պարգեւներու...

25 Տարի Ետք.  Քովենթրի Լամփարտի Հետ  Բարձրացաւ «Փրեմիեր Լիկ»

25 Տարի Ետք. Քովենթրի Լամփարտի Հետ Բարձրացաւ «Փրեմիեր Լիկ»

Քովենթրի Սիթի դարձաւ այս տարեշրջանի առաջին ակումբը, որ կը բարձրանայ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»` 25 տարուան բացակայութենէ ետք: Չելսիի եւ Անգլիոյ պատմական միջնապահներէն Ֆրանք Լամփարտի գլխաւորութեամբ, Քովենթրի վերադարձաւ «Փրեմիեր լիկ», որ 1992-էն հիմնուած էր (նախապէս` առաջին դասակարգ): Օրին անիկա հիմնադիր ակումբներէն մէկն էր «Փրեմիեր լիկ»-ի: 1987-ին Անգլիոյ բաժակակիր Քովենթրի բաւական դժուար ժամանակ անցուց եւ ինքզինք վերագտաւ Ֆրանք Լամփարտի հետ վերադառնալով իր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Փլէյ-Օֆը Սկսաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Փլէյ-Օֆը Սկսաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները սկսան: Իրենց առաջին մրցումներուն Քլիվլենտ Քեվելիրզ, Տենվըր Նակեթց, Նիւ Եորք Նիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաղթանակներ արձանագրեցին: Փլէյ-օֆի մրցումներէն դուրս մնացած էին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Չարլոթ Հորնեթց, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւ Մայեմի Հիթ: Տոնավըն Միչել (32 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (22 կէտ եւ 10 էսիսթ) Քլիվլենտը առաջնորդեցին Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ 126-113 արդիւնքով յաղթանակի: Ար....

Պասքեթպոլ.  Երկուշաբթի Օր` Սուրիա – Լիբանան

Պասքեթպոլ. Երկուշաբթի Օր` Սուրիա – Լիբանան

Երկուշաբթի օր, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Դամասկոսի «Ֆայհաա» մարզադաշտին վերաբացման առիթով, Սուրիոյ տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մրցի Լիբանանի դէմ: Նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով լիբանանցի մարզիկներ օտար երկիրներու մէջ կը գտնուին, Լիբանանի ազգային խումբին համար նկատի առնուեցան եւ հրաւիրուեցան Լիբանան գտնուող մարզիկները: Սկզբունքով հրաւիրուեցան Ժերար Հատիտեան, Մարք Խուրի, Օմար Ժամալ, Եուսեֆ Խայաթ, Ճօ Ապու Սամրա, Անթոնի Նապաա, Ժիհատ Խաթիպ, Հատի...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Ֆետերասիոնը Կը Ներկայացնէ Երիտասարդներու Ազգային Խումբը

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ֆետերասիոնը Կը Ներկայացնէ Երիտասարդներու Ազգային Խումբը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը ներկայացուց հաւաքականները, որոնք կը մասնակցին Եգիպտոսի Իսմայիլիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2-էն 8 մայիսին: Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները պիտի ըլլան հետեւեալ կազմերով. ՏՂԱՔ 65 քկ - Արտուշ Գրիգորեան 71 քկ - Նարեկ Գրիգորեան եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեան 79 քկ - Նարեկ Մկրտչեան 94 քկ - Վալերիկ Մովսիսեան 110 քկ -...

Տոնովան Փարիզեան  Իր Առաջին Ելոյթին Փայլեցաւ

Տոնովան Փարիզեան Իր Առաջին Ելոյթին Փայլեցաւ

Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի բերդապահ Տոնովան Փարիզեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ իր առաջին մրցումին, որուն ընթացքին իր ակումբը` Նիւ Ինկլընտ Ռեվոլուշըն կը մրցէր Ռոտ Այլընտի դէմ: Միացեալ Նահանգներու բաժակի մրցաշարքին 1/16-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին ուրուկուէյցի Տիեկօ Ֆակունտես բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Նիւ Ինկլընտի 51-րդ վայրկեանին, բայց 101-րդ վայրկեանին Ճէյ. Ճէյ. Ուիլիամս նշանակեց Ռոտ Այլընտի հաւասարութեան կոլը` պարտադրելով երկարաձգում: Երկարաձգումին...

Ալեքս Մանինկեր Ոչ Եւս Է

Ալեքս Մանինկեր Ոչ Եւս Է

Արսենալի եւ Աւստրիոյ ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ալեքս Մանինկեր 48 տարեկան հասակին զոհ գնաց ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը: Մանինկեր կը գտնուէր փոքր հանրակառքի մը մէջ, երբ ան զարնուեցաւ շոգեկառքի մը, Զալցպուրկի (Աւստրիա) մէջ: Արսենալի հետ Մանինկեր 1997-էն 2002 ելոյթ ունեցած է իբրեւ պահեստի բերդապահ Տէյվիտ Սիմենի` դառնալով «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան իր առաջին տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ 1998-ի մարտի լաւագոյն մարզիկ ընտրուած...

Ինֆանթինօ. «Իրան Պիտի Մասնակցի…»

Ինֆանթինօ. «Իրան Պիտի Մասնակցի…»

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտնեց, որ Իրան պիտի մասնակցի Մոնտիալին, հակառակ իր քաղաքական բարդ վիճակին` Միացեալ Նահանգներուն հետ: «Սի. Էն. Պի. Սի.»-ի հետ զրոյցի մը պահուն, Ինֆանթինօ յայտնեց, որ շատ կարեւոր է Իրանի մասնակցութիւնը այս Մոնտիալին, նոյնիսկ եթէ մասնակցութիւնը հարցականի տակ էր, մանաւանդ երբ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ օդային յարձակումներ գործած էին անոր վրայ: Իրանի ազգային խումբը պիտի մասնակցի, այո՛:...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին Կրնայ Վճռուիլ «Պունտըսլիկա»-ի Ախոյեանը, Իսկ Անգլիոյ  «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ` Գագաթի Մրցումներ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կրնայ Վճռուիլ «Պունտըսլիկա»-ի Ախոյեանը, Իսկ Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ` Գագաթի Մրցումներ

Այս շաբաթավերջին Գերմանիոյ մէջ կրնայ Պայերն Միւնիխը ախոյեան դառնալ, եթէ յաղթէ իր մրցումին` Շթութկարթի մէջ: Կրնայ պատահիլ, որ Պայերն այսօր իսկ առանց սպասելու վաղուան իր մրցումին ախոյեան դառնայ, եթէ Հոֆենհայմ դրական արդիւնք արձանագրէ Բ. դիրքը գրաւող Տորթմունտի դէմ: Հոֆենհայմ, որ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի փորձէ աւելի բարձր դիրք բարձրանալ` յոյսով, որ վերջին 4 հանգրուաններուն բարձրանայ մինչեւ 4-րդ դիրք` «Չեմփիընզ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայերն Միւնիխ Դուրս Ձգեց Ռէալ Մատրիտը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Դուրս Ձգեց Ռէալ Մատրիտը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի անցեալ տարուան լաւագոյն մրցումը կիսաւարտականին էր Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի միջեւ, ուր Ինթեր 4-3 արդիւնքով յաղթած էր Պարսելոնային: Չորեքշաբթի գիշեր այս տարեշրջանի լաւագոյն մրցումը եղաւ (մինչեւ օրս) Պայերն Միւնիխ - Ռէալ Մատրիտ մրցումը, որ նոյն արդիւնքով (4-3) աւարտեցաւ: Պայերն Միւնիխ արժանի էր յաղթանակին երկու մրցումներուն աւելի լաւ խմբային խաղարկութեամբ, մինչ Ռէալ Մատրիտ աւելի վստահած էր տաղանդներու եւ անհատական...

Հենրի Աւագեան Պատմական Մրցանիշ Սահմանեց

Հենրի Աւագեան Պատմական Մրցանիշ Սահմանեց

Երեւանի Փիւնիկ ակումբի բերդապահ Հենրի Աւագեան ակումբի պատմութեան նոր մրցանիշ մը սահմանեց` Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ անառիկ պահելով իր բերդը 608 վայրկեան: Թէեւ Արարատ Արմենիայի դէմ տեղի ունեցած կարեւորագոյն հանդիպումի 24-րդ վայրկեանին ան կոլ ստացաւ, բայց այդ մէկը բաւարար էր, որ պատմական մրցանիշ մը սահմանէ: Այս 608 վայրկեաններով ան կրցաւ բարելաւել ակումբի նախկին բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեանի սահմանած մրցանիշը, որ 600...

Տիեկօ Մարատոնայի Մահուան Գծով Նոր Դատավարութիւն Սկսած Է

Տիեկօ Մարատոնայի Մահուան Գծով Նոր Դատավարութիւն Սկսած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մէջ սկսած է արժանթինցի պատմական ֆութպոլիստ Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնայի մահուան հանգամանքները քննող նոր դատավարութիւն: 1986-ին աշխարհի ախոյեան Արժանթինի խմբապետի բժշկական անձնակազմին եօթը անդամներուն առաջադրուած է անզգուշութեամբ մահ պատճառելու մեղադրանք: Այս նոր դատը կը յաջորդէ մօտ 1 տարի առաջ տապալուած նախկին դատաքննութեան: Նոր դատավարութեան ընթացքին, որուն նպատակն է պարզել բժիշկներու հաւանական անփութութեան աստիճանը, նախատեսուած...

Ռոնալտօ. «Պրազիլ 95 Տոկոս  Յոյս Ունի Մոնտիալը Շահելու»

Ռոնալտօ. «Պրազիլ 95 Տոկոս Յոյս Ունի Մոնտիալը Շահելու»

Պրազիլցի պատմական յառաջապահ Ռոնալտօ կասկած չունի, որ 2026-ի Մոնտիալին կրնայ շահիլ Պրազիլը: «Մենք ունինք Վինիսիուս Ժունիորը` Ռէալ Մատրիտի մէջ, Ռաֆինան` Պարսելոնայի մէջ եւ Էսթեվաօ-ն` Չելսիի հետ: Անոնք բոլորն ալ հիանալի ֆութպոլիստներ են, որոնք եւրոպական բարձրակարգ ակումբներու հետ են եւ լուրջ փորձառութիւն ձեռք ձգած»: «Կը կարծեմ, որ մենք յաջողութեան հիանալի կարելիութիւն ունինք: Ես իսկապէս կը հաւատամ Քարլօ Անչելոթթիի աշխատանքին, որ ֆութպոլի...

Ալիսոն Պիտի Միանայ Եուվենթուսին

Ալիսոն Պիտի Միանայ Եուվենթուսին

Պրազիլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլ ակումբի բերդապահ Ալիսոն Պեքեր համաձայնած է Իտալիոյ Եուվենթուսին միանալու: Ըստ «Լա Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, դրական բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Թորինօ քաղաքի ակումբին եւ Ալիսոնի ներկայացուցիչներուն հետ: Իտալական ակումբի պատասխանատուներ յոյսով են, որ գործարքը յաջողութեամբ աւարտի, մանաւանդ որ ակումբը լրջօրէն կ՛ուզէ փոխարինել այժմու բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիոն: Բացի այս կէտէն, կ՛ակնկալուի, որ Ալիսոնի փորձառութիւնն ու...

Եամալ Կը Պահանջէ…

Եամալ Կը Պահանջէ…

Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Լամին Եամալ կը ցանկայ, որ այս ամրան քաթալոնական ակումբը բարձր մակարդակի յառաջապահ ձեռք ձգէ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Եամալ Պարսելոնայի ղեկավարութեան տեղեկացուցած է, որ իր ակումբին մէջ կ՛ուզէ տեսնել Կալաթասարայի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը: Մինչեւ այս պահը յստակ չէ, թէ որքանո՛վ իրատեսական կրնայ ըլլալ նման փոխանցում մը: Նշենք, որ նիկերիացի յառաջապահը 2025-ին Իտալիոյ Նափոլիէն տեղափոխուած էր Կալաթասարայ 75...

«Պունտըսլիկա»-ի Մէջ Առաջին Կին Մարզիչը

«Պունտըսլիկա»-ի Մէջ Առաջին Կին Մարզիչը

Պերլինի Ունիոն ակումբը գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակեց 34 տարեկան Մարի Լուիզ Էթան, մինչեւ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտը: Այս նշանակումով ան դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան առաջին կին գլխաւոր մարզիչը` անկախ պաշտօնակատարի կարգավիճակով: Այս դիրքին վրայ էթա փոխարինեց 54 տարեկան Շթեֆեն Պաումկարթին, որ խումբը ստանձնած էր անցեալ յունուարին: Ունիոն Պերլին 11-րդ դիրքը կը գրաւէ ախոյեանութեան աւարտէն 5 հանգրուան առաջ, բայց ակումբը նախընտրած էր...

Ըմբշամարտ.  Մալիաս Ամոյեան` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստան հաւաքականը իր վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէ` մասնակցելու Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն: 20-էն 26 ապրիլին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ըստ մարզիչ Արմէն Բաբալարեանի, որ նաեւ յայտնեց, թէ Ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան պիտի բացակայի այս ախոյեանութենէն` վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: Սակայն ան հերքեց այն բոլոր լուրերը, թէ...

Page 46 of 1275 1 … 45 46 47 … 1,275

Արխիւներ