Մարզական

Իտալիան Պիտի Չփոխարինէ Իրանը

Իտալիան Պիտի Չփոխարինէ Իրանը

ՖԻՖԱ-ն նպատակ չունի 2026-ի Մոնտիալին Իրանը փոխարինել Իտալիայով, հակառակ անոր որ աւելի կանուխ հնչած էին այդ տեսակի առաջարկներ: Աւելի կանուխ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր բանագնաց Փաուլօ Զամփոլի: Վերջինս յայտարարած էր, որ Իտալիոյ ազգային խումբը իբրեւ աշխարհի ախոյեան (4 անգամ) կրնայ Մոնտիալին մասնակցիլ առանց նոյնիսկ զտումի մրցումներ կատարելու: Սակայն այս խօսքերը ՖԻՖԱ-ին կողմէ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ  5-4 Արդիւնքով Պատմական Մրցում

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ 5-4 Արդիւնքով Պատմական Մրցում

Ֆութպոլի համակիրներ ականատես եղան պատմական մրցումի մը: Արդարեւ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պայերն Միւնիխի դէմ: Այն համակիրները, որոնք չկրցան դիտել մրցումը, պիտի կարծեն, թէ փենալթիներու արդիւնք է այս մէկը, բայց ֆութպոլի աշխարհը յաղթեց երեքշաբթի գիշեր, երբ երկու խումբերն ալ բաց, յարձակողական ֆութպոլ խաղալով անմոռանալի եւ գեղեցիկ 90 վայրկեաններ հրամցուցին աշխարհին: Քառորդ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կարգ Մը Մարզիկներէ Պիտի Բաժնուի

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կարգ Մը Մարզիկներէ Պիտի Բաժնուի

Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունաթըտ ակումբը, որ Գ. դիրքին վրայ գրեթէ հաստատուած կը թուի ըլլալ եւ «Չեմփիընզ լիկ» վերադառնալ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարեշրջանին, այժմէն կը մտածէ կարգ մը մարզիկներէ բաժնուելու մասին: «Կարմիր սատանաներ»-ու շարքերէն կրնան հեռանալ Մէյսըն Մաունթ, Մանուէլ Ուկարթէ, Ճոշուա Զիրքզէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Թրապիզոնսփորին փոխ տրուած քամերունցի բերդապահ Անտրէ Օնանա: Ըստ «Տը Սան»-ի տեղեկութիւններուն, Եունայթըտ այս ձեւով պիտի փորձէ կոկիկ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սան Անթոնիօ Սփըրզ Եւ Ուեմպանեամա  Հասան Կիսաւարտական

«Էն. Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Սփըրզ Եւ Ուեմպանեամա Հասան Կիսաւարտական

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դասուած խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ, 114-95 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին եւ հասաւ շրջանի կիսաւարտական: Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա տապըլ տապըլ իրագործեց` 17 կէտով եւ 14 ռիպաունտով: Նիւ Եորք Նիքս 126-97 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին եւ 3-2 ճակատումներու արդիւնքով յառաջ գնաց: Ճէյլըն Պրանտն 39 կէտ եւ 8 էսիսթ իրագործեց ի նպաստ Նիքսի, որ...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Շահեցաւ Հայաստանի Վերջին Պրոնզ Մետալը

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Շահեցաւ Հայաստանի Վերջին Պրոնզ Մետալը

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ վերջ գտաւ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, ուր ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն Հայաստան ապահովեց իր երրորդ պրոնզ մետալը: Արդարեւ, 61 քկ կշիռի մրցումներուն, 26 տարեկան Արսէն Յարութիւնեան պրոնզէ մետալի իր մրցումին կրցաւ 7-2 արդիւնքով յաղթել Պիելոռուսիոյ Տիմիթրի Շամելային` ապահովելով ազատ ոճի Հայաստանի երրորդ պրոնզ մետալը: Յարութիւնեան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած էր` դուրս ձգելով մակեդոնացի Վլատիմիր Եկորովը (11-0) եւ ուքրանացի...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Տղոց Առաջին Դիրքը

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Տղոց Առաջին Դիրքը

Պաթումի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները վերջ գտան: Հայաստանի տղոց հաւաքականը գրաւեց վերջնական դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ աղջկանց ազգային խումբը գրաւեց 3-րդ դիրքը: Վարազդատ Լալայեանի (110 քիլոկրամէն աւելի) ոսկի մետալէն ետք, վերջին օրուան մրցումներուն Հայաստան գերազանցեց Պուլկարիան եւ Թուրքիան, որոնք գրաւեցին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը: Ոսկի մետալ շահեցաւ (ախոյեաններ) Գարիկ Կարապետեան, (110 քկ) որ երկամարտի 415...

Նայիր Թիկնիզեան Կարմիր Աստղ  Պելկրատի Հետ Սերպիոյ Ախոյեան

Նայիր Թիկնիզեան Կարմիր Աստղ Պելկրատի Հետ Սերպիոյ Ախոյեան

Սերպիոյ ֆութպոլի գլխաւոր տերպիի մրցումին, Կարմիր Աստղ Պելկրատ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փարթիզան Պելկրատը եւ ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ արդէն իսկ ապահովեց ախոյեանի տիտղոսը: Տեյան Սթանքովիչի համար այս նուաճումը առանձնայատուկ էր: Սերպ մասնագէտը 2024-ի մայիսէն կը գլխաւորէր Մոսկուայի Սպարտակը, բայց ձմրան փոխանցումներու պատուհանի բացման ժամանակ լքեց Մոսկուան եւ միացաւ Կարմիր Աստղ Պեկրատին, այնպիսի պահու մը, երբ սերպական ակումբը...

Ֆութսալ.  Եունիսփորթ 100 Տոկոս Արդիւնքով Աւարտեց Բնական Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Եունիսփորթ 100 Տոկոս Արդիւնքով Աւարտեց Բնական Տարեշրջանը

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի բնական ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ 18 հանգրուաններէ ետք: Առաջին դիրքը գրաւեց Եունիսփորթ, որ 100 տոկոս յաղթանակով աւարտեց տարեշրջանը: Ալեքսանտր Տիպրիվնիի գլխաւորած խումբը 12-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Աթլեթիք Երեւանը եւ 46 ամբողջական կէտերով աւարտեց ախոյեանութիւնը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սիեւնը, որ իր կարգին ծանր պարտութեան մատնեց «Ագրօ» խումբը: Դաւիթ Մանուկեան հեթ-թրիք իրագործեց այս մրցումին, եւ Սիեւն խումբը 42...

Անգլիացի Համակիր Մը Իր Տունը  Կը Ծախէ Մոնտիալին Պատճառով

Անգլիացի Համակիր Մը Իր Տունը Կը Ծախէ Մոնտիալին Պատճառով

Արձակուրդը անգամ մը եւս պերճանք եղաւ: Մինչ շատ մարդիկ (Եւրոպայի մէջ) իրենց տուները կը փոխեն արձակուրդ վայելելու ժամանակ, անգլիացի ֆութպոլի «խենթ» համակիր մը տուն փոխելէ անդին գացած է եւ ծախու հանած է իր տունը` դիտելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալը: Սղութիւնը գլուխ առած գացած է: 10 լիթր վառելանիւթը բարձր արժէք ունի, ինչպէս ժամանակին աղուէսի մորթով զգեստ մը կամ...

Ալվարես – Պարսելոնա Կապը Դէպի Ո՞ւր

Ալվարես – Պարսելոնա Կապը Դէպի Ո՞ւր

Ամիսներէ ի վեր Պարսելոնա կը մտածէ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիին յաջորդող թեկնածուի մասին: Բոլորին յայտնի է, որ թիւ 1 թիրախն է Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու արդէն իսկ բնակարան ալ կը փնտռէ Քաթալոնիոյ մէջ: Սակայն Ալվարես, որ երկար պայմանագրութիւն ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ մինչեւ 2030, այդքան ալ դիւրին ելք մը չունի: Աթլեթիքօ Մատրիտ շատ...

Թենիս.  Ալքարաս Պիտի Բացակայի Ռոլան Կարոսէն

Թենիս. Ալքարաս Պիտի Բացակայի Ռոլան Կարոսէն

Երկու անգամ Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքի ախոյեան Քարլոս Ալքարաս դաստակը վիրաւորած է եւ պիտի բացակայի այս տարուան Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքէն: Հողով ծածկուած միակ կրան-շլեմի թենիսի մրցաշարքը, որ պիտի սկսի 18 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ առանց տղոց ախոյեանին, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ամբողջացնէ իր 23-րդ տարեդարձը, անցեալ յունուարին շահելէ ետք Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը դարձած էր տղոց պատմութեան ամէնէն երիտասարդ...

«Ֆորմիւլա 1».  Վարորդներուն Պայմանագրութիւնները  Մինչեւ Ե՞րբ

«Ֆորմիւլա 1». Վարորդներուն Պայմանագրութիւնները Մինչեւ Ե՞րբ

Ամէն «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանին գլխաւոր նիւթերը կը դառնան վարորդներու ապագային մասին, ուր շատերու պայմանագրութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին: Շատեր կարճ պայմանագրութիւններ արտագրած են, իսկ ուրիշներ` երկար: Ուրեմն ո՞վ պիտի մնայ նոյն խումբին հետ կամ ո՞ր խումբին միանալու յոյսեր կան: «ՄԱՔԼԱՐԵՆ» Լանտօ Նորիս իր 8-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ «Ֆորմիւլա 1»-ին մէջ եւ մասնաւորապէս «Մաքլարեն»-ի հետ, ուր թէ՛ վարորդը, թէ՛ խումբը գոհ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ուան Ռան» Կէա Մարաթոնը` 23 Մայիսին

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ուան Ռան» Կէա Մարաթոնը` 23 Մայիսին

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը կը կազմակերպէ «Ուան Ռան» կէս մարաթոնի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին, Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ: Այս մրցումը ձեւով մը պիտի ըլլայ բնական կեանքի վերադարձ Պէյրութի մէջ, որուն բնականոն ընթացքը անցեալ մարտի սկիզբէն ի վեր խանգարուած էր երկրին կացութեան պատճառով: Զինադադարէն ետք պէտք էր կազմակերպել մարզական այս նախաձեռնութիւնը` միացնելով ժողովուրդին բոլոր խաւերը եւ յոյս ներշնչելով բոլորին:...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ուան Ռան» Կէա Մարաթոնը` 23 Մայիսին

Մարաթոն. Սեպասթիան Սաուէ Նոր Մրցանիշ Հաստատեց. Ասեֆա Աղջկանց Իր Մրցանիշը Բարելաւեց

Կիրակի օր Լոնտոնի մարաթոնը ծայր աստիճան հետաքրքրական դրուագներով հարուստ էր: Քենիացի Սեպասթիան Սաուէ առաջին անգամ ըլլալով մարաթոնը կտրեց 2 ժամի սահմաններէն առաջ: Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Սաուէ սուր պայքարէ ետք միայն կրցաւ գերազանցել եթովպիացի Եոմիֆ Քեյելչային` աւարտի գիծը կտրելով 1 ժամ 59 վայրկեան եւ 30 երկվայրկեանէն: Պէտք է ըսել, որ Քեյելչա իր կարգին 2 ժամէն կանուխ աւարտեց մրցումը` արձանագրելով 1 ժամ...

Ըմբշամարտ.  Հայ Ըմբիշները Կը Շարունակեն Մետալներու Նուաճումը

Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշները Կը Շարունակեն Մետալներու Նուաճումը

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Վազգէն Թեւանեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 65 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Թեւանեան յաղթեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Ռաշիտ Պապածէին եւ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց զայն: 57 քկ կշիռի պրոնզ մետալակիր դարձաւ Մանուէլ Խնձրցեան, որ 18-6 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ ներկայացուցիչ Ազամաթ Արթուրովիչ Թուսքայեւին: 79 քկ կշիռի պրոնզէ...

Ծանրաբարձութիւն.  Գարիկ Կարապետեան Եւ Էմմա Պօղոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Ծանրաբարձութիւն. Գարիկ Կարապետեան Եւ Էմմա Պօղոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Պաթումի մէջ (Վրաստան) կը շարունակուին Եորոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները: 110 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գարիկ Կարապետեան երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Կարապետեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 189 քկ, որ Եւրոպայի նոր մրցանիշ է: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 226 քկ բարձրացուց եւ երկամարտի 415 քկ կշիռով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Աղջկանց 86 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցեցան Էմմա Պօղոսեան եւ Լիանա Գիւրճեան: Արաշէի...

Բռնցքամարտ.  Դաւիթ Չալոյեան Հասաւ Աւարտական

Բռնցքամարտ. Դաւիթ Չալոյեան Հասաւ Աւարտական

Բռնցքամարտի աշխարհի բաժակի մրցումները կը շարունակուին Պրազիլի Իկուասու քաղաքին մէջ, եւ այսօր առաւօտեան ժամերուն Դաւիթ Չալոյեան 90 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներու աւարտականին պիտի մրցի Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ապտուլայեւի դէմ: Թուրք Իլիաս Մուչահեթին յաղթելէ ետք (5-0) քառորդ աւարտականին, Չալոյեան կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց ուզպեք Ժախոնկիր Զոքիրովին: 90 քկ կշիռի մրցումներուն, Նարեկ Մանասեան քառորդ աւարտական հասած, բայց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց պրազիլցի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Միւնիխի Իրագործումը. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Չելսի Հասան Աւարտական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Միւնիխի Իրագործումը. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Չելսի Հասան Աւարտական

. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ «Պունտեսլիկա»-ի ախոյեան Պայերն Միւնիխ 31-րդ հանգրուանի իր մրցումին մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով ներկայացուցած էր Մայնցի դէմ մրցումին, եւ կիսախաղին 3-0 արդիւնքով ետ կը մնար: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Հերի Քէյն եւ Մայքըլ Օլիսէ, եւ արդէն 7-րդ վայրկեանին 3-1 եղաւ արդիւնքը շնորհիւ Նիքոլաս Ճեքսընի, Այս կոլէն 3 վայրկեան ետք Եոսիփ Սթանիշիչ եւ Ժամալ Մուսխալա դաշտ ներկայացան, եւ Պայերնի առիթները...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա Եւ Նիւ Եորք Յաղթանակներ  Արձանագրեցին

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Եւ Նիւ Եորք Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի աստղեր Անթոնի Էտուըրտծ եւ Տանթէ Տիվինչենցօ վիրաւորուեցան երէկ, բայց Մինեսոթա կրցաւ պարտութեան մատնել Տենվըր Նակեթցը` 112-96 արդիւնքով: Այօ Տոսունմու 43 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, եւ հակառակ Տենվըր Նակեթցի մարզիկ Ժամալ Մարէյի (30 կէտ) եւ Նիքոլա Եոքիչի (24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) լաւ ելոյթներուն, Մինեսոթա յառաջացաւ 3-1 ճակատումներու արդիւնքով: Նիւ Եորք Նիքս իր կարգին շատ կարեւոր մրցումի մը...

Ծանրաբարձութիւն.  Գոռ Սահակեան, Գառնիկ Չոլաքեան Եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Արծաթ Մետալակիրներ

Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Սահակեան, Գառնիկ Չոլաքեան Եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Արծաթ Մետալակիրներ

Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, երկու անգամ Եւրոպայի ախոյեան Գոռ Սահակեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: 71 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն, Սահակեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 150 քկ եւ շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, Գոռ Սահակեան 180 քկ կշիռ բարձրացուց եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ: Երկամարտի հաշիւով Սահակեանի 330 քկ կշիռի արդիւնքով ան դարձաւ...

Page 44 of 1275 1 … 43 44 45 … 1,275

Արխիւներ