Պաթումի մէջ (Վրաստան) կը շարունակուին Եորոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:
110 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գարիկ Կարապետեան երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Կարապետեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 189 քկ, որ Եւրոպայի նոր մրցանիշ է: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 226 քկ բարձրացուց եւ երկամարտի 415 քկ կշիռով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Աղջկանց 86 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցեցան Էմմա Պօղոսեան եւ Լիանա Գիւրճեան:
Արաշէի մրցումներուն Էմմա Պօղոսեան բարձրացուց 107 քկ եւ շահեցաւ փոքր պրոնզ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան յաջողեցաւ 141 քկ բարձրացնել եւ շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ: Երկամարտի 248 քկ արդիւնքով Էմմա Պօղոսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Լիանա Գիւրճեան արաշէի մրցումներուն յաջողեցաւ բարձրացնել միայն 101 քկ, ապա 135 քկ բարձրացուց էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն: Երկամարտի 236 քկ արդիւնքով ան 5-րդ դիրքը գրաւեց:
Տղոց 94 քկ կշիռի մրցումներուն, Արա Աղանեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ 175 քկ բարձրացնել` շահելով փոքր արծաթ մետալ: Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 206 քկ յաջողեցաւ բարձրացնել` 381 քկ երկամարտի արդիւնք ձեռք ձգելով եւ շահելով Եւրոպայի փոխախոյեանի տիտղոսը:
77 քկ աղջկանց մրցումներուն Աննա Ամրոյեան եւ Ալինա Սուքիասեան ներկայացուցին Հայաստանը:
Արաշէի մրցումներուն Ամրոյեան չկրցաւ իր երեք փորձերուն ալ յաջողութիւն գտնել, բայց էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան յաջողութեամբ բարձրացուց 125, 133 եւ 136 քկ կշիռ, որուն շնորհիւ ան փոքր ոսկի մետալ շահեցաւ:
Ալինա Սուքիասեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ 100 քկ բարձրացնել, ապա էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան յաջողեցաւ միայն 120 քկ բարձրացնել: Երկամարտի 220 քկ արդիւնքով ան 17-րդ դիրքը գրաւեց:
79 քկ տղոց մրցումներուն, Մարտին Պօղոսեան արաշէի մրցումներուն 152 քկ կրցաւ բարձրացնել, մինչ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան 186 քկ բարձրացուց: Ան փոքր արծաթ մետալ շահեցաւ: Երկամարտի 338 քկ արդիւնքով Պօղոսեան դարձաւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր:
Աւելի կանուխ Եւրոպայի փոխախոյեաններ դարձած էին Գառնիկ Չոլաքեան, Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Գոռ Սահակեան:


