«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Իտալիոյ Ախոյեան` 21-րդ Անգամ Ըլլալով
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Միլան կրցաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Փարման եւ 21-րդ անգամ ըլլալով դառնալ Իտալիոյ ախոյեան: Միայն Եուվենթուս (36 անգամ) կրցած է աւելի ախոյեանութիւններ շահիլ, քան Ինթեր: Մարքուս Թիւրամ եւ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեցին Ինթերի կոլերը: 67-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Մխիթարեան 91 տոկոս ճշգրտութեամբ փոխանցումներ կատարեց եւ մէկ հարուածով կոլ ալ նշանակեց շնորհիւ իր...




















