Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ 5-4 Արդիւնքով Պատմական Մրցում

April 30, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆութպոլի համակիրներ ականատես եղան պատմական մրցումի մը: Արդարեւ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պայերն Միւնիխի դէմ:

Այն համակիրները, որոնք չկրցան դիտել մրցումը, պիտի կարծեն, թէ փենալթիներու արդիւնք է այս մէկը, բայց ֆութպոլի աշխարհը յաղթեց երեքշաբթի գիշեր, երբ երկու խումբերն ալ բաց, յարձակողական ֆութպոլ խաղալով անմոռանալի եւ գեղեցիկ 90 վայրկեաններ հրամցուցին աշխարհին:

Քառորդ աւարտականին Ռէալ Մատրիտի դէմ ճակատումները, որոնք երկուքն ալ շատ գեղեցիկ պահեր ունէին, գրեթէ մոռցուեցան, եւ այս մրցումը շատ հաւանաբար տարիներէ ի վեր չէ վայելած նոյնքան գեղեցկութիւն, չէ օժտուած նմանօրինակ զուտ յարձակողական բնոյթով եւ առիթներով:

Եթէ իրականութեան պիտի նայինք, անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն առիթ չունեցաւ, այլ բոլոր առիթներն ալ կոլ նշանակուեցան` առիթ չտալով 40 տարեկան Մանուէլ Նոյըրին, որ զսպէ ֆրանսական ակումբին անհասանելի հարուածները: Փարիզ Սեն Ժերմեն 12 անգամ փորձեց հարուածել դէպի Պայերնի բերդ, այդ փորձերէն 5-ը բերդին ուղղութեամբ էին, իսկ մնացեալ 7-ն` դուրս: Պայերնի 10 հարուածներէն 8-ն բերդին ուղղութեամբ էին:

17-րդ վայրկեանին Հերի Քէյն փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, եւ 3 վայրկեան Մայքըլ Օլիսէ քիչ մնաց 2-րդ կոլ մը աւելցնէր, երբ Փարիզի բերդապահ Սաֆոնով զսպեց զայն: 24-րդ վայրկեանին արդէն իսկ արդիւնքը 1-1 էր, երբ վրացի յառաջապահ Քվիչա Քվարացխելիա գեղեցիկ ձեւով խուժեց մեծ քառակուսի` նշանակելով ֆրանսական ակումբի առաջին կոլը: 33-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք, Ժոաօ Նեւեշ գլխու անզսպելի հարուածով նշանակեց Սեն Ժերմենի 2-րդ կոլը: Հազիւ 8 վայրկեան ետք Մայքըլ Օլիսէ գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք մտաւ մեծ քառակուսի եւ ռմբային հարուածով նշանակեց… 2-2: Կիսախաղ չեղած, Ուսման Տեմպելէ փենալթիով նշանակեց Փարիզի 3-րդ կոլը:

Բ. կիսախաղին Քվարացխելիա եւ Տեմպելէ 2 կոլեր նշանակեցին 2 վայրկեաններու ընթացքին (56-րդ եւ 58-րդ)` անակնկալի բերելով Պայերնը, որ 5-2 արդիւնքով ետ մնաց:

Պայերն չյանձնուեցաւ եւ 5 վայրկեաններու ընթացքին (65-էն 70-րդ վայրկեան) երկու կոլ նշանակեց` շնորհիւ Տայօ Ուփամեքանոյի եւ Լուիս Տիասի:

Մրցումը մնաց «տաք»` մինչեւ վերջին վայրկեանները, ուր Մայուլուի հարուածը զսպեց Նոյըրի բերդին հորիզոնական ձողի անկիւնը, մինչ Եոշուա Քիմիչի գլխու հարուածը զսպեց Փարիզի յետսապահներէն մէկը… բերդի գիծին վրայէն, այնուհետեւ մրցումը աւարտեց զուիցերիացի իրաւարար Սանտրօ Շարըր, որ բաւական լաւ ձեւով վարեց մրցումը:

Դարձի մրցումը չորեքշաբթի օր է, եւ Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին մէջ տեղի ունենալիք ճակատումը կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական, նոյն ոճի ֆութպոլ խաղցող ակումբներուն միջեւ:

Մրցումէն ետք Փարիզի սպանացի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ խոստովանեցաւ. «Մենք արժանի էինք յաղթելու… արժանի էինք հաւասարելու… եւ արժանի էինք պարտուելու…»: Ան միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ ի՛նչ որ ալ ըլլար մրցումին արդիւնքը, համաձայն պիտի ըլլար: Մինչ Պայերնի մարզիչ Վենսան Քոմփանի, որ պատժուած ըլլալով միայն հիւրի նման դիտեց մրցումը պատուոյ թրիպիւնէն, յայտնեց, որ դարձին ալ նոյն ձեւի մրցում պիտի ըլլայ շատ հաւանաբար մրցակից Սեն Ժերմենէն ալ, որ անպայման յաղթելու համար պիտի խաղայ:

Նշենք, որ այս մրցումը եղաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն շատ կոլերով յատկանշուած կիսաւարտականը:

 

Նախորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կարգ Մը Մարզիկներէ Պիտի Բաժնուի

Յաջորդը

Իտալիան Պիտի Չփոխարինէ Իրանը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.