Մարզական

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Աւարտականը` Այս Կիրակի

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Աւարտականը` Այս Կիրակի

Անցեալ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած էր հեծելարշաւի եւ աթլեթիզմի մրցումները, որոնց հայկական վարժարաններու կողքին երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցան «Զուարթնոց» կեդրոնի յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներ: Պասքեթպոլի 3-րդ դիրքի մրցումներն ալ տեղի ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Փոքր աղջկանց 3-րդ դիրքը գրաւեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, որ 48-19 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ...

«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռուբիկ Վարդանեան Եւ Մերուժան Պալեան Յաղթեցին

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռուբիկ Վարդանեան Եւ Մերուժան Պալեան Յաղթեցին

Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու մեծ մրցաշարք մը` «Ռքենա Էֆ.Սի.3»-ը, ուր ելոյթներ ունեցան Վրաստանէն երկու հայ մարտիկներ` Ռուբիկ Վարդանեան եւ Մերուժան Պալեան: Երկու մարզիկներն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին մրցումի աւարտէն առաջ իսկ եւ իրենց անունը յայտնի դարձուցին վրացական «Էմ.Էմ.Էյ.»-ին մէջ: Ռուբիկ Վարդանեան շարունակեց իր անյաղթ արհեստավարժ ասպարէզը «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի մէջ եւ իր 5-րդ մրցումն ալ յաղթեց: Ան առաջին ռաունտին իսկ...

Սամպօ.  Գոռ Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Սամպօ. Գոռ Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Սամպոյի հայ մարզիկ Գոռ Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի ախոյեան, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին: Յարութիւնեան, որ կը մասնակցէր մարզական սամպոյի 88 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի Ատիլ Ատիլզատէի դէմ եւ 5-2 արդիւնքով յաղթեց անոր: Գոռ Յարութիւնեան շատ զօրաւոր մրցաշարք մը ունեցաւ եւ հաստատ քայլերով հասաւ աւարտական: Ան պարտութեան մատնած էր Լաթվիոյ, Սպանիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնցմէ ետք...

Ծանրաբարձութիւն.  Գոռ Մինասեան` Յաղթական

Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Մինասեան` Յաղթական

2026-ի Ասիոյ ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 110 քիլոկրամէն վեր կշիռի ախոյեան դարձաւ Գոռ Մինասեան: Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, Հայաստանէն մեկնած Գոռ Մինասեան, որ Պահրէյնը կը ներկայացնէ 31 տարեկանին, երրորդ անգամ ըլլալով իր ասպարէզին մէջ դարձաւ Ասիոյ ախոյեան: Մինասեան երկամարտի արդիւնքով 457 քկ արդիւնք ձեռք ձգեց: Անոր գլխաւոր մրցակիցն էր Իրանի ներկայացուցիչ Ալերեզա Եուսեֆի, որ տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ էփոլէ ժըթէի մրցումին բարձրացնելով...

«Սարդարապատ» Բարձրացաւ  Բարձրագոյն Դասակարգ

«Սարդարապատ» Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Արմաւիրի «Սարդարապատ» ֆութպոլի խումբը պատմական յաջողութեան հասաւ եւ ակումբի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգ` «Փրեմիեր լիկ»: Ա. դասակարգի (Բ. դասակարգ Հայաստանի մէջ) նախավերջին հանգրուանին, «Սարդարապատ» 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր անմիջական մրցակից «Սիւնիք»-ին եւ կէտերու առաւելութիւնը բարձրացուց 9-ի: Նկատի ունենալով, որ Երեւանի բանակայիններու երկրորդ խումբը «Փրեմիեր լիկ» բարձրանալու նպատակ չունի, եւ որ արդէն 6 կէտերով ետ կը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սփըրզ Կարեւոր Յաղթանակով  Սկսաւ Օքլահոմայի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.» Սփըրզ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Օքլահոմայի Դէմ

Վիքթոր Ուիմպանեամա 41 կէտ եւ 24 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Տիլըն Հարփըր 24 կէտ ձեռք ձգեց եւ 7 սթիլ կատարեց` օգնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզին, որ 122-115 արդիւնքով յաղթէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, Արեւմտեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումին: «Ուեմպի» 2 տանքերով աւարտեց մրցումը, որուն ընթացքին դիմուեցաւ 2 երկարաձգումներու: Սթեֆըն Քեսըլ (17 կէտ), Տեվըն Վեսըլ եւ Քելտըն Ճոնսըն 13-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. ՌՈՒՍԻՈՅ «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանէն ետք վերջնականապէս որոշուեցան տարեշրջանի մրցանակակիրները: Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեան դարձաւ Զենիթ Սան Փեթերսպուրկ, մինչ Կրասնոտար գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ Լոքոմոթիւ Մոսկուա` 3-րդ: Կրասնոտար իր վերջին մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Օրենպուրկին, ուր Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան նշանակեց 3-րդ կոլը: Կրասնոտար իր պատմութեան մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ փոխախոյեան, 2023-2024 տարեշրջանէն ետք: Անցեալ տարուան ախոյեանը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 41-50

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Բարեփոխումներ Կը Կատարէ Յաջորդ Հանգրուանի Մրցումներուն

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը վերջերս բարեփոխումներ կատարեց իր այս տարուան փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով` նկատի ունենալով Ուասլ 2026-ի եւ ազգային խումբի խճողուած յայտագիրը` երկրին դիմագրաւած ապահովական պայմաններուն պատճառով յետաձգուած մրցումներուն լոյսին տակ: Վերջին երեք հանգրուանները պիտի աւարտին 2 շաբթուան ընթացքին, ապա անմիջապէս պիտի սկսին ֆայնըլ 8-ի մրցումները ջնջելով նախապէս որոշուած փլէյ-ին եւ ֆայնըլ 6-ի դրութիւնը: Վերջնական դասաւորման արդիւնքներէն ետք, առաջին դիրքը գրաւող...

Սամպօ.  Հայաստան 4 Մետալներ Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Առաջին Օրը

Սամպօ. Հայաստան 4 Մետալներ Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Առաջին Օրը

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, շաբաթավերջին սկսաւ սամպոյի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն 4 ներկայացուցիչներ մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ նուաճեցին: 71 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արսէն Աւետիսեան հաւաքականի կազմէն լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ մարտական սամպոյի մրցումներուն: Հայ մարզիկը 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք հասաւ աւարտական եւ պարտութիւն կրելէ ետք դարձաւ փոխախոյեան: Պրոնզէ մետալներ շահեցան Պորիս Շատվերեան, Նարեկ...

«Էմ. Էմ. Էյ.».  Դաւիթ Մգոյեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.». Դաւիթ Մգոյեան` Յաղթական

Դաւիթ Մգոյեան «Էմ. Վի. Փի.1» մրցաշարքին ընթացքին յաղթեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ Ալպերթ Մորալեսին: Ծագումով եզիտի հայ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկը (9-1) կարեւոր յաղթանակ տարաւ Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին: 21 տարեկան Մգոյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ երեք ռաունտերէ ետք` 29-28, 30-26 եւ 30-27 արդիւնքով: Մգոյեանի համար այս յաղթանակը ասպարէզի ամէնէն նշանակալիցներէն մէկն էր: Անոր մրցակիցը փորձառու Մորալեսն...

Բազկամարտ.  Արման Մրտէեան Եւ Սարգիս Ստեփանեան Եւրոպայի Մէջ Տիտղոսակիրներ

Բազկամարտ. Արման Մրտէեան Եւ Սարգիս Ստեփանեան Եւրոպայի Մէջ Տիտղոսակիրներ

Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցաւ բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: 7 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արման Մրտէեան անգամ մը եւս մետալ մը աւելցուց իր մետալներու պահարանին մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի 35-րդ բազկամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն ան կրցաւ արծաթէ մետալ նուաճել: 34 երկիրներէ աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 60 քկ կշիռի մարզիկներու մրցումներուն հայ երիտասարդ մարզիկը, որ 7 անգամ շահած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, կրցաւ 3-րդ անգամ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Քլիվլենտ Դուրս Ձգեց Տիթրոյիթը

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Դուրս Ձգեց Տիթրոյիթը

Տիթրոյիթ Փիսթընզ բնական եղանակի լաւագոյն խումբն էր Արեւելեան շրջանին մէջ, բայց թիւ 1 դասուած խումբը բաւական դժուարութեամբ կրցաւ դուրս ձգել 8-րդ դասուած Օրլանտօ Մեճիքը` 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, յաջորդական 3 մրցումներ յաղթելով, փլէյ օֆի մրցումներու առաջին հանգրուանին: Երէկ սակայն Քլիվլենտ Քեվելիրզ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ էր, եւ բնաւ առիթ չտուաւ Փիսթընզին, որ օգտուի Տիթրոյիթի մէջ կատարուած մրցումի առաւելութենէն:...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. ՍՊԱՆԱՑԻ մասնագէտ Չապի Ալոնսօ նշանակուեցաւ Չելսի ակումբի նոր մարզիչ: Ան իր նոր պաշտօնին պիտի սկսի 1 յուլիսէն սկսեալ` 4 տարուան համար պայմանագրութիւն ստորագրելէ ետք լոնտոնեան ակումբին հետ: Հակառակ իր յաջողութեան` Պայեր Լեւերքուզընի հետ, Ալոնսօ չէր կրցած ինքզինք պարտադրել Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր անոր խիստ թաքթիքները եւ պահանջները չկատարեցին Ռէալի «շփացած» մարզիկները, որոնք ձեւով մը ըմբոստացան մարզիչին դէմ, բան մը,...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Աթլեթիզմի Եւ Հեծելարշաւի Արդիւնքները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Աթլեթիզմի Եւ Հեծելարշաւի Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, իր 2025-2026 տարեշրջանի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կատարեց իր աթլեթիզմի մրցումները, իսկ օր մը ետք (երէկ), Մարինա Տըպպայէի մէջ, հեծելարշաւի մրցումները, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Մէկ քայլ ոստում Գունտ Երկար վազք Կարճ վազք Հեծելարշաւ 14 տարեկանէն վար տղաք - 2012-2013 1.- Յարութ Քոճակէօզեան Հայ կաթողիկէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր` 68-59

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր` 68-59

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շարունակեց փետրուարին կիսատ մնացած ախոյեանութեան մրցումները եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ազուրի դէմ` 68-59 արդիւնքով: Առանց օտար մարզիկներու, երկու խումբերն ալ իրենց կարելին ըրին, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը քիչ մը շատ թըրնօվըր կատարեց, բան մը, որ վստահաբար կեդրոնացումի պակասին պատճառով էր: Սպասելի բան մը, երբ խումբը խաղաոճ մը կը կիրարկէր 2 օտարներու հետ,...

Ըմբշամարտ.  Սուրէն Իշխանեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Սուրէն Իշխանեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Պուլկարիոյ մէջ կը շարունակուի ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի մինչեւ 17 տարեկաններու ախոյեանութիւնը: 55 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Սուրէն Իշխանեան` բարձր մակարդակի ելոյթներ ունենալէ ետք եւ յաղթելով իր 4 մրցակիցներուն: Իշխանեան իր առաջին մրցումին 10-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր ֆրանսացի Իսա Շուրայեւը, ապա քառորդ աւարտականին 15-4 արդիւնքով յաղթած Քիրիլ Շումէյքոյին (Հունգարիա): Կիսաւարտականին հայ ըմբիշը իր դէմ ունէր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Սփըրզ Հասաւ Աւարտական. Տիթրոյիթ Փիսթընզ Կրցաւ  7-րդ Մրցում Պարտադրել

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ Հասաւ Աւարտական. Տիթրոյիթ Փիսթընզ Կրցաւ 7-րդ Մրցում Պարտադրել

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի հետաքրքրական մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ այսօր առաւօտեան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի 7-րդ եւ ճակատագրական ճակատումը Տիթրոյիթի մէջ: Արդարեւ, 6-րդ ճակատումին Տիթրոյիթ Փիսթընզ կրցաւ ղեկավարել Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ մրցումը, հակառակ անոր որ մրցումը տեղի ունեցաւ Քլիվլենտի մէջ, եւ Տիթրոյիթ յաղթեց 115-94 արդիւնքով: 2 օրեր առաջ, Քլիվլենտ կրցած էր Տիթրոյիթի մէջ յաղթել յետ երկարաձգման...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը մօտ երկու շաբաթ առաջ որոշած էր շարունակել տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները, հակառակ երկրին ոչ այդքան ալ կայուն վիճակին: Այսօր աղջկանց ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ազուրը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Երկու խումբերը 4--րդ հանգրուանին (երթին) մրցած էին իրար դէմ Ազուրի դաշտին վրայ, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս 81-84 արդիւնքով...

«Ռաֆ».  Արսէն Յարութիւնեան Իր Առաջին  Ելոյթը Պիտի Ունենայ «Ռաֆ 10»-ին

«Ռաֆ». Արսէն Յարութիւնեան Իր Առաջին Ելոյթը Պիտի Ունենայ «Ռաֆ 10»-ին

13 յունիսին Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Ռաֆ 10» մրցաշարքին իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ 4 անգամ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան: 26 տարեկան հայ ըմբիշը պիտի մրցի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր ճափոնցի Ռէյ Հիկուչիի դէմ: Նոյն մրցաշարքին պիտի մասնակցի նաեւ խառն մենամարտերու «Եու. Էֆ. Սի.»-ի կազմակերպութեան թեթեւ...

Նայիր Թիկնիզեան Երկրորդ Տիտղոսը  Նուաճեց «Կարմիր Աստղ»-ի Հետ

Նայիր Թիկնիզեան Երկրորդ Տիտղոսը Նուաճեց «Կարմիր Աստղ»-ի Հետ

Հայաստանի հաւաքականի պաշտպան Նայիր Թիկնիզեան «Կարմիր Աստղ Պելկրատ» ակումբին հետ դարձաւ Սերպիոյ բաժակակիր: Աւարտական մրցումին Պելկրատի ակումբը վճռական փենալթիներով յաղթեց Վոյվոտինային եւ շահեցաւ տարեշրջանի երկրորդ տիտղոսը: Հանդիպման հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: Ասիկա ախոյեան «Կարմիր աստղ»-ին համար շատ դժուար մրցում մըն էր, որուն կիսախաղին ան ետ կը մնար 2-0 արդիւնքով: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Նայիր Թիկնիզեան, որ շատ գեղեցիկ...

Page 39 of 1275 1 … 38 39 40 … 1,275

Արխիւներ