Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

May 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՌՈՒՍԻՈՅ «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանէն ետք վերջնականապէս որոշուեցան տարեշրջանի մրցանակակիրները: Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեան դարձաւ Զենիթ Սան Փեթերսպուրկ, մինչ Կրասնոտար գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ Լոքոմոթիւ Մոսկուա` 3-րդ:

Կրասնոտար իր վերջին մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Օրենպուրկին, ուր Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան նշանակեց 3-րդ կոլը: Կրասնոտար իր պատմութեան մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ փոխախոյեան, 2023-2024 տարեշրջանէն ետք: Անցեալ տարուան ախոյեանը վերջին հանգրուաններուն միայն առաջին դիրքը զիջեցաւ ի նպաստ Զենեթի:

Պէտք է նշենք, որ Սփերձեան ախոյեանութիւնը աւարտեց 13 կոլերով եւ 16 էսիսթներով` անգամ մը եւս դառնալով առաւելագոյն էսիսթ տուող մարզիկը:

ՀԵՆՐԻԽ Մխիթարեան ընտրուեցաւ «Սերի Ա.»-ի 37-րդ հանգրուանի Ինթեր Միլանի լաւագոյն մարզիկը: Միլանի դաշտին վրայ տարեշրջանի իր վերջին մրցումին Հենրիխ Մխիթարեան ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ, բայց Ինթեր, որ 1-0 արդիւնքով կը յաղթէր Վերոնային, 91-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ եւ 1-1 արդիւնքով աւարտեց ելոյթը` արդէն իսկ ախոյեանութեան տիրանալէ շաբաթ մը ետք:

. ՍՊԱՆԻՈՅ ախոյեան դարձած Պարսելոնա «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան 37-րդ հանգրուանին իր դաշտին վրայ վերջին մրցումը կատարեց եւ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Պեթիսին:

Այս յաղթանակը յատկանշական էր, մանաւանդ որ Պարսելոնա իր 19 մրցումներուն ալ կրցաւ յաղթել:

Նոյն պահուն, «Քամփ Նու»-ի մէջ իր վերջին ելոյթը ունեցաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի (37 տարեկան), որ որոշեց տարեշրջանի աւարտին լքել կազմը: 132 մրցումներէ ետք Լեվանտովսքի 82 կոլ նշանակած է քաթալոնական ակումբին հետ:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ «Լիկ 1»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց մայրաքաղաքի տերպի մրցումին` Փարիզ ակումբին դէմ: Նշենք, որ Նանթ եւ Մեձ փոխադրուեցան Բ. դասակարգ, մինչ Նիս պիտի մրցի Բ. դասակարգի 3-րդ դիրքը գրաւող Սենթ Էթիենի դէմ: Նշենք, որ Թրուա եւ Լը Ման բարձրացան «Լիկ 1»:

. ԻՏԱԼԻՈՅ «Սերի Ա.»-ին միանալու համար կը պայքարին 4 խումբեր` Մոնցա, Եուվէ Սթապիա, Փալերմօ եւ Քաթանցարօ:

Վենեցիա եւ Ֆրոսինոնէ արդէն իսկ բարձրացան «Սերի Ա.», մինչ 3-րդ տոմսին համար պայքարը սուր է:

Յիշեցնենք, որ Փիզա եւ Վերոնա արդէն իսկ պիտի իջնեն «Սերի Պէ.», մինչ Լեչէ եւ Քրիմոնեզէ կը պայքարին մնալու «Սերի Ա.»:

. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ, «Պունտըսլիկա 2» փոխադրուեցան Զանքթ Փաուլի եւ Հայտենհայմ, մինչ Վոլֆսպուրկ պիտի մրցի Փատերպորնի դէմ, եւ յաղթականը կա՛մ կը մնայ «Պունտըսլիկա 1» (եթէ Վոլֆսպուրկ յաղթէ), կա՛մ կը բարձրանայ (եթէ Փատերպորն յաղթէ): Շալքէ եւ Էլվերսպերկ բարձրացան «Պունտըսլիկա 1»:

. ԱՆԳԼԻՈՅ մէջ Վուլվզ եւ Պըրնլի արդէն իսկ Ա. դասակարգ ինկած են, մինչ Քովենթրի եւ Իփսուիչ պիտի բարձրանան «Փրեմիեր լիկ»:

Պայքարը կը մնայ Թոթենհամի եւ Ուեսթ Համի միջեւ` մնալու «Փրեմիեր լիկ», մինչ Հալ Սիթի եւ Սաութհեմփթըն կը պայքարին բարձրանալու «Փրեմիեր լիկ»:

 

Նախորդը

Ոչ Յաղթական, Ոչ Պարտեալ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Սփըրզ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Օքլահոմայի Դէմ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.