Մարզական

Պասքեթպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Վաղը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթի աղջկանց խումբը, Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումներուն գծով: Վստահաբար բոլորն ալ կը սպասեն ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի աւարտական մը, որ պիտի ըլլայ անցեալ տարիներուն նման հետաքրքրական: Այս տարի ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը նոյնիսկ առանց վիրաւորներ Տանիելլա Ֆայյատի եւ Սթեֆանի Հատտատի...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի («Ֆայնըլ 8») մրցումներուն գծով, այսօր երեկոյեան ժամը 20:45-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Սաժեսի դէմ: Սաժես մէկ յաղթանակի պէտք ունի հասնելու կիսաւարտական, մինչ ՀՄԸՄ պիտի փորձէ յաղթել Ղազիրի մէջ` մրցում մը եւս կատարելու համար Մըզհերի մէջ: Վերջին մրցումին չորեքշաբթի օր ՀՄԸՄ-ի օտար մարզիկներէն Տիքեմպէ Տիքսըն վիրաւորուած էր եւ շատ հաւանաբար...

2026-ի Մոնտիալ. Մոնտիալը Սկսաւ Մեքսիքայի Յաղթանակով. Հարաւային Քորէա Յաղթեց Չեխիոյ

2026-ի Մոնտիալ. Մոնտիալը Սկսաւ Մեքսիքայի Յաղթանակով. Հարաւային Քորէա Յաղթեց Չեխիոյ

Հինգշաբթի գիշեր սկսաւ 2026-ի Մոնտիալը բացման գեղեցիկ հանդիսութենէ մը ետք: Մեքսիքօ Սիթի հիւրընկալեց բացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեքսիքա - Հարաւային Ափրիկէ առաջին մրցումը: Նախապէս «Ազթեքա» կոչուած պատմական դաշտը, որ 1966-ին կառուցուած էր, եւ այդտեղ պատմական մարզիկներ աշխարհի ախոյեան դարձած էին Փելէի (1970) եւ Մարատոնայի (1986) նման, ողողուած էր մօտ 81 հազար համակիրներով, որոնք մօտ 4 ժամ անընդհատ երգերով եւ պարերով...

Նշմար.  Պէտք Է Ընդունիլ…

Նշմար. Պէտք Է Ընդունիլ…

ԿԱՐՕ Կ. Երբ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշեց ախոյեանութեան շարունակութիւնը, ՀՄԸՄ-ի խումբը փորձեր չէր կատարեր: Այլ խումբեր, որոնք միլիոններ թափած էին տարեշրջանի սկիզբէն, վստահաբար կը փորձէին պահել իրենց լիբանանցի մարզիկները: Երբ ճշդուեցաւ վերսկսելու թուականը, փորձերն ալ վերսկսան, եւ ձեռք բերուեցան օտար մարզիկներ, որոնցմէ միայն Ճորտըն Սթիվընզ ծանօթ էր եւ արդէն երրորդ տարեշրջանը կը բոլորէր: Առաջին մրցումին (վերադարձին) Ռիատիի դէմ ամէն ինչ հեզասահ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 2-րդ Ճակատումին Պարտուեցաւ Սաժեսէն

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-րդ Ճակատումին Պարտուեցաւ Սաժեսէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան «ֆայնըլ 8»-ի մրցումներուն, չորեքշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը բաւական լաւ սկսելէ ետք Սաժեսի դէմ երկրորդ ճակատումը, Բ. մասին իրաւարարին սխալէն եւ համակիրներու դժգոհութիւններէն ետք կորսնցուց ամէն ինչ... Գնդակին տիրապետելու եւ յարձակումներ կազմակերպելու առումով աններելի սխալներ գործելու թիւը շատ մեծ էր, բան մը, որմէ Սաժես լաւապէս օգտուեցաւ: Աւելի՛ն, խումբի օտարներէն Տիքեմպէ Տիքսըն վիրաւորուեցաւ եւ կարելի չէր պայքարիլ...

Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան Պիտի Մասնակցի «Քարաթէ Ուան» Ախոյեանութեան

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան Պիտի Մասնակցի «Քարաթէ Ուան» Ախոյեանութեան

Հայաստանի Քարաթէի հաւաքականի անդամ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Սուրէն Յարութիւնեան պիտի մասնակցի «Քարաթէ ուան փրեմիեր լիկ-Ռապաթ 2026» մրցաշարքին: Հայաստանի Քարաթէի ֆետերասիոնը այս լուրը հրապարակած է «Արմենփրես»-ի ճամբով: Հայաստանի քարաթէի մեծերու հաւաքականի մարզիկ Սուրէն Յարութիւնեան, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սերիոժա Մակարեանի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթ` մասնակցելու 12-էն 14 յունիս տեղի ունենալիք պաշտօնական ախոյեանութեան: Նշենք, որ Սուրէն Յարութիւնեան կը պայքարի 75...

Փիւնիկ Կը Վերադարձնէ Աստղը`  Իր Նշանակին Վրայ

Փիւնիկ Կը Վերադարձնէ Աստղը` Իր Նշանակին Վրայ

Երեւանի Փիւնիկ ակումբը անգամ մը եւս ակումբի նշանակին վրայ ախոյեանութեան աստղը վերադարձուց: Այդ աստղը կը խորհրդանշէ Հայաստանի ախոյեանութեան գծով ակումբին նուաճած 10 եւ աւելի ախոյեանութեան տիտղոսները: Ինչպէս կը յայտնէ ակումբի մամլոյ ծառայութինը, աստղը կրկին պիտի տեղադրուի Փիւնիկի նշանակին վերի բաժինը` ընդգծելու համար ակումբի առանձնայատուկ կարգավիճակը հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ: Փիւնիկ Հայաստանի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած ֆութպոլի ակումբն է: Ակումբը հիմնուած...

«Էն. Պի. Էյ.»  29 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Նիւ Եորք Մօտեցաւ Տիտղոսին

«Էն. Պի. Էյ.» 29 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Նիւ Եորք Մօտեցաւ Տիտղոսին

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու չորրորդ ճակատումին, Նիւ Եորքի «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն» մարզադաշտը կը հիւրընկալէր Նիւ Եորք Նիքս - Սան Անթոնիօ Սփըրզ մրցումը: 2 օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեան, Նիւ Եորք, որ Թեքսասի մէջ առաջին 2 ճակատումներուն յաղթած էր, պարտութիւն մը կրած էր Սփըրզէն: Երէկ Սփըրզ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ Նիքսի համակիրները...

8 Կարմիր Քարտեր` Աղջկանց «Բարեկամական»  Մրցումի Մը Ընթացքին

8 Կարմիր Քարտեր` Աղջկանց «Բարեկամական» Մրցումի Մը Ընթացքին

Երէկ առաւօտեան ժամերուն ֆութպոլի ոչ շատ գեղեցիկ «բարեկամական» մրցում մը տեղի ունեցաւ Ֆորթալեզայի մէջ, ուր Պրազիլ կը հիւրընկալէր Միացեալ Նահանգներու խումբը աղջկանց մրցումներու գծով: 3 օր առաջ նոյն խումբերը մրցած էին իրար դէմ, եւ Պրազիլ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր իրապէս գեղեցիկ մրցումի մը ընթացքին, սակայն երէկ պատկերը բոլորովին տարբեր էր: Միացեալ Նահանգներ ֆիզիքական առումով շատ կարծր եւ բիրտ մրցում մը...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ` 93-70

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ` 93-70

Երէկ սկսաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի կիսաւարտականի գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Պէյրութ Ֆըրսթ ճակատումը, ուր ՀՄԸՄ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պէյրութի դէմ` 93-70 արդիւնքով: Մըզհերի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս սկիզբէն լաւ ձեւով սկսաւ, եւ առաջին վայրկեանէն յստակ էր խումբերու մակարդակի տարբերութիւնը խումբին օտար մարզիկներն ալ` Ալեքսիս Փրինս եւ Քրիսթին Անիկուէ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան եւ վստահաբար աւելի շաղուելով խումբին...

Հեծելարշաւ.  Ֆետերասիոնի Բաժակի Արդիւնքները

Հեծելարշաւ. Ֆետերասիոնի Բաժակի Արդիւնքները

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տարեշրջանի բացումը կատարեց կազմակերպելով Թանիոս Միրի անուան ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքը: Թանիոս Միր տարիներով գլխաւորած էր հեծելարշաւի ֆետերասիոնը եւ իր հետքը ձգած այս մարզաձեւի զարգացման մէջ: Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ կիրակի, 7 յունիսի առաւօտեան ժամը 8:00-էն, Տըպպայէի «Մարինա» ծովեզերեայ ճամբուն վրայ էլիթ եւ մասթըրզ (12 շրջան) բաժանմունքներով, եւ ժամը 10:00-էն սկսեալ աղջկանց (8 շրջան) եւ երիտասարդներու (8 շրջան) բաժանմունքներով,...

Մխիթարեան Անձամբ Կը Վարէ Իր Պայմանագրութեան Վերաբերող Բանակցութիւնները

Մխիթարեան Անձամբ Կը Վարէ Իր Պայմանագրութեան Վերաբերող Բանակցութիւնները

Ինչպէս նախապէս յայտնած էր Ֆապրիցիօ Ռոմանօ, Հենրիխ Մխիթարեան կը շարունակէ հանդէս գալ Ինթեր Միլանի հետ, տարի մը եւս երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը: Ըստ Ռոմանոյի, երկու կողմերը համաձայնած են մօտ երկու շաբաթ առաջ: Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է մէկ տարեշրջանի համար եւ կը ներառէ ֆութպոլի աշխատավարձքի նուազեցում: Բանակցութիւններուն վերաբերեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւն յայտնած է Ինթերի մարզական տնօրէն Փիերօ Աուզիլիօ: Ըստ Աուզիլիոյի, Մխիթարեան անձամբ կը...

Վերջին Փորձ Մրցումին.  Հայաստան – Մոլտովա` 1-1

Վերջին Փորձ Մրցումին. Հայաստան – Մոլտովա` 1-1

Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բարեկամական մրցում մը Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին բաւարարուեցաւ 1-1 արդիւնքով: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը մեծ մասամբ ընթացաւ հաւասար պայքարով Հայաստանի ազգային խումբը քանի մը լուրջ վտանգներ ստեղծեց, բայց յարձակումները եւ առիթները կոլի չվերածուեցան: Հիւրերը նոյնպէս առիթ ստեղծեցին: Մոլտովա մէկ լուրջ առիթ ունէր, բայց Հայաստանի...

Հայաստան-Ուզպեքիստան Ֆութպոլի Բարեկամական Խաղը Թուրքիո՞յ Մէջ…

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն. 12 Խումբեր Մաս Պիտի Կազմեն Բարձրագոյն Դասակարգին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի խումբերու թիւը 10-էն պիտի բարձրանայ 12-ի: Որոշումը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի առցանց քուէարկութեան ընթացքին: «Փրեմիեր լիկա»-ի նոր տարեշրջանը 12 ակումբներու մասնակցութեամբ կատարելու առաջարկին կողմ քուէարկած են մասնակից 12 անդամները: Միեւնոյն ժամանակ, նոր տարեշրջանի առանցքային մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն: Ախոյեանութեան ձեւաչափին, օրացոյցին, ինչպէս նաեւ օտար մարզիկներու թիւի...

2026-ի Մոնտիալ.  Այսօր Կը Սկսի Պատմութեան  23-րդ Մոնտիալը

2026-ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Սկսի Պատմութեան 23-րդ Մոնտիալը

Այսօր Մեքսիքօ Սիթիի մէջ (Մեքսիքա) տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլի պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան` Մոնտիալի բացումը, ուր միլիոնաւոր հանդիսատեսներ կը սպասեն մարզական աշխարհի թագաւորին` ֆութպոլի փառատօնը: Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 8:30-էն սկսեալ, իսկ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 10:00-ին, Մեքսիքայի եւ Հարաւային Ափրիկէի միջեւ: Պէտք է ըսել, որ այս Մոնտիալը տարբեր պիտի ըլլայ բոլոր Մոնտիալներէն` նկատի ունենալով, որ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Այսօր ժամը 20:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը, քառորդ աւարտականի երկրորդ ճակատումին: Առաջին ճակատումին մրցումը լաւ սկսելէ ետք, ՀՄԸՄ հետզհետէ ետ մնաց Սաժեսի դաշտին վրայ, ուր եգիպտացի Համատ Ֆաթհի շատ կանուխ ֆաուլեր ընելով, ՀՄԸՄ-ին պարտադրեց 2 օտարներով խաղալու: ՀՄԸՄ կիրակի օր ձեռք ձգեց Մայքըլ Ուաթքինզը, որ անցեալ տարի բաւական...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Թաուֆիր-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Վերադարձաւ Փորձերուն

Քանի մը օր առաջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը վերադարձաւ փորձերու` ֆետերասիոնի որոշումէն ետք շարունակելու համար ախոյեանութիւնը: Անցեալ փետրուարէն ի վեր կիսատ մնացած ախոյեանութիւնը պիտի շարունակուի 1 յուլիսին: Ֆետերասիոնը որոշած է զայն աւարտել 13 օրերու ընթացքին: 4 մրցումներ կատարելը այդ կարճ ժամանակամիջոցին քիչ մը դժուար բան է, բայց որոշումը այդպէս էր: Ինչպէս նշեցինք, 3 ամսուան դադարէ ետք, երկրին անկայուն վիճակին...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Այսօր ժամը 17:30-ին Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ բնական ախոյեանութեան իր վերջին մրցումին 86-94 արդիւնքով յաղթեց անցեալ տարիներու ախոյեան Ռիատիին` գրաւելով առաջին դիրքը: Այս բոլորին կողքին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր կազմին միացուց...

2026-ի Մոնտիալ.  Մոնտիալը Թիւերով` Բացման Մրցումէն Առաջ

2026-ի Մոնտիալ. Մոնտիալը Թիւերով` Բացման Մրցումէն Առաջ

Այս տարուան Մոնտիալը պիտի ըլլայ ամէնէն մեծը` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով 48 խումբեր պիտի մասնակցին երեք հիւրընկալ երկիրներու մէջ, ուր 16 մարզադաշտեր պիտի ընդունին 104 մրցումներ 39 օրերու ընթացքին: Մրցաշարքը, զոր պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքա, պիտի ըլլայ առաջինը, որ ՖԻՖԱ-ն կը կազմակերպէ մասնակից երկիրներուն 32 խումբերէն բարձրացնելով 48-ի` աւելցնելով 4 այլ խմբակներ եւ նոր հանգրուան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպանեամա Փայլեցաւ  Եւ Սփըրզ Յաղթեց Նիւ Եորքի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Փայլեցաւ Եւ Սփըրզ Յաղթեց Նիւ Եորքի Մէջ

Վիքթոր Ուեմպանեամա իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներուն գծով, եւ Նիւ Եորք Նիքս անակնկալ ձեւով դժուարութիւն ունեցող եւ իր դաշտին վրայ կրեց առաջին պարտութիւնը վերջին 14 փլէյ-օֆի մրցումներուն: Ուեմպանեամա 32 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ 115-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը` «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի մէջ: Սան Անթոնիօ կը փորձէ...

Page 34 of 1274 1 … 33 34 35 … 1,274

Արխիւներ