Թենիս. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին
Հայաստանի աղջկանց թենիսի հաւաքականը յաջողութեամբ սկսաւ «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի մրցաշարքին: Սան Մարինոյի մէջ տեղի ունեցող 3-րդ խմբակի առաջին հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ տարաւ Ազրպէյճանի հաւաքականին վրայ: Անհատական մրցումներուն, Հայաստանի ազգային խումբին յաղթանակներ պարգեւեցին Անի Ամիրաղեան եւ Էլինա Աւանէսեան: Ամիրաղեան իր մրցակիցին ոչ մէկ առիթ տուաւ եւ յաղթեց 6-0, 6-0 արդիւնքով: Աւանէսեան նոյնպէս հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց իր...




















