Ալպերթ Ալեքսանեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ Լաթվիոյ Երիտասարդներուն Հետ
Շուէտական Նորչեբինկ ակումբի յառաջապահ Ալպերթ Ալեքսանեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Լաթվիոյ երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբին հետ: Անոր առաջին ելոյթ եղաւ Էսթոնիոյ դէմ Պալթիք բաժակի մրցաշարքին: Հանդիպումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, իսկ Ալեքսանեան հիմնական կազմէն խաղցաւ ամբողջ մրցումը: Ֆութպոլիստին համար ասիկա կարեւոր քայլ մըն էր միջազգային մակարդակի վրայ, քանի որ ան վերջերս քանի մը հաւաքականներու ուշադրութեան կեդրոն դարձած...




















