Հեծելարշաւ. Ժորժ Էսքանտար, Խալիլ Ասմար, Պշարա Հաժ Եւ Թամարա Զէյն Ախոյեաններ
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպեց Լիբանանի ճամբու հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, Զաարուր շրջանին մէջ, որ տեղի ունեցաւ ծովու մակերեսէն 2 հազար մեթր բարձրութեան վրայ, փակ շրջավազքի մէջ: Ախոյեանութեան մրցումը սկսաւ մասնակցութեամբ աւելի քան 62 մարզիկներու, որոնք Զաարուրի մայրուղիէն ուղղուեցան մինչեւ Պասքինթա: Ֆետերասիոնին մաս կազմող ակումբներու կողքին մասնակցեցան նաեւ լիբանանեան բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներ: Ինչպէս միշտ, մրցումը տեղի ունեցաւ Մասթըրզ,...




















