59 տարեկան ճափոնցի պատմական ֆութպոլիստ Քազույոշի Միուրա տարեշրջան մը եւս պիտի խաղայ իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ:
42-րդ տարեշրջանին Ֆուքուշիմա Եունայթըտի խումբը, որ Ճափոնի Գ. դասակարգին մաս կը կազմէ, յայտարարեց, որ Միուրայի պայմանագրութիւնը տարեշրջան մը եւս երկարաձգած է: Միուրա Եոքոհամա խումբին մաս կը կազմէ, բայց վարձավճարով փոխ տրուած է Ֆուքուշիմա Եունայթըտին:
«Ես որոշած եմ երկարաձգել իմ պայմանագրութիւնս: Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի օգնեմ Ֆուքուշիմային, որ բարձրանայ մինչեւ առաջին դասակարգ: Այսպիսով, կը շարունակեմ ֆութպոլ խաղալ նոյնիսկ 60 տարեկանին», ըսած է Միուրա:
«Թագաւոր Քազու» արհեստավարժ մակարդակով ֆութպոլ խաղցած է տարբեր տասնամեակներու` 1980-ականներուն, 1990-ականներուն, 2000-ականներուն, 2010-ականներուն եւ 2020-ականներուն:
Ան կանուխ տարիքէն սկսած է եւ տասնամեակներու ընթացքին հասած է խաղալու տարբեր ցամաքամասերու վրայ յայտնի ակումբներու հետ, ինչպէս պրազիլեան Սանթոսի, իտալական Ճենովայի, աւստրալիական Սիտնիի եւ խրուաթական Տինամօ Զաղրեպի հետ:
Ճափոնի ազգային խումբին հետ ան կատարած է 89 մրցում` նշանակելով 55 կոլ եւ դառնալով Ճափոնի ֆութպոլի ամէնէն փայլուն աստղերէն:


