Մարզական

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Պատանիները Եուրոպասքեթի  Ոսկի Մետալներ Շահեցան

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Պատանիները Եուրոպասքեթի Ոսկի Մետալներ Շահեցան

Եուրոպասքեթի 16 տարեկանէն վար Գ. կարգի մրցումներուն Հայաստանի պատանիները 8 օրուան ընթացքին կատարեցին 6 մրցումներ եւ բոլորին ալ յաղթելէ ետք դարձան ախոյեան: Երեւանի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքի աւարտականին, հաւաքականը շատ հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Մալթայի դէմ` 97-68 արդիւնքով: Հանդիպումի ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկն էր Տիմիթրի Հաջեան: Հայաստանի հաւաքականի պասքեթպոլիստը ձեռք ձգեց 32 կէտ, 6 էսիսթ եւ 5 ռիպաունտ: Անթոնի Սարգսեան տապըլ-տապըլ կատարեց...

Ըմբշամարտ.  Հայ Ըմբիշներ Եւրոպայի Ախոյեանութեան  Պատուաբեր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին

Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշներ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Պատուաբեր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին

Հայաստանի հաւաքականը, որ Սքոփիէի մէջ (Մակեդոնիա) մասնակցեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան, բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ձեռք ձգեց` իր կատարած 67 գօտեմարտերէն 44-ին յաղթելով: Հայաստան մրցաշարքը աւարտեց երկու խմբային մրցանակով: Յունահռոմէական ոճի հաւաքականը խմբային դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւեց, իսկ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Հայ ըմբիշները ընդհանուր առմամբ նուաճեցին 10 մետալ` 1 ոսկի, 4 արծաթ եւ 5...

Թենիս.  Եաննիք Սինըր Շահեցաւ  Ուիմպըլտընի Տիտղոսը

Թենիս. Եաննիք Սինըր Շահեցաւ Ուիմպըլտընի Տիտղոսը

Իտալացի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր շահեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի բաց մրցաշարքը` յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով: Աւարտականին Սինըր յաղթեց Ալեքսանտր Զվերեւին` 6-7, 7-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով, եւ շահեցաւ իր ասպարէզի 5-րդ կրանշլեմի տիտղոսը, ինչպէս նաեւ արձանագրեց իր յաջորդական 10-րդ յաղթանակը` Զվերեւի դէմ: Սինըր մեծ առաւելութեամբ հեռացաւ տղոց դասաւորման մէջ, մինչ Զվերեւ բարձրացաւ Բ. դիրք, մինչ վիրաւոր սպանացի Քարլոս Ալքարաս նահանջեց...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպանեամա Եղաւ Սփըրզի  Ամէնէն «Սուղ» Մարզիկը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Եղաւ Սփըրզի Ամէնէն «Սուղ» Մարզիկը

Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի հետ, ուր պիտի ստանայ 250 միլիոն տոլար 5 տարուան վրայ: «Ուեմպի» կրնար 300 միլիոնի փոխարէն երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, բայց Սփըրզի ղեկավարութեան առաջարկով ան համաձայնեցաւ 250-ի փոխարէն երկարաձգել` մնացեալ գումարը ծախսելու խումբին համար աւելի երիտասարդ մարզիկներու վրայ, որոնք տարիներու ընթացքին կրնան մնալ խումբին հետ եւ աւելի արդիւնք տալ: Սփըրզ այս տարի...

2026-ի Մոնտիալ.  Այսօր` Ֆրանսա – Սպանիա

2026-ի Մոնտիալ. Այսօր` Ֆրանսա – Սպանիա

Այսօր տեղի պիտի ունենայ Մոնտիալի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Թեքսասի Արլինկթընի Էյ. Թի. Էնտ. Թի. սթատիումին մէջ երկու անգամ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսա եւ մէկ անգամ աշխարհի ախոյեան Սպանիա պիտի մրցին աւարտականի տոմսի համար: Թուղթի վրայ Ֆրանսա շատ աւելի հաճելի ֆութպոլ կը խաղայ, բայց ֆութպոլը դաշտին վրայ կը խաղցուի, եւ ամէն բան այդտեղ կը վճռուի: Առիթներ կրնան ստեղծուիլ, բայց այն...

Ըմբշամարտ. Ծառուկեան Յաղթեց. Մաքկրեկոր Պարտուեցաւ

Ըմբշամարտ. Ծառուկեան Յաղթեց. Մաքկրեկոր Պարտուեցաւ

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ռաֆ»-ի մրցաշարքին գծով Արման Ծառուկեանի մրցումը: Ծառուկեան տպաւորիչ եւ ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ Ղազախստանը ներկայացնող Քուաթ Խամիթովի դէմ: Գօտեմարտը աւարտեցաւ երրորդ ռաունտին, երբ Ծառուկեան կրցաւ յաղթել իր մրցակիցին: Ծառուկեան մրցումի ընթացքին տիրապետեց մրցակիցին վրայ` առիթ չտալով անոր, որ որեւէ կէտ շահի: Իրաւարարները 11-0 արդիւնքով յաղթանակ տուին ի նպաստ Ծառուկեանի: Ասիկա Ծառուկեանի յաջորդական 7-րդ...

Ճատրակ.  Եւրոպայի Պատանիներու Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Հայաստանի Փայլուն Արդիւնքները

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանիներու Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Հայաստանի Փայլուն Արդիւնքները

2026-ի Եւրոպայի պատանիներու արագ ճատրակի ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ներկայացուցիչները փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգեցին: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին հաղորդումով, Մանուէլ Վարդանեան դարձաւ ճատրակի Եւրոպայի մինչեւ 10 տարեկան պատանիներու կայծակնային ախոյեանութեան փոխախոյեան: Սոֆիա Բաղրամեան դարձաւ մինչեւ 10 տարեկաններու աղջկանց կայծակնային ճատրակի պրոնզէ մետալակիր: Ան 18 կարելի կէտերէն 13 կէտ ձեռք ձգած է: Մանուէլ Վարդանեան 18 կարելի կէտերէն 14 կէտ ձեռք ձգած...

Ծանրաբարձութիւն.  Ալեն Զուրաբեան` Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Ալեն Զուրաբեան` Փոխախոյեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանիներու ազգային հաւաքականի անդամ Ալեն Զուրաբեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Քոլոմպիոյ Քալի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան, 94 քկ կշիռի ծանրաբարձերու մրցումներուն, Ալեն Զուրաբեան պալէի մրցումներուն 3 յաջող մօտեցումներով կրցաւ բարձրացնել 130, 134 եւ 137 քկ բարձրացնել: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան կրցաւ յաջողութեամբ բարձրացնել 166, 176 եւ 180 քկ: Այս ձեւով, երկամարտի 317 քկ արդիւնքով ան դարձաւ...

Սպերցեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Ահլիի Շապիկով

Սպերցեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Ահլիի Շապիկով

Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան իր առաջին ելոյթին կրցաւ կոլ նշանակել Սէուտական Արաբիոյ Ահլիին հետ: Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին, Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ահլին 8-0 ջախջախիչ արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ Փինցկաու Զաալֆելտէ ակումբին: Սպերցեան մաս կազմեց հիմնական կազմին եւ նշանակեց Ահլիի առաջին կոլը: Ան կիսախաղին փոխարինուեցաւ գրեթէ միւս մարզիկներուն նման` նկատի ունենալով, որ փորձ մրցում էր կատարուածը:...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Վան Տեր Փուլ Շահեցաւ 9-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Դեղին Շապիկը Պահեց

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Վան Տեր Փուլ Շահեցաւ 9-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Դեղին Շապիկը Պահեց

Յարձակող մարզիկներու համար յարմար էր «Թուր տը Ֆրանս»-ի 9-րդ հանգրուանը, որ վերջ գտաւ ի նպաստ նետերլանտցի Մաթիու Վան Տեր Փուլի յաղթանակով, 154,6 քմ բուռն պայքարէ ետք Մալմոր շրջանէն: Յառաջապահ խմբակէն փախուստ տալէ ետք, օրուան վերջին բաժինին ան կրցաւ իր ետին ձգել Թոպիաս Եոհանսին (Ունօ) եւ Թոմ Փիտքոք (Փինարելլօ) զոյգը: Ալփեսին խումբի անդամ Վան Տեր Փուլ այս ձեւով կրցաւ իր խումբին...

Նշմար.  Ինչո՞ւ Կարգ Մը Խումբեր  Առաւելութիւն Ունին…

Նշմար. Ինչո՞ւ Կարգ Մը Խումբեր Առաւելութիւն Ունին…

ԿԱՐՕ Կ. Տարիներէ ի վեր նկատելի բան մը կայ. որքան ալ ֆութպոլի օրէնքները բարելաւուին կամ խստանան, արհեստը աւելի կարեւոր կը թուի ըլլալ, քան արուեստը: Արուեստագէտ ֆութպոլիստներ շատ կային, անոնք դաշտին վրայ կը հմայէին համակիրները, եւ օրէն Պրազիլի նման խումբեր «հարուստ» էին այդ արուեստով, որ այժմ երկրորդ կարգի եղած է արհեստի ետին: «Պիզնըս» (արհեստ) կոչուած բանը աւելի կը հետաքրքրէ կազմակերպիչ մարմինները,...

2026-ի Մոնտիալ.  Սպանիա, Անգլիա Եւ Արժանթին  Հասան Կիսաւարտական

2026-ի Մոնտիալ. Սպանիա, Անգլիա Եւ Արժանթին Հասան Կիսաւարտական

Մոնտիալի մրցումները հասած են իրենց վերջին հանգրուաններուն, եւ Ֆրանսայէն ետք Սպանիա, Անգլիա եւ Արժանթին հասան կիսաւարտական: Սպանիա բաւական դժուար մրցումէ մը ետք կրցաւ օգտուիլ Պելճիքայի երկու բերդապահներէն ոչ շատ լաւ ձեւով զսպուած գնդակներէն` նշանակելով 2 կոլեր, մինչ Պելճիքա կրցած էր նեղի մատնել Սպանիան` կոլ մը նշանակելով Շարլ Տէ Քեթելարի միջոցով, որ գլխու հարուածով հաւասարութեան կոլը նշանակած էր 41-րդ վայրկեանին: 86-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  «Ֆայնըլ 4»-ի Առաջին Ճակատումներուն Ռիատի Պարտուեցաւ, Սաժես Յաղթեց

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ 4»-ի Առաջին Ճակատումներուն Ռիատի Պարտուեցաւ, Սաժես Յաղթեց

Անցեալ տարուան աւարտական մրցումին հասած խումբեր` ախոյեան Ռիատի եւ փոխախոյեան Սաժես, շաբաթավերջին սկսան կիսաւարտականի իրենց ճակատումները: Ռիատի, որ կը մրցէր 4-րդ դիրքը գրաւած Անթունիէի դէմ, լաւ ձեւով սկսելէ ետք մրցումը 4-րդ եւ վերջին մասին միայն 14 կէտեր նշանակեց եւ 72-76 արդիւնքով պարտուեցաւ: Կիսախաղին 40-28 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Ռիատի 32 կէտեր կրցաւ նշանակել Անթունիէի 48 կէտերուն դիմաց: Տոմինիք Արթիս (18 կէտ)...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք.  Մերլիէ Շահեցաւ 2 Հանգրուան,  Բայց Փոկաչար Մնաց Դեղին Շապիկաւոր

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Մերլիէ Շահեցաւ 2 Հանգրուան, Բայց Փոկաչար Մնաց Դեղին Շապիկաւոր

Պելճիքացի Թիմ Մերլիէ սփրինթով կրցաւ շահիլ 2 յաջորդական հանգրուաններ իր խումբին` Սուտալի հետ: 7-րդ հանգրուանը յաղթելէ ետք սփրինթով, Սուտալի մարզիկ Մերլիէ սպասեց 8-րդ հանգրուանի վերջին 400 մեթրին` իր վերջին սփրինթը կատարելու: Ան բաւարար ուժ ունէր ետ ձգելու Եսփեր Ֆիլիփսենը, Պինիամ Կիրմէյը եւ այլ հեծելանւորդներ, որոնք պատրաստ էին սփրինթին: 4 անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսակիր Թատէյ Փոկաչար (Էմիրէյթց) պահեց իր դեղին...

Թենիս.  Նոսքովա Իր Առաջին Կրան Շլեմի Տիտղոսը Շահեցաւ

Թենիս. Նոսքովա Իր Առաջին Կրան Շլեմի Տիտղոսը Շահեցաւ

Լինտա Նոսքովա իր առաջին կրան շլեմի աւարտականի ելոյթին կրցաւ շահիլ Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք իր ազգակից եւ զոյգերու խմբակից Քարոլինա Մուչովան` 6-2, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով: Մրցումը, որ տեւեց մօտ երկուքուկէս ժամ, եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր, Նոսքովա առաջին սեթը 32 վայրկեաններու ընթացքին շահելէ ետք, երկրորդ սեթին ալ կը սուրար դէպի յաղթանակ եւ մեչ-փոյնթ ունէր 5-2 արդիւնքով յառաջանալէ...

2026-ի Մոնտիալ.  Ֆրանսա – Մարոք 2-0

2026-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա – Մարոք 2-0

2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին Ֆրանսա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Մարոքը: Հինգշաբթի գիշեր երկու խումբերը անգամ մը եւս մրցեցան 2026-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի առաջին մրցումին եւ արդիւնքը նոյնն էր: Այս անգամ սակայն, Մարոք գրեթէ վտանգ չսպառնաց, մինչ Քիլիան Էմպափէ առաջին կիսախաղին փենալթի մը կորսնցնելէ ետք կրցաւ իր 20-րդ Մոնտիալի մրցումին 20-րդ կոլը նշանակել` մրցանիշ հաստատելով ամէնէն երիտասարդ մարզիկը ըլլալով, որ 20...

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց Մալթայի Մէջ (0-3. Ալաշկերտ Ոսկի Կէտեր Կորսնցուց Երեւանի Մէջ

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց Մալթայի Մէջ (0-3. Ալաշկերտ Ոսկի Կէտեր Կորսնցուց Երեւանի Մէջ

Հինգշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ» զտումի առաջին հանգրուանին ելոյթ ունեցան Հայաստանը ներկայացնող Փիւնիկն ու Ալաշկերտը: Փիւնիկ կը մրցէր Մալթայի մէջ, Մարսաշլոք ակումբին դէմ: Հայկական խումբը գրեթէ ամբողջութեամբ իշխեց իր մրցակիցին վրայ եւ 11 լուրջ վտանգներ արձանագրեց մրցակիցի բերդին վրայ, բայց միայն 3 կոլ կրցաւ նշանակել: Կինէի յառաջապահ Մոմօ Եանսանէ փենալթիով նշանակեց Փիւնիկի առաջին կոլը` 41-րդ վայրկեանին:...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք.  Փոկաչար Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Տիտղոս

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փոկաչար Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Տիտղոս

2026-ի «Թուր տը Ֆրանս»-ի առաջին լեռնային հանգրուանին, Թատէյ Փոկաչար գլուխ գործոց ելոյթ մը ունեցաւ, հաւանաբար իր ամէնէն տպաւորիչը` իր երկար յաջողութիւններուն մէջ: 4 անգամ տիտղոսակիր Փոկաչար Քոլ տիւ Թուրմալէի վայրէջքներուն վրայ սուրաց` շահելով իր ասպարէզի 23-րդ հանգրուանը, որ իր 11-րդն էր Փիրենէ բլուրներուն վրայ, եւ իր 2-րդը այս տարուան: Փոկաչար շարունակեց յարձակիլ  եւ վերջին 43 քիլոմեթրը առանձին մնաց, բաւական հեռաւորութիւն...

Թենիս.  Աղջկանց Զուտ Չեխական Աւարտական

Թենիս. Աղջկանց Զուտ Չեխական Աւարտական

Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ երկու չեխ թենիսվումըններ պիտի մրցին իրենց առաջին կրան շլեմի տիտղոսին համար: Արդարեւ, թիւ 12 դասուած Լինտա Նուքովա 21 տարեկանին իր ասպարէզի ամէնէն յաջող մրցաշարքը կը բոլորէ` հասնելով առաջին կրան շլեմի աւարտականին: Նախապէս ան 2024-ին իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած էր` հասնելով Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականին: Նոսքովա իր 6 մրցումներուն միայն...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Անթունիէ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Անթունիէ

Այսօր գիշեր ժամը 21:30-ին կը շարունակուի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, ուր կը սկսին կիսաւարտականի մրցումները: Վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն, որ բնական ախոյեանութեան 4-րդ դիրքը գրաւած էր: Ռիատի բնականաբար թիւ 1 թեկնածուն է անգամ մը եւս ախոյեան դառնալու, մինչ Անթունիէ պիտի փորձէ իր լաւագոյնը ընել` առնուազն մրցում մը յաղթելով իր դաշտին վրայ: Ռիատի երկու մրցումներ կատարեց իր սերպ սենթըր...

Page 27 of 1274 1 … 26 27 28 … 1,274

Արխիւներ