Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա – Մարոք 2-0

July 11, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին Ֆրանսա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Մարոքը: Հինգշաբթի գիշեր երկու խումբերը անգամ մը եւս մրցեցան 2026-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի առաջին մրցումին եւ արդիւնքը նոյնն էր:

Այս անգամ սակայն, Մարոք գրեթէ վտանգ չսպառնաց, մինչ Քիլիան Էմպափէ առաջին կիսախաղին փենալթի մը կորսնցնելէ ետք կրցաւ իր 20-րդ Մոնտիալի մրցումին 20-րդ կոլը նշանակել` մրցանիշ հաստատելով ամէնէն երիտասարդ մարզիկը ըլլալով, որ 20 մրցումներու սահմանը կը հասնի:

Արդարեւ, Ֆրանսա կանուխէն սկսաւ առիթներ ստեղծել, եւ Տայօ Ուփամեքանօ քիչ մնաց գլխու հարուածով բանար մրցումին հաշիւը 4-րդ վայրկեանէն, բայց 35 տարեկան Եասին Պունօ վարպետօրէն զսպեց գնդակը:

25-րդ վայրկեանին Նուսէյր Մազրաուի քիչ մը կարծր ֆաուլ մը կատարեց, եւ անվիճելի էր փենալթին: Զարմանալին այն է, որ ՎԱՐ 3 վայրկեանի պէտք ունեցաւ հաստատելու կամ վաւերացնելու զայն: Քիլիան Էմպափէ բնականաբար ջիղերու վրայ մնաց եւ լաւ չկրցաւ հարուածել 3 վայրկեան ուշացումէ ետք, մինչ Պունօ զսպեց զայն: 35-րդ վայրկեանին Տեզիրէ Տուէ իր կարգին քանի մը մարզիկ խաբելէ ետք չկրցաւ պարտութեան մատնել Պունոն: Կիսախաղին քիչ մը առաջ ձախ ծայրի պաշտպան Լուքաս Տինյէ տուաւ անզսպելի հարուած մը, զոր զսպեց… Պունոյի բերդին ձողը:

Բ. կիսախաղին մրցումին վիճակը մնաց նոյնը, ուր Ֆրանսա կը յարձակէր եւ Մարոք կը պաշտպանուէր խեղճ հակայարձակումներ փորձելով:

60-րդ վայրկեանին Տեմպիլէէն փոխանցում մը ստանալէ ետք, Էմպափէ իր նախասիրած հարուածով նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը եւ Մոնտիալի իր 8-րդ կոլը: 6 վայրկեան ետք այս անգամ Էմպափէ փոխադարձեց եւ գնդակը փոխանցեց Տեմպելէի, որ նշանակեց Ֆրանսայի 2-րդ եւ Մոնտիալի իր 5-րդ կոլը:

77-րդ վայրկեանին Էմպափէ վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Մաթեթայով, որ իր կարգին առիթներ ունեցաւ: 84-րդ վայրկեանին Մարոք իր միակ վտանգը ստեղծեց, երբ Հաքիմիի օդային փոխանցումէն ետք Նիլ Էլ Այնաուի գլխու  հարուածը անցաւ Ֆրանսայի բերդին մօտէն:

Մրցումէն ետք Էմպափէ տօնեց իր խմբակիցներուն հետ` յայտնելով, որ մասնաւոր լուրջ չէ իր վէրքը` հանգստացնելով համակիրները:

Այսօր Նորվեկիա Մայեմիի «Հարտ Ռոք» դաշտին վրայ պիտի մրցի Անգլիոյ դէմ քառորդ աւարտականի ամէնէն հաւասարակշռուած ճակատումին:

Նորվեկիա պատմութիւն կերտեց այս Մոնտիալին` դուրս ձգելով Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն խումբը` Պրազիլը: Նորվեկիա շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ առաջին հանգրուանի պարտութիւնը` Ֆրանսայէն (4-1), անոր համար է, որովհետեւ պահեստի մարզիկներով դաշտ ներկայացուցած էր:

Անգլիոյ ազգային խումբը բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ իր գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի հետ` հասնելով վերջին 5 կարեւոր մրցաշարքերու քառորդ աւարտականներուն:

Նորվեկիա բնականաբար կը վստահի իր «հսկայ» յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտին (195 սմ), որ Մանչեսթըր Սիթիի հետ արդէն փայլուն անուն ձգած է վերջին 4 տարիներուն:

Անգլիա անշուշտ կը վստահի իր կոլ-սքորըր Հերի Հէյնի, բայց Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ իր կարգին պատրաստ է կոլեր նշանակելու` աւելցնելու իր 3 կոլերուն վրայ, մինչ Քէյն արդէն իսկ 6 կոլեր նշանակած է 5 մրցումներու ընթացքին:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին, որմէ 4 ժամ ետք 2022-ի ախոյեան Արժանթին պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ:

Արժանթին անշուշտ թեկնածու է հասնելու կիսաւարտական, ան պիտի մրցի խումբի մը դէմ, որ 72 տարիներ սպասելէ ետք վերջապէս հասաւ քառորդ աւարտական:

Արժանթին իր վերջին մրցումին դարձաւ առաջին ազգային խումբը, որ Մոնտիալի պատմութեան մէջ 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք յաջողեցաւ յաղթել մրցումը 78 վայրկեաններէ ետք:

Արժանթին կը փորձէ դառնալ առաջին խումբը, որ 1962-էն ետք ախոյեանութեան տիտղոսը պահէ: Պրազիլ 1958-ին եւ 1962-ին շահած էր Մոնտիալի տիտղոսը:

Մինչ աւելի առաջ 1934-ին եւ 1938-ին Իտալիա շահած էր յաջորդական 2 մոնտիալներ:

Զուիցերիա միշտ ալ ձախողած է յաղթել Արժանթինի եւ պատմական արդիւնքներով միշտ ալ դժուարութիւն ունեցած է Հարաւային Ամերիկայի խումբերու դէմ (2 հաւասարութիւն եւ 6 պարտութիւն):

Այս մրցումը, ինչպէս նշեցինք, տեղի պիտի ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը 4:00-ին, Քանսասի մէջ:

Նախորդը

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց Մալթայի Մէջ (0-3. Ալաշկերտ Ոսկի Կէտեր Կորսնցուց Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարին

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.