Ռանոս Միացաւ Թեներիֆէին
Պայերն Միւնիխի սան Հրանդ Լէոն Ռանոս միացաւ Սպանիոյ Թեներիֆէ ակումբին: Երիտասարդ տարիքին ան լքած էր Պայերն Միւնիխի պահեստի խումբը եւ միացած Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին` 3 տարի առաջ: Ան երեք տարեշրջաններուն չկրցաւ իր մակարդակը բարձրացնելով իր խաղաոճը պարտադրել: 22 մրցումներու ընթացքին ան միայն 2 կոլ նշանակեց եւ մեծ մասամբ անցեալ տարեշրջանին խաղցաւ Մէօնշընկլատպախի 23 տարեկանէն վար խումբին հետ` նշանակելով 8 կոլ եւ...




















