Մանչեսթըր Սիթիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Խոսեփ «Փեփ» Կուարտիոլա Իտալիոյ ազգային խումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուն է: Այս մասին կը յայտնէ «Կացեթա Տելլօ Սփորթ» պարբերականը:
Ըստ աղբիւրին, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարճ ցուցակին մէջ, բացի սպանացի մասնագէտէն, ընդգրկուած է նաեւ Ռոպերթօ Մանչինի եւ Անթոնիօ Քոնթէ, որ «Ացուրի»-ի հետ աշխատած է 2014-էն 2016: Սակայն ֆետերասիոնի ղեկավարութիւնը այս մասնագէտներուն նշանակման հաւանականութիւն տուած չէ, եւ գլխաւոր թիրախը կը մնայ Կուարտիոլա:
Կը սպասուի, որ որ գլխաւոր մարզիչի նշանակման վերջնական որոշումը կայանայ մինչեւ 2028-ի Եուրոյի վիճակաձգութիւնը:
Իտալիոյ ազգային խումբին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ սկսան, մանաւանդ երբ Իտալիա յաջորդական 3-րդ Մոնտիալը ըլլալով ձախողեցաւ հասնիլ աւարտական մրցաշարքին:
Ապրիլին օրուան մարզիչ` Ճենարօ Կաթուզօ հրաժարական տուաւ: Իրենց պաշտօնները լքեցին նաեւ ազգային խումբի պատուիրակութեան ղեկավար Ճիանլուիճի Պուֆոն եւ ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրավինա:
Ասոր յաջորդեց կարեւոր նշանակում մը: 11 յուլիսին ազգային խումբի նախկին աստղերէն Փաուլօ Մալտինի նշանակուեցաւ ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէնի պաշտօնին վրայ եւ արդէն իսկ սկսած է նոր խումբի կառուցման գործին:


