Մարզական

Ըմբշամարտ.  Հայաստան Վերատեսութեան Ենթարկեց  Իր Որոշումը` Պաքուի Մրցումներուն  Մասնակցելու Առումով

Ըմբշամարտ. Հայաստան Վերատեսութեան Ենթարկեց Իր Որոշումը` Պաքուի Մրցումներուն Մասնակցելու Առումով

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ ազգային հաւաքականը պիտի մասնակցի աշխարհի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ 27 յուլիսէն 2 օգոստոս: Յունահռոմէական ոճի մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը պիտի ներկայանայ ամբողջական կազմով` բոլոր 10 կշիռքներու մրցումներուն: Ստորեւ` ըմբիշներու ցանկը. 45 քկ - Վազգէն Վարդանեան 48 քկ - Արարատ Աւետիսեան 51 քկ - Գէորգ Յարութիւնեան 55 քկ -...

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Խօսի Ինթերի Հետ  Իր Ծրագիրներուն Մասին

Հենրիխ Մխիթարեան Կրնայ Շարունակել 2027-էն Ետք Ալ….

Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքի ժամանակ խօսած է նոր տարեշրջանի, ինչպէս նաեւ իր ապագային մասին: Հայ ֆութպոլիստը վստահութիւն յայտնած է, որ ակումբը կրնայ կրկնել անցեալ տարուան յաջողութիւնները: Տոնաուշինկենի մէջ ան հարցազրոյց ունեցած է լրագրողներու հետ եւ նշած, որ «Ներաձուրի»-ները կը շարունակեն մեծ նպատակներ հետապնդել: «Մեր նպատակները մեծ են: Կը ցանկանք անգամ մը եւս ախոյեան,...

Ճատրակ.  Ճիւտիթ Փոլկար Կը Մերժէ Նախագահի Պաշտօնը

Ճատրակ. Ճիւտիթ Փոլկար Կը Մերժէ Նախագահի Պաշտօնը

Ճուտիթ Փոլկար, որ ճատրակի աղջկանց պատմութեան լաւագոյնն էր, վերջերս մերժեց Հունգարիոյ նորընտիր վարչապետ Փեթեր Մաճարի առաջարկը: Եւրոպայի պահպանողականները առաջարկեցին թեկնածութիւնը Փոլկարի, որ կը նկատուի պատմական եւ լաւագոյն կին ներկայացուցիչը, որ ճատրակ խաղցած է, իբրեւ նոր դէմք մը քաղաքական աշխարհէն հեռու: «Չեմ զգար, որ այդ ուժը ունիմ պատմական պատասխանատուութիւն ստանձնելու` միացնելու բաժնուած երկիր մը, եւ ուրեմն չեմ կրնար ընդունիլ այդ առաջարկը»,...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք.  Էվենեփուլ Շահեցաւ Ժամացոյցի Դէմ Մրցումը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Էվենեփուլ Շահեցաւ Ժամացոյցի Դէմ Մրցումը

Ռեմքօ Էվենեփուլ կիրակի օր շահելէ ետք պատմական հանգրուան մը, կրցաւ 16-րդ հանգրուանն ալ շահիլ` 26,1 քմ ժամացոյցի դէմ մրցումը շահելով Ժընեւի լիճին շուրջ: Ասիկա կը նկատուի պելճիքացի մարզիկի մը 10-րդ յաղթանակը Պելճիքայի ազգային օրուան ընթացքին, բայց առաջինը 1985-էն ի վեր: Կիրակի օրուան նման, Էվենեփուլ կրցաւ պարտութեան մատնել դեղին շապիկաւոր Թատէյ Փոկաչարը` շահելով այս տարուան շրջավազքի իր 3-րդ ժամացոյցի դէմ հանգրուանը,...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ` 1-3

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ` 1-3

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղատ Աֆտալէն: Ղատ Աֆտալ այդքան ալ լաւ չէր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն, բայց վստահաբար, երբ խումբ մը 1 պահեստի մարզիկով կը խաղայ եւ բաւարար փորձեր կատարած չէ, աւելի լաւ կազմակերպուած խումբի մը դէմ, այսպէս կ՛ըլլայ արդիւնքը: Հակառակ այս բոլորին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ինք էր, որ նշանակեց...

Սպանիոյ Ազգային Խումբը  Վերադարձաւ Հայրենիք

Սպանիոյ Ազգային Խումբը Վերադարձաւ Հայրենիք

2026-ի Մոնտիալի տիտղոսը շահելէ ետք, Սպանիոյ ազգային խումբը վերադարձաւ հայրենիք, ուր Մատրիտի մէջ 2 միլիոնի մօտ համակիրներ կը սպասէին տօնելու խումբի 26 հերոսներուն հետ: «Ֆուրիա Ռոխա» («Կարմիր զայրոյթը») իր պատմութեան մէջ 2-րդ Մոնտիալի տիտղոսը շահեցաւ, եւ բաժակը բարձրացնելով օդանաւէն դուրս եկաւ խմբապետ Ռոտրին` Մատրիտի Պարախաս օդակայանը, վայրէջքէն ետք: Անոր յաջորդեցին գլխաւոր մարզիչ Լուիս տէ լա Ֆուենթէ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ...

Ըմբշամարտ.  Հայկ Խլոյեան Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Հայկ Խլոյեան նուաճեց պրոնզէ մետալ «Եու. Տապըլեու. Տապըլեու. 2026» դասաւորման շարքի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Պուտափեշտի (Հունգարիա) մէջ: Մինչեւ 97 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն, Խլոյեան յաջողութեամբ կատարեց մրցաշարքի իր առաջին գօտեմարտը: 1/8-րդ աւարտականին հայ ըմբիշը 7-1 արդիւնքով յաղթեց Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Ուզուր Ջուզուպբեկովին: Քառորդ աւարտականին Խլոյեան ճակատեցաւ հունգարացի Ալեքս Սժոկէին դէմ: Մենամարտը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն լրացուցիչ...

«Եու. Էն. Էֆ. 34».  Ժորա Սահակեան` Ախոյեան

«Եու. Էն. Էֆ. 34». Ժորա Սահակեան` Ախոյեան

Անցեալ շաբաթավերջին Քալիֆորնիոյ Քոմերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») «Եու. Էն. Էֆ. 34» մրցաշարքը, որուն ընթացքին յաջող ելոյթներ ունեցան հայ մարտիկները: Երեկոյի գլխաւոր մենամարտին, անյաղթ Ժորա Սահակեան արհեստավարժ ասպարէզի իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Սահակեան իրաւարարներու ոչ միաձայն որոշումով յաղթեց Հոլթ Ֆելքինսին եւ նուաճեց «Եու. Էն. Էֆ.»-ի թեթեւ կշիռի ժամանակաւոր ախոյեանի տիտղոսը: Արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի...

2026-ի Մոնտիալի Դէմքերէն.  Վոզինիա` Քափէ Վերտէի Բերդապահը

2026-ի Մոնտիալի Դէմքերէն. Վոզինիա` Քափէ Վերտէի Բերդապահը

Երբ 2026-ի Մոնտիալը սկսաւ, շատեր կը հարցնէին Քափէ Վերտէի մասին: Արդեօք ո՞ւր է, ինչպէ՞ս հասաւ Մոնտիալ: Քափէ Վերտէ Ափրիկէի արեւմուտքը գտնուող 16 կղզիներէ կը բաղկանայ, 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ: Քափէ Վերտէ մոնտիալ  հասաւ, որովհետեւ դուրս ձգեց Քամերունի եւ Լիպիոյ նման ազգային խումբեր: Շատ յատուկ էր անոնց առաջին մասնակցութիւնը` մրցելով Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ դէմ, ուր 40 տարեկան բերդապահ Վոզինիա փայլուն...

Փելէի 1958-ի Շապիկը Ծախուեցաւ 4,9 Միլիոն Ամ. Տոլարի

Փելէի 1958-ի Շապիկը Ծախուեցաւ 4,9 Միլիոն Ամ. Տոլարի

Վերջերս Պրազիլի թիւ 10 շապիկը, զոր 1958-ի աւարտական մրցումին փելէն հագած էր, ծախուեցաւ 4,9 միլիոն ամ. տոլարի: Փելէ, որ 2022-ին մահացաւ, 17 տարեկան էր, երբ Պրազիլի շապիկով 2 կոլ նշանակեց հիւրընկալ Շուէտի բերդին մէջ, ուր Պրազիլ յաղթած էր 5-2 արդիւնքով` շահելով իր առաջին Մոնտիալը: Փելէ կը մնայ կրտսերագոյն մարզիկը, որ աւարտական մրցումին կոլ նշանակած է Մոնտիալի պատմութիւն կերտելով: Պրազիլցի աստղին...

Քեւըն Քիկըն Ոչ Եւս Է

Քեւըն Քիկըն Ոչ Եւս Է

Անգլիոյ նախկին ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Քեւըն Քիկըն 75 տարեկանին մահացաւ քաղցկեղի պատճառով: Լիվըրփուլի պատմական մարզիկը, որ երկու անգամ շահած է Պալոն տ՛օրը (1978-ին եւ 1979-ին), անցեալ յունուարին ստացած էր քաղցկեղ ունենալու լուրը եւ ամիսներէ ի վեր կը պայքարէր մահացու հիւանդութեան դէմ: Քիկըն իր սերունդի լաւագոյն մարզիկներէն մէկն էր, անկրկնելի մարզիկի օրեր անցուցած էր 750-ի մօտ ելոյթներ ունենալով Լիվըրփուլի, Գերմանիոյ, Համպուրկի,...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց Երիտասարդները`  Ասիոյ Բ. Կարգի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց Երիտասարդները` Ասիոյ Բ. Կարգի Ախոյեան

Երէկ Պանքոքի մէջ վերջ գտաւ Ասիոյ աղջկանց Բ. կարգի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, ուր Լիբանանի ազգային խումբը 58-39 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղազախստանին դարձաւ ախոյեան եւ բարձրացաւ առաջին կարգ: Առաջին մասին (16-16) հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Լիբանան կրցաւ շատ աւելի լաւ պաշտպանել եւ 23 կէտ ստացաւ մնացեալ երեք մասերուն: Ռիատիի մարզիկ Լարա Նաքիպ 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ...

2026-Ի Մոնտիալ.  Սպանիա Արժանի Յաղթանակ Տօնեց Արժանթինի Դէմ (1-0)

2026-Ի Մոնտիալ. Սպանիա Արժանի Յաղթանակ Տօնեց Արժանթինի Դէմ (1-0)

Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ 2026-ի Մոնտիալը, ուր Սպանիա կրցաւ իր պատմութեան 2-րդ տիտղոսը շահիլ 2010-ի յաջողութենէն ետք` պարտութեան մատնելէ ետք Արժանթինը 1-0 արդիւնքով յետ երկարաձգման: Ճիշդ է, որ 1 կոլ նշանակուեցաւ միայն, բայց Սպանիա գերազանցեց Արժանթինը, որ դաշտ ներկայացած էր միայն պաշտպանելու: Յաճախ առանց գնդակի կամ կարծր միջամտութիւններու արժանթինցիները ամէն ձեւի դիմեցին դանդաղցնելու Սպանիոյ յառաջխաղացքը: Սպանիոյ ֆութպոլի խումբը 20 անգամ...

Եուրկեն Քլոփ Պիտի Մարզէ  Գերմանիոյ Ազգային Խումբը

Եուրկեն Քլոփ Պիտի Մարզէ Գերմանիոյ Ազգային Խումբը

Եուրկեն Քլոփ պիտի ըլլայ Գերմանիոյ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչը` «Տէ. Էֆ. Պէ.»-ի (Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոն) եւ «Ռետ Պուլ»-ի հետ համաձայնութենէ մը ետք, 59 տարեկան Քլոփ, որ իր սերունդի լաւագոյն մարզիչներէն մէկն է, 2023-2024 տարեշրջանի աւարտէն ետք լքած էր Լիվըրփուլի իր մարզիչի պաշտօնը 9 տարիներէ ետք եւ 2025-ի յունուարէն ի վեր նշանակուած էր «Ռետ Պուլ» ընկերութեան ֆութպոլի խումբերու ընդհանուր պատասխանատուն: Երկու...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Էվենեփուլ Յաղթեց 15-րդ Հանգրուանը. Վինկըկոր Քաշուեցաւ, Փոկաչար Աւելի Եւս Հեռացաւ

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Էվենեփուլ Յաղթեց 15-րդ Հանգրուանը. Վինկըկոր Քաշուեցաւ, Փոկաչար Աւելի Եւս Հեռացաւ

«Թուր տը Ֆրանս»-ի 15-րդ հանգրուանը եղաւ ճակատագրական, ուր առաջին դիրքի պայքարը գրեթէ վճռուեցաւ, մանաւանդ երբ Բ. դիրքը գրաւող Եոնաս Վինկըկոր արկած ունենալով քաշուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով իր 6 մասնակցութիւններուն: Արդարեւ, ան 2022-ին եւ 2023-ին շահելէ ետք կրցած էր 2-րդ դիրքը գրաւել 2024ին եւ 2025-ին նախապէս 2021-ին ալ գրաւած է 2-րդ դիրքը իր առաջին մասնակցութեան: 4 անգամ ախոյեան Թատէյ Փոկաչար այս...

«Ֆորմիւլա 1».  Անթոնելլի Շահեցաւ Պելճիքայի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Անթոնելլի Շահեցաւ Պելճիքայի Կրան Փրին

Քիմի Անթոնելլի շահեցաւ Պելճիքայի կրան փրին, ուր «Մերսետես»-ի իր խմբակիցը` Ճորճ Ռասըլ մրցումի սկիզբէն դուրս մնաց` Լուիս Համիլթընի «Ֆեռարի»-ին զարնուելէ ետք: Ուրեմն Անթոնելլի վերադարձաւ յաղթանակներու ճամբան` չնչին առաւելութիւն մը ունենալով Շարլ Լըքլերի վրայ («Ֆեռարի»), մինչ նետերլանտցի Մաքս Վերշթափեն «Ռետ Պուլ»-ի հետ գրաւեց 3-րդ դիրքը` յաջորդաբար 3-րդ կրան փրին ըլլալով պատուոյ հարթակ բարձրանալով: Համիլթըն, որ Ճորճ Ռասըլի արկածին պատճառ դարձած էր,...

2026-ի Մոնտիալ.  Անգլիա – Ֆրանսա` 6-4

2026-ի Մոնտիալ. Անգլիա – Ֆրանսա` 6-4

1966-ի Մոնտիալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը գրաւեց Մոնտիալի մետալներու դիրք մը` պարտութեան մատնելէ ետք Ֆրանսան 6-4 արդիւնքով 3-րդ դիրքի մրցումին: Մրցումը շատ հարուստ էր կոլերով, երկու խումբերու համակիրներն ալ ուրախ վերադարձան դաշտէն` կոլերու փառատօն մը դիտելով: Երկու խումբերէն ալ մեծ թիւով պահեստի մարզիկներ սկսան մրցումը, որ եղաւ առանց ճնշումի եւ բաց: Մայեմիի մէջ տեղի ունեցած այս...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Հասան Աւարտական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Եւ Սաժես Հասան Աւարտական

Յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին Ռիատի պիտի մրցի Սաժեսի դէմ: Երբ 1993-էն ետք պասքեթպոլի ձեւը փոխուեցաւ, Սաժես որոշ ժամանակ փայլեցաւ Անթուան Շուէյրիի օրերուն, բայց Ռիատի աւելի ամուր հիմերու վրայ ըլլալով կրցաւ տիրապետել 2005-էն սկսեալ` շահելով 16 տիտղոսներ եւ գերազանցելով Սաժեսի 8 տիտղոսները, որոնց վերջինը 2003-2004 տարեշրջանին էր: Այս տարեշրջանին Սաժես բաւական լաւորակ մարզիկներ ձեռք ձգեց, բայց...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Արագ Ճատրակի 4-րդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Արագ Ճատրակի 4-րդ Դիրքին Վրայ

Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Պիել միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի նախկին թիւ 1 դասուած Լեւոն Արոնեան, որ 2021-էն ի վեր կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, արագ ճատրակի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւելէ ետք կրցաւ արագ ճատրակի ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւել` գերազանցելով ամերիկացի Հիքարոս Նաքամուրան, որ նահանջեց 5-րդ դիրք: Պիել միջազգային մրցաշարքը երեք ճակատներու վրայ տեղի կ՛ունենայ` Քլասիք, արագ եւ կայծակնային: Արոնեան Թրիաթլոնի...

«Էմ. Էմ. Էյ.». Ծառուկեան Չկրցաւ Յաղթել Քովինկթընին. Յարութիւնեան Եւ Պոսնոյեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.». Ծառուկեան Չկրցաւ Յաղթել Քովինկթընին. Յարութիւնեան Եւ Պոսնոյեան` Յաղթական

«ՌԱՖ (Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ) 11» մրցաշարքին, խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») մրցաշարքի ծիրին մէջ, նոր ստեղծուած քրոս-օվըր ախոյեանութեան գօտիին համար մենամարտ մը տեղի ունեցաւ Արման Ծառուկեանի եւ Քոլպի Քովինկթընի միջեւ: Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, բայց ամերիկացի խառն մենամարտերու մարտիկ Քովինկթըն կրցաւ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնել Արման Ծառուկեանը, որ 7 յաղթանակներէ ետք կրեց իր առաջին պարտութիւնը «ՌԱՖ»-ի մրցաշարքին: Ասիկա Արման Ծառուկեանի...

Page 25 of 1274 1 … 24 25 26 … 1,274

Արխիւներ