«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնքաքաֆ»-ի (Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոն) պոյքոթի զգուշացումներէն ետք, «Էյ. Էֆ. Սի.»-ն (Ասիոյ ֆետերասիոն) իր կարգին միացաւ եւ դէմ քուէարկեց ՖԻՖԱ-ի ծրագիրին, որ Մոնտիալը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը պիտի յանձնէր խմբակի մը` պարզապէս աւելի նիւթական եկամուտներ հայթայթելու համար խումբերուն, առանց հաշուի առնելու մրցումներու դադարներու ժամանակն ու ծանուցումներու թիւը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 55 անդամները, «Քոնքաքաֆ»-ի 41 անդամները, ինչպէս նաեւ «Էյ. Էֆ. Սի.»-ի 47 անդամները միասնաբար արդէն իսկ եղան 143 ազգային ֆետերասիոններ, որոնք ՖԻՖԱ-ի 211 անդամներուն մէջ մեծամասնութիւն եղան, եւ այսպիսով չեղեալ նկատուեցաւ Ինֆանթինոյի ծրագիրը: Վերջինս անմիջապէս ջնջեց զայն:
Ինֆանթինօ վստահաբար ազդուած էր «ֆութպոլի թագաւոր» տիտղոսով, որ իրեն շնորհած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ զայն մղած, որ այսպիսի վաճառականական որոշում տայ:
Շաբաթ օր առաջ Ինֆանթինօ մեծ յոյսեր ունէր անգամ մը եւս ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուելու, բայց անցեալ շաբթուան այս որոշումը կամ ծրագիրը վստահաբար նուազեցուց իր յոյսերը, երբ 3 մեծ ցամաքամասերու ֆետերասիոններ իր դէմ քուէարկեցին: ՖԻՖԱ-ն, որ Զուիցերիոյ օրէնքներուն համեմատ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, պիտի դառնար շահութաբեր կազմակերպութիւն, գործիք` վաճառականներու ձեռքերուն մէջ:


