Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ռիատիէն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` 73-66 Արդիւնքով

January 9, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն PROFOTO
Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ ախոյեան Ռիատի Պէյրութի, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` յաջորդական եօթը յաղթանակներէ ետք:

Ռիատի Պէյրութ, որ 7-րդ հանգրուանին (ուրբաթ, 6 յունուար) կրեց պարտութիւն մը` Մութթահետի դաշտին վրայ (86-84), երէկ արձանագրեց 73-66 արդիւնքով յաղթանակ մը (23-14, 38-33, 56-50 եւ 73-66):

Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ ընդհանրապէս քիչ մը շատ եղող կէտերու տարբերութիւնը բաւական նուազեցնել եւ իջեցնել նոյնիսկ կէտի մը (45-44), սակայն Ռիատի դարձեալ մրցումին ղեկը ձեռք առնելով առիթ չտուաւ, որ ՀՄԸՄ կարենայ գերազանցել զինք:

Կարելի է ըսել նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Տուայն Ճեքսըն քիչ մը անբախտ եղաւ: Ան թէեւ նշանակեց 13 կէտ, բայց 18 թրի փոյնթերէն միայն 3-ը հասցուց իր նպատակին, այլապէս մրցումին արդիւնքը կրնար տարբեր ըլլալ:

Անոր խմբակից Աթեր Մաճոք նշանակեց 16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, մինչ Քեւին Կալոուէյ` 6 կէտ, 7 ռիպաունտ, 6 էսիսթ: Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 17 կէտ, Նետիմ Սուէյտ` 5, իսկ Էլիա Շամուն` 6:

Ռիատիէն Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 17 կէտ, մինչ 13-ական կէտ նշանակեցին Ամիր Սէուտ եւ Պրանքօ Սվեթքովիչ:

ՀՄԸՄ չկրցաւ լաւապէս օգտուիլ Ռիատիի թըրն-օվըրներէն (19) (ՀՄԸՄ` 10): Էսիսթներու մէջ Ռիատի եղաւ աւելի արդիւնաւէտ. 19` փոխան 10-ի:

Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Հուփսը:

 

Նախորդը

Արթուր Ալեքսանեան` Առաջին, Միհրան Յարութիւնեան` Երկրորդ Դիրքի Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան

October 23, 2026
Բռնցքամարտ.  Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը  Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի
Մարզական

Բռնցքամարտ. Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի

October 23, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.