Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Լուսանկարչական Հաւաքածոյի Մը Յայտնաբերում Սելիմ Թապրիզի Եւ Սուրիոյ Հայ Լուսանկարչական Ժառանգութիւն

September 1, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Գ. Ղ.

Սելիմ Թապրիզի

Այնճարի մէջ այս ամրան Մեծարենցեան մշակութային երեկոներու երրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2026-ին, Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի  բակին մէջ:

Ձեռնարկը նուիրուած էր հայ լուսանկարչութեան ստեղծագործութեան պատմութեան:

Օրուան դասախօսն էր Հրաչ Թոքաթլեան, որ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն (USJ) շարժապատկերի ուսումնասիրութեան դոկտորայի աստիճան ստացած, իսկ այժմ նոյն համալսարանի մէջ լուսանկարչութեան եւ ժապաւէններու պատրաստութեան դասախօս փրոֆեսէօր է:

Հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զայն իր խօսքը արտասանելու:

Հրաչ Թոքաթլեան իր դասախօսութիւնը սկսաւ հայ լուսանկարիչ Սելիմ Սայաք Թապրիզիի ծագման ու կենսագրութեան պատմութիւնը ներկայացնելով: Ան ըսաւ, որ Սելիմ Սայաք Թապրիզի` հայկական անունով` Յարութիւն Շենլուքեան, ծնած է 1890-ին, Տիգրանակերտ: Ան տեղեկացուց, որ Սելիմ Սայաք Թապրիզիին վերագրուող  լուսանկարչութեան բացառիկ հաւաքածոյ մը յայտնաբերուած է:

Դասախօսը հաւաքածոն ներկայացուց ոչ միայն իբրեւ լուսանկարներու ամբողջութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ կարեւոր պատմական եւ մշակութային վկայութիւն մը, որ նոր հեռանկարներ կը բանար Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ մասնաւորաբար քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն, Ճապալ Տրուզի շրջանի հայ համայքին պատմութեան գծով:

Յարութիւն Շենլուքեան Սելիմ Թապրիզիի պարսկական անունը որդեգրած է օսմանեան բանակի մէջ զինուորական ծառայութենէ  խուսափելու նպատակով: Իր կեանքը խորապէս դրոշմուած էր այդ ժամանակաշրջանի պատմական իրագործութիւններով: Ան ականատես եղած է Լիբանանի Մեծ սովին եւ իր զաւակներուն պատմած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք ժանտարմաներ սայլերով կը տեղափոխէին դիակներ:

Դասախօսը դիտել տուաւ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղի ունեցած աւերումներէն եւ տեղահանութիւններէն ետք, Թապրիզի ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար զանազան աշխատանքներ կատարած է: Իր մասնագիտական ուղին ի վերջոյ զինք առաջնորդած էր դէպի լուսանկարչութիւն: Ան այս արհեստը սորված է Յարութիւն Տէր Յակոբեանէն` Ատանայէն հայ մը, որ Ռայաքի Պեքայի հովիտին մէջ հիմնած էր «Ֆոթօ Լումիէր» լուսանկարչատունը:

Այնուհետեւ Թապրիզի տեղափոխուած է Դամասկոս, ուր նախ աշխատած էր իբրեւ «Ա լա մինիւթ» լուսանկարիչ` յաճախորդներուն համար արագօրէն լուսանկարներ պատրաստելով: 1927-ին ան հիմնած էր իր սեփական լուսանկարչատունը եւ սկսած է աշխատիլ չոր ապակիներու (dry plate) գործածութեամբ, մասնագիտական լուսանկարչական գործընթաց մը, որ աւելի մեծ ճկունութիւն եւ շարժունակութիւն կ՛ընձեռէր նախորդ թաց ապակիի մեթոտներուն համեմատութեամբ:

Թոքաթլեան դասախօսութեան ընթացքին Թապրիզիի աշխատանքը զետեղեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ լուսանկարչութեան աւելի լայն պատմութեան շրջանակին մէջ: Ան շեշտեց հայ լուսանկարիչներուն կարեւոր դերը շրջանին մէջ լուսանկարչութեան զարգացման մէջ եւ անդրադարձաւ լուսանկարչական գիտելիքներու ու մասնագիտական գործելակերպերու փոխանցման` Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդէն դէպի այն վերապրողները, որոնք իրենց կեանքը վերակառուցեցին Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ:

Այս իմաստով լուսանկարչութիւնը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ մասնագիտական գործունէութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ մշակութային շարունակականութեան ձեւ մը: Ցեղասպանութենէն վերապրած լուսանկարիչները իրենց հետ տարած էին` մասնագիտական գիտելիքներ, արհեստագիտական հմտութիւններ, տեսողական աւանդութիւններ եւ մասնագիտական կապեր, որոնք հետագային նպաստեցին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ լուսանկարչատուներու զարգացման:

Այս համածիրին մէջ Թապրիզիի հաւաքածոն կարեւոր օրինակ մը կը ներկայացնէ օսմանեան շրջանի հայ լուսանկարչական մշակոյթի եւ յետօսմանեան Սուրիոյ մէջ հայ վերապրողներու կողմէ զարգացած լուսանկարչական գործելակերպերու շարունակականութեան:

Թոքաթլեան այս պատմութեան մէջ նաեւ անձնական երանգ մը մտցուց` ներկայացնելով իր մեծ հօր` Հայկազուն Թոքաթլեանի լուսանկարը: Վերջինս Կապադովկիոյ Նիկտէ քաղաքէն գաղթական մը եղած էր եւ պատերազմի աւարտին մօտ փորձած էր վերադառնալ իր հայրենի քաղաքը, ապա վերջնականապէս հաստատուած էր Դամասկոս: Անոր ցոյց տուած լուսանկարը ուղղակի կապ մը կը հաստատէր Թոքաթլեանի ընտանիքի պատմութեան եւ Սելիմ Թապրիզիի լուսանկարչական գործունէութեան միջեւ:

Դասախօսութեան ուրիշ կարեւոր բաժին մը կը վերաբերէր այն հանգամանքներուն, որոնց շնորհիւ Թոքաթլեան հասանելիութիւն ստացած էր լուսանկարչական նիւթերուն: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ինչպէ՛ս կարելի եղած էր հաւաքածոն վերագտնել եւ սկսած էր ուսումնասիրել երկար ժամանակ, գրեթէ անծանօթ եւ անբաւարար կերպով փաստագրուած մնացած նիւթերը:

Թոքաթլեան այս փորձառութիւնը օգտագործեց աւելի ընդարձակ հարց մը բարձրացնելու համար` թաքնուած, ցրուած եւ կորսուած արխիւներու: Պատմական լուսանկարչական բազմաթիւ հաւաքածոներ տակաւին կը գտնուին տուներու, ընտանեկան արխիւներու, լուսանկարչատուներու, պահեստներու կամ հաստատութիւններու մէջ` առանց համապատասխան դասակարգման կամ պահպանման: Անոնց պատմական եւ գեղարուեստական նշանակութիւնը յաճախ կը թերագնահատուի մինչեւ անոնց վերայայտնաբերումը:

Այս իմաստով Թապրիզիի հաւաքածոն կը դառնայ լուսանկարչական ժառանգութեան խոցելիութեան օրինակ մը: Անոր պահպանուած ըլլալը հետազօտողներուն հնարաւորութիւն կու տայ վերականգնելու ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութեան այն բեկորները, որոնք այլապէս կրնային անհետանալ:

Թոքաթլեան վերականգնեց Թապրիզիի մասնագիտական եւ աշխարհագրական ուղեւորութեան մէկ մասը, մասնաւորաբար անոր շարժումը` դէպի Ճապալ Տրուզ, ուր ան հետեւած էր ֆրանսական զինուորական ներկայութեան եւ լուսանկարած էր շրջանի կեանքի տարբեր երեսները:

Հաւաքածոն կը պարունակէ պատկերներու քանի մը տարբեր խումբեր: Թոքաթլեան առանձնացուց լուսանկարներու հինգ հիմնական տեսակներ, որոնք միասին լուսարձակի տակ կը բերեն Թապրիզիի լուսանկարչական գործունէութեան բազմազանութիւնը:

1.- Հայ համայնքի լուսանկարներ` անհատներու, ընտանիքներու, հաստատութիւններու եւ ընկերային կեանքի փաստագրումով:

2.- Մահացածներու լուսանկարներ, մասնաւորապէս` հազուագիւտ եւ նշանակալից տեսակ մը, որ կը վկայէ ժամանակաշրջանի թաղմանական եւ յիշատակման սովորութիւններուն մասին:

3.- Ֆրանսական բանակի եւ լեգէոնականներու լուսանկարներ` Սուրիոյ մէջ ֆրանսական ուժերու ներկայութեան եւ գործունէութեան փաստագրումով:

4.- Լուսանկարչատան դիմանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Թապրիզիի մասնագիտական գործունէութիւնը եւ անոր յաճախորդները:

5.- Հնագիտական եւ բնանկարային լուսանկարներ` շրջանի վայրերու եւ տեսարժան տեղերու արձանագրութեամբ:

Լուսանկարներու այլ խումբեր կը ներառեն Տարաայի երկաթուղային կայարանին պատկերները եւ կայարանին շուրջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութիւններն ու հաւաքները:

Հաւաքածոյին ամէնէն կարեւոր երեսներէն մէկը Ճապալ Տրուզի հայ համայնքը ներկայացնող լուսանկարներն են: Թոքաթլեան շեշտեց, որ այս լուսանկարները պէտք է ուսումնասիրել ոչ միայն իբրեւ դիմանկարներ, այլ նաեւ` իբրեւ շրջանին մէջ հայերու ներկայութեան եւ ընկերային կազմակերպուածութեան վկայութիւններ:

Լուսանկարները տեսողական վկայութիւն կը ներկայացնեն Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած եւ Սուրիոյ մէջ ընկերային ու մշակութային կեանքի նոր ձեւեր զարգացուցած համայնքի մը մասին: Հաւաքածոյին մէջ տեսանելի կը դառնան` դպրոցներ, ընտանիքներ, համայնքային հաւաքներ եւ այլ հաստատութիւններ:

Թոքաթլեան ընդգծեց, որ այս պատկերները կը հրաւիրեն վերանայելու Ճապալ Տրուզի հայերու պատմութիւնը, նիւթ մը, որ համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած կը մնայ: Այսպիսով, լուսանկարները կրնան նպաստել վերականգնման համայնքային կեանքի այն երեսներուն, զորս դժուար է վերականգնել միայն գրաւոր պատմական աղբիւրներու միջոցով:

Ներկայացման ամէնէն ուշագրաւ բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր լուսանկարի մը, զոր Թոքաթլեան բնորոշեց իբրեւ պատմական- քաղաքական լուսանկարներու բացառիկ շարք:

Պատկերը կարծես կը համախմբէ Սուրիոյ կարեւոր քաղաքական դէմքեր.

– Ժամիլ Մարտամ պէյ, որ Սուրիոյ վարչապետը եղած է 1936-1939 թուականներուն:

– Ապտել Ռահման Շահպանտար, արաբ ազգայնականութեան կարեւոր դէմք մը:

– Սուլթան Պաշա Աթրաշ, տիւրզիական յեղափոխական նշանաւոր առաջնորդը:

Թոքաթլեանի կարծիքով, լուսանկարը կը պատկանի մօտաւորապէս 1937 թուականին, Շահպանտարի եւ  Աթրաշի ազատ արձակումէն ետք: Լուսանկարը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ կը փաստագրէ հանդիպում մը այնպիսի դէմքերու, որոնք ժամանակաշրջանի սուրիական քաղաքական դաշտին մէջ կը ներկայացնէին տարբեր քաղաքական, ազգային եւ համայնքային հոսանքներ:

Իր վաւերագրական արժէքէն անդին` լուսանկարը հարցեր կը բարձրացնէ ֆրանսական մանտաթի շրջանին Սուրիոյ քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ դաշինքներուն շուրջ: Ան միաժամանակ կը ցուցադրէ լուսանկարչական արխիւներու ներուժը` բացայայտելու պատմական հանդիպումներ, որոնք կրնան անբաւարար կերպով փաստագրուած ըլլալ աւանդական գրաւոր աղբիւրներու մէջ:

Դասախօսը առ այդ դիտել տուաւ, որ այսպիսով, Թապրիզիի հաւաքածոն աւելին է, քան` լուսանկարներու ժողովածու մը: Ան տեսողական մուտք մը կը տրամադրէ Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մէջ հայերու տեղահանութեան, վերապրումի, համայնքային կազմակերպման եւ մշակութային վերակառուցման պատմութեան:

Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում մասնակիցներուն հետ: Ներկաները քանի մը հարցումներ ուղղեցին ներկայացուած լուսանկարներուն վերաբերեալ: Յատկապէս ուշադրութիւն դարձուեցաւ հայկական դպրոցներու պատկերներուն, ներառեալ` Ռաս  Ուլ Այնի եւ Մեզզէի հետ կապուած լուսանկարներուն:

Հարցումներուն ընդմէջէն արտացոլաց մասնակիցներուն հետաքրքրութիւնը` լուսանկարչական վկայութիւնները օգտագործելու հայկական կրթական հաստատութիւններու, համայնքային կեանքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղահանութեան ու բնակութեան աշխարհագրութիւնը ուսումնասիրելու համար:

Հրաչ Թոքաթլեան Սելիմ Թապրիզիի լուսանկարչական հաւաքածոյի յայտնաբերումը ներկայացուց իբրեւ կարեւոր առիթ մը` վերանայելու հայ լուսանկարչութեան պատմութիւնը եւ Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայերու ներկայութիւնը:

Թապրիզիի կենսագրութիւնը, ընտանեկան վկայութիւնը եւ լուսանկարչական գործունէութիւնը իրարու կապելով` Թոքաթլեան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս սեփական արխիւ մը կրնայ վերածուիլ նշանակալից պատմական աղբիւրի: Լուսանկարները կը փաստագրեն ոչ միայն անհատական կեանքեր, այլ նաեւ` համայնքներ, մասնագիտական գործելակերպեր, զինուորական գործունէութիւն, բնանկարներ, քաղաքական հանդիպումներ եւ մշակութային հաստատութիւններ:

Դասախօսը ի վերջոյ շեշտեց թաքնուած լուսանկարչական արխիւները յայտնաբերելու, պահպանելու, փաստագրելու եւ ուսումնասիրելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Այսպիսի հաւաքածոները մշակութային ժառանգութեան խոցելի մէկ մասը կը կազմեն, մանաւանդ երբ անոնք կը մնան հաստատութենական արխիւներու սահմաններէն դուրս եւ կախեալ են ընտանիքներու ու անհատներու պահպանման հնարաւորութիւններէն:

Թապրիզիի հաւաքածոն մասնաւորապէս արժէքաւոր է, որովհետեւ ան կը միացնէ պատմութեան քանի մը շերտեր` Օսմանեան կայսրութեան հայ լուսանկարչական աւանդութիւնը, Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան փորձառութիւնը, Սուրիոյ մէջ հայ կեանքի վերակառուցումը, ֆրանսական մանտաթի շրջանի քաղաքական պատմութիւնը եւ լուսանկարչութեան զարգացումը` իբրեւ մասնագիտական ու ընկերային գործելակերպ:

Այսպիսով, Թոքաթլեանի ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն կը բանայ Միջին Արեւելքի հայ լուսանկարչական ժառանգութեան աւելի լայն վերագնահատման մը համար, մասնաւորաբար` Ճապալ Տրուզի նման շրջաններու հայ համայնքներու պատմութեան վերաքննութեան: Դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս լուսանկարչութիւնը կրնայ միաժամանակ ծառայել` իբրեւ պատմական վկայութիւն, ընտանեկան յիշողութիւն, արուեստի առարկայ եւ թաքնուած կամ անբաւարար ուսումնասիրուած պատմութիւններու վերականգնման միջոց:

 

Սելիմ Թապրիզիի պատմական եւ պատմութեան համար կարեւոր լուսանկարներ

Հայ ազգային Սիսուան վարժարան 1984
Ռաս Ալ Այնի Հայ ազգային վարժարան, հիմնադրուած 1927-ին

 

 

Նախորդը

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ 100-Ամեակ

Յաջորդը

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Իր Առաջին Մրցումին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.